Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը: Բայց երբ կը նախաստորագրուի որեւէ իրաւապայմանագրային փաստաթուղթ, ապա այդ կը նշանակէ որ հետագայ ստորագրուելիքին մէջ բովանդակային որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ ընել:
Անդրադառնանք 17 կէտերէն ամէնէն հակասական եւ ամէնէն հանգուցային յօդուածներուն:
Ըստ 2-րդ յօդուածին, «Ամբողջութեամբ համապատասխանելով յօդուած 1-ին` կողմերը կը հաստատեն, որ միմեանց նկատմամբ չունին տարածքային պահանջներ եւ հետագային նման պահանջներ չեն առաջադրեր:
Կողմերը չեն ձեռնարկեր որեւէ գործողութիւն, այդ շարքին` այդպիսի գործողութիւններու ծրագրումը, նախապատրաստումը, խրախուսումը եւ աջակցումը, որոնք նպատակ ունին ամբողջութեամբ կամ մասամբ տրոհել կամ խաթարել միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական միասնութիւնը»:
Այստեղ, որեւէ ակնարկութիւն չկայ Հայաստանի տարածքներէն շուրջ 200 քառ քմ-ի ազրպէյճանական բանակին կողմէ ներխուժուած ըլլալուն մասին: Անորոշ կը մնայ, որ գրաւուած հայաստանեան տարածքը ո՛ր երկրի տարածքային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ:
Կրնայ առարկուիլ, որ 6-րդ յօդուածին մէջ բաժինը-կողմերը բարեխղճօրէն բանակցութիւններ կը վարեն համապատասխան սահմանային հարցերով յանձնաժողովներու միջեւ` ըստ յանձնաժողովներու համաձայնեցուցած կանոնակարգերու` կողմերու միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման մասին համաձայնագիրը կնքելու նպատակով- կրնայ արծարծել այդ տարածքը: Այդուհանդերձ այս պայմաններուն մէջ վտանգուած կը մնան հայաստանեան ներխուժուած տարածքներու ճակատագիրը:
Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ 12-րդ յօդուածի հետեւեալ բաժինին վրայ. «Կողմերը իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն համաձայնագիրով: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ վկայակոչել իր ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ սոյն համաձայնագիրի չկատարման հիմնաւորում»:
Պարզ է ակնարկը: Հիմնականին մէջ իբրեւ թէ կ՛արգելակէ Պաքուի կողմէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջի գործադրումը, զայն համարելով ներհայաստանեան խնդիր: Տարբեր հարց անշուշտ, որ իշխանութիւնները իրենք ձեռնարկած են նոր Սահմանդրութեան մշակման եւ որդեգրման գործընթաց:
Բայց պահ մը կանգ առնենք կարեւոր այս կէտին վրայ: Ուաշինկթընեան հռչակագիրին առաջին կէտը կ՛ըսէ.
«Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփ ականատես եղանք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի համաձայնեցուած բնագիրի նախաստորագրութեան` կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Ուրեմն, վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ կան տակաւին հետագայ գործողութիւններ: Շատ պարզօրէն կը հասկցուի, որ պայմանագիրը ստորագրելէ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ նոր Սահմանադրութիւն, որ յղում չի կատարեր Անկախութեան հռչակագիրին:
Այս եզրակացութեան յանգելու համար Պաքուն չուշացաւ ճշգրտումներ ընելու: Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յստակօրէն յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ համաձայնագիրի նախաստորագրման մասին կէտը կը հաստատէ, որ փաստաթուղթի ստորագրման եւ վաւերացման համար յաւելեալ քայլեր անհրաժեշտ են: Պաքու կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուին` Ազրպէյճանի նկատմամբ տակաւին գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջները վերացնելու նպատակով:
Ուրեմն նախաստորագրութենէն ստորագրութիւն անցնելու նախապայմանը նոր սահմանադրութիւն ընդունիլն է: Պահանջը այն է, որ պէտք է իրաւազուրկ դարձնել Անկախութեան հռչակագիրը: Իսկ այս պայմանը յստակօրէն ընդգծուած է Ուաշինկթընեան հռչակագիրով:
Խաբուսիկ է ուրեմն խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրին մէջ յիշուած այն կէտը, որ կողմերը չեն կրնար վկայակոչել իրենց ներքին օրէնսդրութիւնը` խաղաղութեան պայմանագիրը չկատարելու համար: Այդ նախապայմանը կա՛յ Ուաշինկթընեան հռչակագիրին մէջ «հետագայ գործողութիւններ» ձեւակերպումով:
Այդ հետագայ գործողութիւնը ճակատագրորոշ է եւ կրնայ ամբողջ իրադարձութիւններու ընթացքի հունը փոխել: Հետագայ այդ գործողութիւնները կրնան տապալիլ հանրաքուէով: Իսկ այդ մէկը արդէն կախեալ է ժողովուրդի կամքէն:
«Ա.»