Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոստոսի

Օգոստոս 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի եռակողմ հռչակագիրը խորքին մէջ պսակումն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի, «Քառնըկի» հետազօտական կեդրոնի, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ վերջապէս նախագահ Թրամփին կատարած յայտարարութիւններուն:  Խաղաղութեան համաձայնագիրին մօտալուտ ըլլալէն մինչեւ արտապատուիրակում, երկարաժամկէտ վարձակալում եւ ապա «հրաշք»-ի կայացում: Այս բոլորը կը տեղաւորուին  Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանին մէջ կիրարկած ընդհանուր քաղաքականութեան պարունակին մէջ:

Ի՞նչ նախադէպեր կը կապուին այս բոլորին: Նոյեմբերեան յայտարարութիւնը կէտ առ կէտ իրողապէս կը չեղարկուէր. հակառակ անոր որ պաշտօնական Մոսկուայի ներկայացուցիչները յաճախ կը խօսին եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու  եւ յատկապէս 9-րդ կէտի արդիական նշանակութեան մասին, այդուհանդերձ իրադարձութիւնները կ՛ընթանան հակառակ ուղղութեամբ:

Ռուսական սահմանապահ ծառայութիւնները կը հեռանային «Զուարթնոց» օդակայանէն, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատուող տարածքներէն, հայ-իրանեան սահմանէն: Այս վերջին կէտն էր հանգուցաւոր բաժինը, որուն ուղղութեամբ չկար աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւն:

Մինչեւ այդ Իրանը Սիւնիքի մէջ կը բանար իր հիւպատոսութիւնը, Փարիզը կը հաստատէր պատուոյ հիւպատոսութիւն, որ պիտի իրականացնէր նաեւ հիւպատոսական ծառայութիւններ, իսկ Մոսկուան կը սպասէր Երեւանի համաձայնութեան` բանալու համար Սիւնիքի իր հիւպատոսարանը:

Առ այս պահը Մոսկուան չունի Երեւանի համաձայնութիւնը Սիւնիքի մէջ դիւանագիտական ներկայութիւն ունենալու, մինչ Երեւանը արդէն համաձայնած է, որ ամերիկեան վերահսկողական գործիքակազմ տեղակայուի Սիւնիքի մէջ բացուող նոր հաղորդուղիներուն:

Ըստ էութեան, ուրեմն, Ուաշինկթընի հռչակագիրը չեղեալ կը նկատէ նոյեմբերեան յայտարարութիւնը, յատկապէս 9-րդ կէտը եւ զայն կը վերափոխէ ամերիկեան անվտանգային գործիքակազմի տեղակայումով, «հայ-ամերիկեան» միացեալ ընկերութեան անունին տակ:

Ուշագրաւ է Թեհրանի պաշտօնական դիրքորոշումը այս բոլորին նկատմամբ: Մինչեւ ուաշինկթընեան հանդիպում ամերիկեան շրջանակներէ արծարծուած հաւանական ներգրաւուածութեան հրապարակային առաջարկները չարժանացան Իրանի կտրուկ մերժումին: Մինչեւ այդ Իրանը շատ վճռակամ կը յայտարարէր իր սահմաններու փոփոխելիութեան, «միջանցքեան» տրամաբանութեան եւ որեւէ այլ ուժերու տեղակայման դէմ:  Թէ՛ դեսպանի եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակներով Թեհրանը բաւարարուեցաւ ընդհանուր սկզբունքներ հնչեցնելով:

Կտրուկ մերժում չկայ նաեւ Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն ետք եւս: Այս անգամ արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահին կը վերագրուին այն միտքերը, որոնք կը խօսին «միջանցք»-ի գաղափարի մէկ կողմ դրուելուն եւ իրանեան պահանջներու նկատառման մասին: Թէեւ կայ հրապարակային մօտեցում, այլ ուժերու իրանամերձ սահմանային տարածքներ տեղակայուելուն մասին: Կը նկատուին ներթեհրանեան հակասութիւններ նշուած հանգամանքներ ունեցողներուն եւ յեղափոխական պահակագունդի կամ հոգեւոր պետի շրջապատի անձնաւորութիւններու կողմէ,  «միջանցք»-ի համաձայնութիւններուն դէմ. նոյնիսկ սպառնական յիշեցումներ:

