Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կ՛աջակցի որեւէ հոլովոյթի, որ կը յանգեցնէ բախումներու դադրեցման, լարուածութեան նուազեցման եւ կայունութեան ստեղծման: Այս մասին շաբաթ օր յայտնած է Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթիմա Մոհաժերանի:
«Ի հարկէ, այս աջակցութիւնը պայմանական է եւ հիմնուած է շրջանային երկիրներու կողմէ համաձայնեցուած սկզբունքներու վրայ», գրած է Մոհաժերանի:
Ան ընդգծած է Թեհրանի երեք անսասան սկզբունքները` երկիրներու լիակատար գերիշխանութեան պահպանումը իրենց տարածքներուն նկատմամբ, բոլոր պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը եւ միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան նկատմամբ վճռական դիմադրութիւնը` աւելցնելով, որ Պաքուի եւ Երեւանի վերջին միացեալ յայտարարութեան մէջ հաշուի առնուած են այդ սկզբունքները:
Մոհաժերանի ընդգծած է, որ առանցքային փոփոխութիւններէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վիճայարոյց ծրագիրի չեղեալ նկատուիլն էր:
«Կողմերուն կարծիքով` «միջանցք»-ի հարցը վերցուած է օրակարգէն եւ փոխարինուած տարանցիկ ճամբով` Հայաստանի լիակատար գերիշխանութեան տակ», յայտնած է ան` այդ փոփոխութիւնը կոչելով «դրական եւ ողջմիտ», որովհետեւ անիկա միաժամանակ կ՛երաշխաւորէ գերիշխանութիւնը եւ կ՛արտօնէ տնտեսական համագործակցութիւն իրականացնել:
«Կովկասեան տագնապի արտաշրջանային ուժերու կամ դերակատարներու միջամտութիւնը կրնայ երկարաժամկէտ բացասական հետեւանքներ ունենալ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», նախազգուշացուցած է ան` ընդգծելով, որ երկարաժամկէտ որոշումները պէտք է հիմնուած ըլլան շրջանի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան, եւ ոչ թէ արտաքին ճնշման վրայ:
Իրան, եզրափակած է Իրանի կառավարութեան բանբերը, պատրաստ է գործելու իբրեւ «պատասխանատու դրացի եւ յուսալի գործընկեր», «եթէ համաձայնագիրը աջակցի գերիշխանութեան, կայունութեան եւ շրջանային համագործակցութեան»:
Արաղչի. «Տեղի Ունեցածը Ենթադրաբար
Տեղի Ունենալիքէն Բոլորովին Կը Տարբերի»
Հարաւային Կովկասի մէջ ճամբաներու հետ տեղի ունեցածը բոլորովին կը տարբերի անկէ, ինչ որ ենթադրաբար պէտք էր տեղի ունենար: Իրանեան «Թասնիմ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի` մեկնաբանելով «Թրամփի ուղիին» վերաբերեալ Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւնները:
«Ես չեմ ըսեր, որ տեղի ունեցողը մտահոգիչ չէ: Հայ պաշտօնատարներու` մեզի ըսածներուն հիման վրայ, այս ճամբան պէտք է կառուցէ ամերիկեան ընկերութիւն մը, որ պիտի արձանագրուի հայկական օրէնսդրութեան համաձայն եւ պիտի գտնուի հայկական գերիշխանութեան տակ: Հայերը մեզի կ՛ըսեն, թէ իրենք քննած եւ ուշադրութիւն դարձուցած են այս առումով Իրանի բոլոր կարմիր գիծերը», ըսած է Արաղչի:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ հայ պաշտօնատարներու համաձայն, «այնտեղ ամերիկեան ուժեր պիտի չտեղակայուին, եւ ուղիի անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ ինքնին Հայաստանը»:
«Ասոնք հայ պաշտօնատարներու կատարած յայտարարութիւններն են, ի հարկէ, մենք նոյնպէս պիտի ձեռնարկենք անհրաժեշտ նախազգուշական քայլերու», ընդգծած է ան:
Պաղայի. «Մենք Շատ Զգայուն Ենք Սահմաններուն
Օտարերկրեայ Ուժերու Ներկայութեան Նկատմամբ,
Հայաստան Ինք Կը Գիտակցի Ատոր Հետեւանքներուն»
Իրան ուշադիր կը հետեւի իր հիւսիսարեւմտեան սահման երկայնքին տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Այս մասին «Թասնիմ»-ի համաձայն ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի` զգուշացնելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ արտաշրջանային ուժերու ներկայութիւնը վնասակար պիտի ըլլայ եւ պիտի աւելցնէ աշխարհաքաղաքական բարդութիւնները:
Պաղայի ընդգծած է Հարաւային Կովկասի ռազմավարական կարեւորութիւնը Իրանի եւ շրջանային այլ պետութիւններու, մասնաւորաբար` Ռուսիոյ համար` մէջբերելով քաղաքական, տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական նկատառումներ:
Ան նշած է, որ Իրան «բաց աչքերով» կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ պիտի չթերագնահատէ որեւէ զարգացում:
Պաղայիի համաձայն, արտաքին միջամտութիւնը եւ շրջանէն դուրս ուժերու ներկայութիւնը միայն պիտի խորացնեն աշխարհաքաղաքական բարդութիւնները եւ որեւէ կառուցողական նպատակի պիտի չծառայեն:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջերս կնքուած համաձայնագիրին` ան նշած է, որ 12-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ անոնց հասարակաց սահմաններու երկայնքին օտարերկրեայ զինուորական ուժեր պիտի չտեղակայուին:
«Մենք շատ զգայուն ենք այդ հարցին նկատմամբ, որովհետեւ Հայաստան ինք կը գիտակցի օտարերկրեայ ուժերու ներկայութեան հետեւանքները», աւելցուցած է Պաղայի:
Ան նաեւ յայտնած է Իրանի պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու յարաբերութիւնները շրջանի երկիրներուն հետ եւ աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը ամրապնդող որեւէ նախաձեռնութեան: