Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Լիբանանը, Որ Բացարձակապէս Չի Միջամտեր Որեւէ Այլ Պետութեան, Ներառեալ Իրանի Հարցերուն, Չ՛ընդունիր, Որ Ոեւէ Մէկը Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտէ»

Օգոստոս 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի երէկ ժամանեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար:

Լարիժանի օդակայանէն յայտարարեց, որ «բոլոր պայմաններուն մէջ Լիբանանի ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնինք»` նշելով. «Որոշուած է շարք մը հանդիպումներ ունենալ լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը, եւ մենք միշտ կ՛որոնենք ու կը ձգտինք Լիբանանի գերագոյն շահերու իրագործման»:

Լարիժանի օդակայանի ճամբուն վրայ արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան Հըզպալլայի համակիրներուն կողմէ, որոնք բարձրացուցած էին կուսակցութեան եւ Իրանի դրօշները: Լարիժանի իր շքախումբը կանգնեցուց եւ բարեւեց ժողովուրդին:

Իրանի իսլամական հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին իր հիւրին ըսաւ. «Լիբանան կը փափաքի Իրանի հետ գործակցիլ փոխադարձ յարգանքի վրայ` գերիշխանութեան ու բարեկամութեան սահմաններուն մէջ»:

«Վերջին շրջանին իրանցի կարգ մը պաշտօնատարներէն Լիբանանի լսած հռետորաբանութիւնը չի նպաստեր փոխադարձ յարգանքին», աւելցուց ան` նշելով. «Բարեկամութիւնը, որ կ՛ուզենք, որ Լիբանանն ու Իրանը ունենան, պէտք չէ մէկ համայնքի կամ լիբանանեան մէկ բաղադրիչի ճամբով ըլլայ, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն»:

«Լիբանանը վերջնական հայրենիքն է իր բոլոր զաւակներուն, անոնք քրիստոնեայ ըլլան, թէ իսլամ, եւ լիբանանեան պետութիւնը իր սահմանադրական ու ապահովական հաստատութիւններուն ճամբով պատասխանատու է լիբանանեան բոլոր բաղադրիչներու պաշտպանութեան», նշեց Աուն:

«Կը մերժենք մեր ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն, որ կողմէն ալ կատարուի, եւ կ՛ուզենք, որ լիբանանեան բեմը մնայ ապահով ու կայուն` մեկնելով անխտիր բոլոր լիբանանցիներու շահերէն», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:

«Լիբանանը, որ բացարձակապէս չի միջամտեր որեւէ այլ պետութեան, ներառեալ Իրանի հարցերուն եւ իւրայատկութիւններուն, չ՛ընդունիր, որ որեւէ մէկը իր ներքին հարցերուն միջամտէ», ըսաւ Աուն:

«Բոլորը շատ սուղ գին վճարեցին երկրին մէջ միւս լիբանանցիին վրայ ճնշում բանեցնելու համար օտարին վստահելու համար, եւ լիբանանցիներուն քաղած դասը այն է, որ անընդունելի է, որ առանց բացառութեան որեւէ կողմ զէնք կրէ եւ օտարին վրայ յենի», աւելցուց ան:

«Իսրայէլացի թշնամիէն կամ ուրիշէն եկող որեւէ մարտահրաւէր բոլոր լիբանանցիներուն ուղղուած մարտահրաւէր է եւ ոչ թէ միայն անոնց մէկ խումբին, եւ ատոր դիմակայման կարեւորագոյն զէնքը լիբանանցիներուն միասնականութիւնն է», յայտնեց նախագահ Աուն:

Լարիժանի իր կարգին Աունի փոխանցեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի ողջոյնները` վերանորոգելով Թեհրան այցելելու անոր հրաւէրը եւ վերաշինութեան ոլորտին մէջ Լիբանանին օգնելու փափաքը:

Ան յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ ամրապնդել լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել լիբանանեան բոլոր համայնքներուն ու լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերուն միջեւ շարքերու միախմբումը»:

«Իրան լիբանանեան ներքին հարցերուն չի միջամտեր, եւ Պէյրութ հասնելէս ետք կատարած յայտարարութիւններս Իրանի պաշտօնական տեսակէտը կը ներկայացնեն», նշեց Լարիժանի:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը յայտարարեց. «Իրան չ՛ուզեր լիբանանեան պետութեան ու լիբանանցի ժողովուրդին հետ բարեկամութեան կամ յարաբերութեան մէջ նուազագոյն սխալի գոյութիւնը, եւ կը փափաքի Լիբանանին օգնել, եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը այդ մէկը փափաքի»:

Լարիժանի հանդիպումէն ետք Պաապտայի պալատէն առանց յայտարարութիւն կատարելու հեռանալով ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները ունինք, եւ լիբանանցի ժողովուրդը սիոնական բռնագրաւող գոյացութեան դէմ դնելուն ընթացքին փայլուն աստղ էր»:

«Այսօր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ժողով գումարեցի, եւ մեզի համար Լիբանանի միասնականութիւնն ու ձեռքբերումներու, զարգացման եւ բարգաւաճման անոր կարիքները չափազանց կարեւոր են», նշեց ան:

«Իրանի քաղաքականութիւնը հիմնուած է շրջանի անկախ պետութիւններուն հզօր ու կարող ըլլալուն վրայ, եւ այս գործելաոճը շրջանի պետութիւններու անձնատուութեան ձգտող կարգ մը պետութիւններու գործելաոճին հակառակն է», աւելցուց Լարիժանի:

«Մենք չենք հաւատար կարգ մը հրամաններու, որոնց ճամբով որոշ ժամանակացոյց կը ճշդուի, այլ կը հաւատանք, թէ Լիբանանի մէջ մտերիմ, համապարփակ ու լուրջ երկխօսութեան ճամբով այս երկիրը կրնայ ճիշդ որոշումներ որդեգրել», շեշտեց իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը:

«Օտար պետութիւնները պէտք չէ Լիբանանին հրամայեն, լիբանանցի ժողովուրդը հպարտ ու քաջ է եւ կրնայ իր որոշումները ինք տալ», նշեց Լարիժանի:

«Ամբողջովին կը յարգենք լիբանանցիներուն որեդրած որեւէ որոշում, եւ Լիբանանը Դիմադրութեան հետ երկխօսութեան ճամբով կրնայ յարմարագոյն որոշումը որդեգրել», ըսաւ ան:

«Մեր պատգամը կը սահմանափակուի կարեւոր կէտով մը` շրջանի պետութիւնները պէտք է ըլլան ուժեղ ու անկախ, եւ կարիք չունին ովկիանոսներէն անդիէն հրամաններ ստանալու», շեշտեց Լարիժանի:

«Լիբանանին ծրագիր մը չբերինք, սակայն ամերիկացիները իրենք է, որ իրենց մօտէն բերին փաստաթուղթ մը, իսկ մենք Լիբանանի ներքին հարցերուն չենք միջամտեր», նշեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը:

«Լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, թէ Դիմադրութիւնը իրենց համար դրամագլուխ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր բարեկամները գործիք չենք նկատեր եւ կը հաւատանք, թէ Դիմադրութիւնը ռազմավարական խոր զգացում եւ ուժեղ մտածում ունի»:

Պատասխանելով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ չհանդիպելուն մասին հարցումի մը` Լարիժանի ըսաւ, որ ատոր պատճառը «ժամանակի սղութիւնն է»:

«Իսրայէլը Լիբանանի թշնամին է եւ աշխատանք կը տանի իրագործելու այն, ինչ որ ձախողեցաւ պատերազմի ընթացքին իրագործել», նշեց ան:

«Մտադիր չենք որեւէ երկրի, ներառեալ Լիբանանը, ներքին հարցերուն միջամտել, եւ պատրաստ ենք կառավարութեան որեւէ տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու», շեշտեց Լարիժանի:

Նշենք, որ Լարիժանիի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Այն Թինէի մէջ ելեկտրականութեան հոսանքը ընդհատուեցաւ:

Լարիժանի աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Վերջինս հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրանցի կարգ մը պատասխանատուներու, մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի, Ալի Աքպար Վելայաթիի եւ զօր. Մասժիտիի յայտարարութիւնները ամբողջովին մերժելի են: Այդ կեցուածքները, որոնք երկրին մէջ սահմանադրական իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած լիբանանեան որոշումներու ուղղակի քննադատութիւն կը պարունակէին, մասնաւորաբար անոնք, որոնք յստակ սպառնալիք կը պարունակէին, դիւանագիտական կանոններու բացայայտ խախտում էին եւ ոտնահարում գերիշխանութեան փոխադարձ յարգումին, որ առողջ երկկողմանի յարաբերութեան հիմք կը կազմէ եւ միջազգային յարաբերութիւններու եւ միջազգային օրէնքի հիմնական կանոն մը, ինչպէս նաեւ անշրջելի կանոն մըն է»:

«Ո՛չ ես, ո՛չ ալ որեւէ այլ լիբանանցի պաշտօնատարներ մենք մեզի կ՛արտօնենք իրանեան ներքին հարցերուն միջամտել, կարծէք մէկ խումբի կը զօրակցինք ի վնաս ուրիշին կամ ընդդիմանանք իրանեան գերիշխանական որոշումներուն: Մեկնելով ասկէ, Լիբանան որեւէ ձեւով պիտի չարտօնէ իր ներքին հարցերուն միջամտութիւն եւ կ՛ակնկալէ, որ իրանեան կողմը յստակ ու անկեղծ կերպով յարգէ այս կանոնը», նշեց վարչապետը:

«Լիբանանեան կառավարութեան որոշումներուն որեւէ այլ պետութեան կողմէ քննարկումը չ՛արտօնուիր, որովհետեւ լիբանանեան որոշումներու կայացման կեդրոնը նախարարաց խորհուրդն է, եւ Լիբանանի որոշումը կը կայացնեն միայն լիբանանցիները, որոնք հոգատարութիւն կամ ոեւէ մէկէ ցուցմունք չեն ընդունիր», ըսաւ ան:

«Զէնքը օրինական իշխանութիւններուն մենաշնորհը դարձնելու որոշումը 1989 թուականի Թաէֆի համաձայնագիրով որդեգրուած որոշում մըն է, եւ անոնք ներկայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ վերահաստատեցին անոր իրենց կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն խորհրդարանին առջեւ իր երդման ճառին մէջ հաստատեց հանրապետութեան նախագահը», նշեց վարչապետը:

«Լիբանանը, որ պաղեստինեան դատի առաջին պաշտպանողներէն մէկն էր, Իսրայէլի դիմաց ամէնէն սուղ գիները վճարեց, եւ կարիքը չունի ոեւէ մէկուն դասերուն: Լիբանանեան կառավարութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ իր տրամադրութեան տակ գտնուող քաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական բոլոր միջոցները օգտագործելով` Իսրայէլի լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն անմիջապէս հեռանալ եւ իր յարձակումները դադրեցնել ստիպելու համար», շեշտեց Սալամ:

«Լիբանանի հետ որեւէ յարաբերութիւն բացառաբար սահմանադրական իր հաստատութիւններուն ճամբով է եւ ոչ թէ որեւէ քաղաքական խումբի կամ զուգահեռ խողովակի ճամբով, եւ որեւէ արտաքին օժանդակութիւն ողջունելի է, պայմանով որ պաշտօնական խողովակներէ անցնի», շեշտեց ան:

«Լիբանանը նախանձախնդիր է Իրանի եւ բարեկամ բոլոր պետութիւններուն հետ փոխադարձ յարգանքի հիմամբ իր պատմական յարաբերութիւններուն, եւ անոնց պետութիւններուն գերիշխանութիւնն ու կառավարութիւններուն որոշումները կարմիր գիծեր են, զորս պէտք չէ անցնիլ», ըսաւ վարչապետը:

Սալամ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանան փոքր երկիր մըն է, որ երկար ատենէ ի վեր կը տառապի ուրիշներու միջամտութիւններէն, եւ ժամանակն է այդ էջը փակելու: Լիբանան պիտի չընդունի հաշիւներ մաքրելու կամ շրջանային պատգամներու փոխանակման իբրեւ հարթակ գործածուիլ: Մեր որոշումները գերիշխանական են եւ կը բխին մեր ազգային շահերէն, ներառեալ որեւէ ծրագիր կամ ժամանակացոյց»:

Նշենք, որ նախքան Սալամի հետ հանդիպումը Լարիժանի Իրանի դեսպանատան մէջ ընդունեց Հըզպալլայէն երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը:

Նախորդը

Պըրրի. «Քաղաքական Բաղադրիչի Մը Եւ Երկրի Մեծագոյն Համայնքներէն Մէկուն Հետ Հարցերը Այսպէս Չեն Կառավարուիր»

Յաջորդը

Ակնարկ. «Հետագայ Գործողութիւններ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?