Պատահական չէ, որ Ուաշինկթընեան հռչակագիրը անմիջականօրէն նախորդեց Ալասքայի հանդիպումին: Հակառակ Մոսկուայի յղումներուն եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն եւ արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւման դէմ կատարուող յայտարարութիւններուն, չի բացառուիր, որ Մոսկուան ուքրանական տարածքներու վերահսկողութեան իրաւունք ստանայ Ուաշինկթընէն: Գործարքային վարկածները չեն բացառուիր Հարաւային Կովկաս-Ուքրանիա գիծին վրայ:

Հակառակ այս աշխարհաքաղաքականութեան սակայն, հայկական կողմը հարուածներ ստացաւ Ուաշինկթընի մէջ:

Ա.- Չապահովեց գերիներու վերադարձը, նոյնիսկ եթէ որոշ պահու արծարծեց նման խնդիր:

Բ.- Դէպի խաղաղութիւն գացող հռչակագիր ստորագրեց շուրջ 200  քառ. քմ ներխուժուած տարածքներով:

Գ.- Ընդառաջեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի  եւ յարակից կառուցակարգերու լուծարման ազրպէյճանական պահանջին, միջազգային ատեաններու մէջ փակելով Արցախի հակամարտութեան էջը:

Դ.- Այսպիսով առոչինչ կը նկատուին նաեւ հայկական կողմէն Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանական արարքներու դէմ բարձրացուած հայցերը:

Ե.- Հայկական կողմը կը զիջի իր վերջին զիջելիքը. դարեր շարունակ փայփայուած թուրանական կամուրջը գէթ այս պահուն կ՛աշխատի միակողմանիօրէն: Թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն կը վերապահուի կամուրջի օգտագործումը, թէկուզ ամերիկեան անվտանգային վերահսկողութեամբ:

Զ.- Նոյնիսկ եթէ հայելային տրամաբանութեամբ Արցախէն բռնատեղահանուածներու  վերադարձի դիմաց ազրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձի հարց պիտի դրուէր, ապա հայկական կողմը այդ հարցը պիտի բարձրացնէր իբրեւ ցեղային զտումի ենթարկուած ժողովուրդի մը միջազգային իրաւունքի իրականացման սկզբունք:

Է.- Ռազմական յանցագործին, ահաբեկչական պետութեան եւ ցեղասպանական գործողութիւններ իրականացուցած վարչախումբին դէմ վերացուեցաւ 907 արգելքը: Այդ վերացումը ըստ էութեան կը չեղարկէ այդ բոլոր յանցագործութիւնները գործադրած ըլլալու մեղադրանքը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ապաշրջափակուի ներխուժուած տարածքներով, իր ժողովուրդի մէկ հատուածին ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալու եւ բռնի տեղահանումներու ենթարկուած ըլլալու փաստերով, ռազմագերիներ անորոշ ժամկէտով արգելափակումի տակ մնացած ըլլալու իրականութեամբ եւ այս բոլորով Արցախի հարցը փակելով:

Տակաւին շատ փակագիծեր կան: Հայաստանը աքցանուած է թրամփեան ուղիով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Այդ աքցանի սեղմումը կամ թուլացումը կախեալ է Ուաշինկթընէն: Ապաշրջափակումը ըստ էութեան աքցանումի համազօր  երեւոյթ է այս համապատկերին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հրապարակած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Նախաստորագրուած Համաձայնագիրի Բնագիրը

Յաջորդը

«Կովկասի Փանամայի Ջրանցքը». Գարլոս Անթարամեանի Դիպուկ Վերլուծումը Եռակողմանի Հռչակագրին. Ի՞նչ Կրնայ Յուշել Ռուսիոյ Հակազդեցութեան Մասին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?