Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրըստօրէ սաստկացող ազգային ու տարածաշրջանային վտանգներու դիմաց ամուր կամք ցուցաբերելու եւ տոկալու համար կարիքը ունինք նայելու դէպի վեր` Աստուծոյ, ու հաւատքով հայցելու Անկէ բխող ամրութիւնն ու յոյսը: Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման յիշատակումը մեզի առիթ կ՛ընծայէ, որ քով-քովի հաւաքուելով, եկեղեցի դառնալով, վերանորոգենք մեր ուխտը եւ վերանորոգ յոյսով դիմագրաւենք մեր մարտահրաւէրները: Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին հայրապետական պատգամը կեդրոնացաւ Հայաստանի ներկայ անորոշ ու մտահոգիչ կացութեան վրայ:

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, շաբաթ, 16 օգոստոս 2025-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան ղօղանջներուն ներքեւ ընթացք առաւ սուրբ պատարագը, որ մատուցեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, հայրապետական թափօրով սուրբ խորան բարձրացաւ վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, եւ նախագահեց խաղողօրհնէքի ու մատաղօրհնէքի արարողութեան: Ապա յղեց իր հայրապետական պատգամը: Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով ողջունելէ ետք մեր ժողովուրդի զաւակները, վեհափառ հայրապետը գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ահաւասիկ անգամ մը եւս ուխտաւորաբար համախմբուած ենք մեր ժողովուրդին սիրելի սրբավայրին` Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, նշելու համար անոր ուխտի օրը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սուրբերուն առանցքային դերակատարութիւնը եւ անոնց տօներու նշման առթած հրաւէրը` մեր հաւատքը ամրապնդելու եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը բիւրեղացնելու, յատկապէս ներկայ աշխարհի երեւելի եւ աներեւոյթ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը թարգմանը դառնալով հաւատացեալներուն, աղօթք վերառաքեց` խնդրելով Ամենակալէն բարի գործերու յաջողութիւն, ճամբորդներուն ապահովութիւն, հիւանդներուն առողջութիւն, կարիքաւորներուն օգնութիւն, հայ ազգին միութիւն:

Խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին` վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու ամբողջականութեան ամուր պահպանումը կիզակէտն է իր եւ հայրապետական սուրբ աթոռին մտահոգութեանց, իսկ այս գծով Կիլիկիոյ սուրբ աթոռին տեսակէտներն ու առաջադրանքները յստակ եւ հետեւողական կերպով կը պարզուին հրապարակային զանազան առիթներով:

«Հայաստանը այսօր իրողապէս կը գտնուի ներքին ճեղքերու առաւել խորացումով ու աննախատեսելի հետեւանքներով յղի պայմաններու մէջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` նշելով ներքին ճակատի վրայ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնը, իսկ արտաքին ճակատի վրայ, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջամտութեամբ ու վկայութեամբ կնքուած Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիրը: Վեփափառ հայրապետը շեշտեց, որ «հարկ է կարեւորութեամբ անդրադառնալ, թէ մեր եկեղեցին մեր ազգին ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն եւ մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ կառոյցներէն մէկն է, անկասկած: Բոլոր պայմաններուն մէջ, պէտք է զայն պահել կազմակերպ` իր ներքին կեանքով, ու ամուր` իր հայրենակերտ եւ ազգաշէն առաքելութեամբ»:

Խօսելով ստորագրուած յիշեալ համաձայնութեան մասին` վեհափառ հայրապետը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ դարերու ընթացքին մեծ ուժերու կողմէ յաճախ կռուախնձոր դարձած Հայաստանին` այսօր աշխարհաքաղաքական ուժերու բախումի հանդիսարան դառնալու վտանգին ենթակայ ըլլալուն: Առ այդ, ան ահազանգ հնչեցուց եւ յորդորեց ըլլալ արթուն եւ զգուշ, որովհետեւ նորը շինելու հեռանկարով հինը մոռացութեան դատապարտելու փորձը, մեզ անցեալին ու ապագային կապող կամուրջները քանդելն ու Հայաստանը սփիւռքէն հեռացնելու ճիգերը մեզ կրնան առաջնորդել դէպի ազգաքանդում:

Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը մէջբերելով պատմահայր Մովսէս Խորանցիի «Ողբ»-էն, ըսաւ. «Սա պահուն «ցաւալի ու տխուր» խօսքէն անդին, արթնութեան ու պատասխանատուութեան կոչ պիտի ուղղենք հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդին.- սթափի՛ր, յուսահատութեան ու անտարբերութեան ալիքներուն մէջ տատանող հայրենի՛ ժողովուրդ. դուն ըսելիք ու ընելիք ունիս, որովհետեւ իշխանութիւնը դո՛ւն ես, պետութիւնը դո՛ւն ես, եկեղեցին դո՛ւն ես. հետեւաբար, նաեւ Հայաստանի ապագայ ընթացքը ճշդողը դո՛ւն պիտի ըլլաս»: Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը կոչ ուղղելով դադրեցնելու լոզունգներու ու ամբաստանութիւններու, սպառնալիքներու ու ձերբակալութիւններու հայրենաքանդ արշաւը եւ սկսելու լուրջ քննարկումներու գործընթացին` յարգանքի մթնոլորտին մէջ եւ օրէնքի ու իրաւունքի սահմաններուն մէջ: «Ա՛յս կը պահանջէ հայրենիքը: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կոչուած են գործելու հայրենիքին հզօրութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին միութեան նախանձախնդիր ու պաշտպան բոլո՛ր պատասխանատուները»:

Սուրբ պատարագի մատուցման, մատաղի ու խաղողի օրհնութեան եւ հայրապետական պատգամի աւարտին, հաւատացեալները հաղորդութիւն ստացան, ինչպէս նաեւ օրհնուած մատաղ ու խաղող:

Նախորդը

Նշմար. Երբ Առիթէն Չես Օգտուիր…

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?