Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

Օգոստոս 6, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, մեկնելով ՀՅԴ Լիբանանի 76-րդ Շրջանային ժողովի քննարկումներէն եւ ընդունած բանաձեւերէն, 5 օգոստոս 2025-ին գումարած իր նիստին քննարկեց հայրենիքի մէջ արձանագրուող խորապէս մտահոգիչ զարգացումները, եւ վերջին շաբաթներու պատահարներուն առիթով կը հաստատէ.

Ա.-Հայաստանի Հանրապետութեան կը սպառնայ գոյութենական վտանգ։ Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը բուռն կերպով կ’աշխատի իր տիրոյթին վերածելու համար մեր երկիրը։

Բ.-Վտանգուած է Սիւնիքի ճակատագիրը։ Սիւնիքը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական ուժերու բախման կէտին վրայ, ուր տարբեր շահեր կը բախին՝ խնդրոյ առարկայ դարձնելով Հայաստանի գերիշխանութիւնը այդ տարածքին վրայ։

Գ.-Ազրպէյճանը անվերջ կը նորոգէ իր նախապայմանները եւ խաղաղութիւնը կը պայմանաւորէ այդ նախապայմաններուն դիմաց Հայաստանէն ակնկալուած նոր յանձնուողականութիւններով։

Դ.-Պաշտօնական Երեւանը կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, առանց արծարծելու Հայաստանի ներխուժուած տարածքներու, Պաքուի մէջ պահուող ռազմագերիներու եւ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը։

Ե.-Անտեսելով օրհասական այս բոլոր հանգամանքները՝ Հայաստանի իշխանութիւնները անհաշտ պայքար կը մղեն եկեղեցւոյ դէմ, բռնութիւններու կը դիմեն չէզոքացնելու համար ընդդիմադիր ուժերը եւ հալածանքի կ՛ենթարկեն ազգային արժեհամակարգի պաշտպան Դաշնակցութիւնը։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն բուռն կերպով կը դատապարտէ իշխանութիւններուն ձեռնարկած եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը, կը մերժէ եւ անընդունելի կը նկատէ ազգային արժէքներուն դէմ սանձազերծուած արշաւը եւ կը պահանջէ անմիջապէս ազատ արձակել քաղաքական բոլոր բանտարկեալները։

2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, իմանալով իրենց ունեցած վարկանիշի կտրուկ անկումի ենթարկուած ըլլալը, ինքնավերարտադրումը ապահովելու համար, գործող իշխանութիւնները կը շարունակեն ջլատել ազգային ուժերն ու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, որ կը շարունակէ պահպանել բարձրագոյն վարկ ու հեղինակութիւն հասարակութեան մօտ։

ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան առաջին գիծերուն վրայ կանգնած հայ եկեղեցիին, հայրենիքի մէջ գործող բոլոր ազգային ուժերուն եւ ողջ ներուժով սատար կը կանգնի ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին՝ ապազգային ուժերը իշխանութենէն հեռացնելու առաջադրանքով իր մղած պայքարին յաջողութեան համար։

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

5 օգոստոս 2025

Նախորդը

Սալամ. «Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Զէնքի Մենաշնորհումի Քննարկումը Շարունակել Հինգշաբթի Օր»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?