Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին Հանդիպում

August 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգի Էնքըրէյճ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վեհաժողովը:

Թրամփ յայտնեց. «Եթէ Ռուսիան ուրբաթ օր չհամաձայնի զինադադար հաստատելու, Միացեալ Նահանգներէն շատ լուրջ հետեւանքներ թող սպասէ»:

«Եթէ առաջին հանդիպումը լաւ անցնի, կ՛ուզեմ, որ անմիջապէս երկրորդ հանդիպում մը ըլլայ Փութինի, Զելենսքիի եւ իմ միջեւ, եթէ անոնք կ՛ուզեն, որ ես այնտեղ ըլլամ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ եթէ Փութինի հետ հանդիպումին չստանայ իր ուզած պատասխանները, երկրորդ հանդիպում պիտի չըլլայ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը մեծ ջանքեր կը թափէ Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու համար»` նշելով. «Աշխատանք կը տանինք շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար պայմանները պատրաստելու»:

«Ալասքայի մէջ բանակցութիւնները կրնան ռազմավարական եւ յարձակողական զէնքերու վերահսկման հարցին շուրջ համաձայնութիւններուն ելք մը ապահովել», յայտնեց Փութին` աւելցնելով. «Չենք բացառեր, որ Ուաշինկթընի հետ հաղորդակցութիւններու յաջորդ փուլը ՍԹԱՐԹ համաձայնագիրին վերաբերեալ համաձայնութեան գոյացման համար ըլլայ»:

Թրամփ-Փութին հանդիպումը պիտի սկսի Պէյրութի ժամանակացոյցով գիշերուան ժամը 10:30-ին` թարգմանիչներու ներկայութեամբ դէմ առ դէմ զրոյցով:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով կը յայտնէ, որ վեհաժողովի կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորումը, սակայն այլ նիւթեր եւս պիտի արծարծուին:

Ան աւելցուց, որ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան «5-ը 5-ի դիմաց» ձեւաչափով: Փութինի կողքին ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Եուրի Ուշաքով, պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսով, ելեւմուտքի նախարար Անթոն Սիլուանով եւ Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար Քիրիլ Տմիթրիեւ:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Թրամփ ունի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը աւարտելու շարք մը ընտրանքներ, ներառեալ պատժամիջոցները, սակայն նշեց, որ Թրամփ կ՛ուզէ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալ դիւանագիտութեան ճամբով:

Սպիտակ տունը նշեց, որ ժողովէն ետք մամլոյ ասուլիս տեղի պիտի ունենայ:

Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ յաջորդ շաբթուան վերջին Թրամփի, Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ եռակողմ հանդիպումի համար յարմար վայր կը փնտռեն:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» եւ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանները, յղում կատարելով իրենց աղբիւրներուն, հաղորդեցին, որ Թրամփ Զելենսքիին խոստացած է Փութինի հետ հանդիպումի ժամանակ տարածքային հարցեր չքննարկել:

Թրամփ այս յայտարարութիւնը կատարած է եւրոպացի ղեկավարներու հետ առցանց ժողովի ժամանակ: Վերոնշեալ աղբիւրներուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը մտադիր է անվերապահ զինադադարի հասնիլ:

Բացի ատկէ, որոշ եւրոպացի ղեկավարներ այն տպաւորութիւնը ստացած են, որ Թրամփը «չափազանց լաւատես չէր Փութինի հետ հանդիպումի արդիւնքին վերաբերեալ»:

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ վերաբերեալ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ներառէ «տարածքներու որոշակի փոխանակում», եւ Զելենսքի «պէտք է պատրաստ ըլլայ բան մը ստորագրելու»:

 

Նախորդը

ՄԱԿ. «Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Բռնարարքներու Ընթացքին Պատերազմական Ոճիրի Համազօր Ոտնձգութիւններ Տեղի Ունեցան»

Յաջորդը

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.