Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութենէն հրաժարումը բացառուած է»:
«Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ կացութեան լրջութիւնը կը պահանջէ, որ բոլորը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութիւն ցուցաբերեն», նշեց Պըրրի:
Օրաթերթը կը գրէ. «Այս օրերուն Պըրրիի մտատանջութիւնը այն է, որ նորաստեղծ տագնապը իսրայէլացի թշնամիին փափաքած յարանուանական սադրանքին վերածուի, ուստի նախանձախնդիր էր քաղաքական հռետորաբանութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու»:
«Այսպիսով շիի երկեակը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ իր յաղթաթուղթերը այրելու չ՛աճապարեր, թէեւ երբեմն երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի կատարածին նման ճնշում բանեցնելու կամ յոռեգոյնէն զգուշանալու համար կը սպառնայ զանոնք օգտագործել: Ուստի շիի երկեակը հակուած է իր ճակատամարտը երկար շունչով մղելու` օգտուելով այս ոլորտին մէջ իր նախկին փորձառութենէն», կը նշէ «Ժումհուրիա» օրաթերթը: