Տըպպայէ-Զուք Խրապ-Աուքար-Հարեթ Պըլլանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Շինիչ գործակցութեան եւ հաղորդակցութեան կապերը ամրապնդելու ծիրին մէջ, Տըպպայէ-Զուք Խրապ-Աուքար-Հարեթ Պըլլանի քաղաքապետութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` մասնակցութեամբ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն եւ շարք մը քաղաքական ու քաղաքապետական դէմքերու: Հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան շարք մը կարեւոր հարցեր, որոնց շարքին`...




















