Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

August 15, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  Cilicia TV դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ շուրջ ամիս մը առաջ մեծ հրդեհի վտանգին ենթակայ էր Քեսապը: Այդ օրերուն հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր. սակայն այս անգամ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ: Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճն ու Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են: Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն իսկ հեռացած են իրենց տուներէն: Պետական սահմանափակ միջոցները կարող չեն զսպելու ահաւոր հրդեհին տարածումը: «Կը յուսանք, որ օտար երկիրներ անմիջապէս օգնութեան հասնին` հակակշիռի տակ առնելու հրդեհին առաւել ծաւալումը», կը նշէ դիմատետրեան էջը:

Արամ Ա. կաթողիկոս մնայուն կապի մէջ է Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Յայտնենք, որ Աստուածածնայ տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ուխտաւորներ հաւաքուած են Քեսապ` գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբին վկայութեամբ, ժողովուրդին տուները կը պայթին` կազի շիշերու եւ արտերուն մէջ զետեղուած ականներուն պատճառով:

«Կոչ ուղղենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու քեսապահայութեան, ինչպէս նաեւ աղօթելու, որ կարելի փութով հրդեհին առաջքը առնուի», կը նշէ Cilicia TV:

 

Նախորդը

Այսօր Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին Հանդիպում

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.