Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Ներկայացուցիչները Յոյս Կը Յայտնեն, Որ Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերու Հարցը Պիտի Լուծուի

Օգոստոս 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի հինգ աւագ երեսփոխաններ հրապարակած են յայտարարութիւն` Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ ազրպէյճանական զօրքերը կարելի եղածին չափ արագ դուրս բերուին Հայաստանի տարածքէն, եւ լուծուի Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու հարցը:

«Մենք ջերմօրէն կ՛ողջունենք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքները եւ, մասնաւորաբար, այս տարուան մարտին կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի բնագիրի նախաստորագրումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու միացեալ հռչակագիրը, որուն մէջ շարադրուած են կայուն խաղաղութեան ճամբու հետագայ քայլերը:

«Մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն վճռականութիւնը` վերջ դնելու անոնց բազմամեայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նշանակալի ներդրումը այդ դրական արդիւնքին հասնելու գործին մէջ, որ հիմնուած է նախորդ տարիներու բանակցութիւններուն վրայ:

«Կարեւոր է, որ հոլովոյթը կարելի եղածին չափ շուտ շարունակուի նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեամբ: Երկու երկիրներու միջեւ ներքին, երկկողմանի եւ միջազգային փոխադրումներու համար հաղորդակցութիւններու բացման քաղաքական համաձայնութիւնը` պետութիւններու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւասութեան յարգանքի հիման վրայ, ինչպէս յայտարարուած է ղեկավարներու համատեղ հռչակագիրին մէջ, մեծ յառաջընթաց է:

«Մենք կը նշենք Հայաստանի մտադրութիւնը` համագործակցիլ Միացեալ Նահանգներու եւ փոխադարձաբար որոշուած երրորդ կողմերու հետ Հարաւային Հայաստանով երթուղիի զարգացման եւ կառավարման հարցերուն մէջ եւ կ՛ողջունենք ներդրումներ տրամադրելու Միացեալ Նահանգներու մտադրութիւնը:

«Այս առանցքային ենթակառուցային նախագիծը պիտի բանայ Հարաւային Կովկասի հսկայական ներուժը առեւտուրի եւ տնտեսական բարգաւաճման հանգոյցի վերածելու համար` ի շահ շրջանի բոլոր երկիրներուն:

«Թուրքիոյ կառուցողական մասնակցութիւնը անփոխարինելի պիտի ըլլայ այդ յառաջընթացի ամբողջ ներուժը բացայայտելու համար: Մենք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք աջակցելու այս դրական իրադարձութիւններուն` փոխադարձաբար պատասխանելով Հայաստանի` յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ հայ-թրքական սահմանը բանալու պատրաստակամութեան:

«Մենք նաեւ կ՛ողջունենք ղեկավարներու յստակ հաւատարմութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին, ինչպէս նաեւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածք ձեռք բերելու համար ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութեան սկզբունքներուն:

«Կ՛ակնկալենք, որ ատիկա մօտիկ ապագային պիտի յանգեցնէ սահմանազատման հոլովոյթի հետագայ յառաջընթացին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու ամբողջական դուրսբերման:

«Մենք նաեւ կարեւոր կը նկատենք Ազրպէյճանի մէջ հայ գերիներու եւ տեղահանուած արցախահայութեան չլուծուած հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը գործօն կերպով կը մասնակցի Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման աջակցութեան եւ պատրաստ է հետագային եւս նպաստելու կարգաւորման հոլովոյթի յառաջ մղման: Այս հոլովոյթը առանցքային նշանակութիւն ունի նաեւ տնտեսական եւ պաշտպանական կապերու բազմազանացման ուղղուած Հայաստանի ջանքերու եւ անոր յայտարարած եւրոպական ձգտումներու ծիրին մէջ, որոնց Եւրոպական խորհրդարանը լիովին կ՛աջակցի», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Պրուս. «Հայաստան-Ազրպէյճան Գործարքը Կարեւոր Է Թրամփի Վարչակազմին Եւ Աշխարհի Համար»

Յաջորդը

Ֆատէեւ. «Շրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Պարագային Պէտք Է Հաշուի Առնել Հայաստանի ԵԱՏՄ-ին Անդամակցութիւնն Ու Ռուս Սահմանապահներու Ներկայութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?