Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին «Շրջադարձային Ու Չափազանց Արդիւնաւէտ» Հանդիպում

Օգոստոս 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ գիշեր Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վեհաժողովը` մասնակցութեամբ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն:

Հանդիպումը սկսաւ նեղ կազմով: Աւելի ուշ պատուիրակութիւններու անդամները միացան ղեկավարներուն, եւ Թրամփի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումը վերածուեցաւ «երեք-երեք» ձեւաչափով հանդիպումի:

Ամերիկեան կողմէն հանդիպումին կը մասնակցէին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ, իսկ ռուսական կողմէն` արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ռուսիոյ նախագահի միջազգային հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքով:

Ալասքայի Անքըրէյճ քաղաքին մէջ երեք ժամ տեւած երկկողմանի փակ ժողովի հիմնական օրակարգը Ուքրանիոյ պատերազմն էր, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Բանակցութիւններէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փութին խօսեցաւ աւելի քան ութ վայրկեան` հանդիպումը կոչելով «կառուցողական», իսկ Թրամփ խօսեցաւ շուրջ չորս վայրկեան, բանակցութիւնները գնահատելով «շատ արդիւնաւէտ»` ընդգծելով, որ տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չկայ:

Փութին ըսաւ. «Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները դրացի պետութիւններ են, եւ տրամաբանական էր, որ հանդիպում ունենանք Ալասքայի մէջ, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հասարակաց պատմութեան մաս կը կազմէ»:

«Մենք նախանձախնդիր ենք ուքրանական հարցի լուծման», նշեց ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները Պաղ պատերազմէն ի վեր ամէնէն ցած մակարդակին հասան»:

«Բանակցութիւնները օգտակար էին եւ շրջադարձային», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը` նշելով. «Ուքրանիոյ մէջ լուծումը պէտք է տեւական ըլլայ եւ նկատի ունենայ Ռուսիոյ ապահովական մտավախութիւնները»:

«Ամենայն անկեղծութեամբ հետաքրքրուած ենք ուքրանական տագնապին վերջ տալով, եւ ատիկա կը պահանջէ վերջ տալ տագնապին արմատական բոլոր պատճառներուն», ըսաւ ան` նշելով, որ Թրամփի հետ համաձայն է նաեւ Ուքրանիոյ ապահովութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան առնչութեամբ:

«Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ներդրումային գործընկերութիւնը բազմաթիւ կարելիութիւններ ունի», նշեց Փութին:

«Կը յուսանք, թէ եւրոպական մայրաքաղաքները չեն խոչընդոտեր սպասուող յառաջընթացը կամ չեն փորձեր զայն ձախողութեան մատնել», շեշտեց Քրեմլինի ղեավարը` նշելով. «Մեր գոյացուցած համաձայնութիւնները ուքրանական տագնապի լուծման եւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնման հիմնաքարեր են»:

«Կը մաղթեմ, որ յաջորդ անգամ հանդիպումը Մոսկուայի մէջ ըլլայ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Ընդհանուր առմամբ, ես ու նախագահ Թրամփը աշխատանքային յարաբերութիւններ եւ հոյակապ վստահութիւն կառուցեցինք, եւ բոլոր պատճառները ունիմ կարծելու, թէ այս հոլովոյթին մէջ յառաջ ընթանալով կրնանք հասնիլ Ուքրանիոյ տագնապի աւարտին, եւ ատիկա որքան արագ ըլլայ, այդքան աւելի լաւ»:

«Կը յուսամ, որ մեր գոյացուցած փոխադարձ հասկացողութիւնները մեզի կ՛արտօնեն մօտենալու այդ նպատակին եւ ճամբան բանալու Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան: Առանցքային նիւթերէն մէկը Ուքրանիոյ շուրջ կացութիւնն էր: Ռուսիոյ համար, Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները մեր ազգային անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքներուն առնչուած են», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտարարեց, որ պիտի հեռաձայնէ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներուն` տեղեկացնելու համար Փութինի հետ հանդիպումի բովանդակութեան մասին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր կարգին յայտարարեց. «Կան կէտեր, զորս չկրցանք շրջանցել, սակայն յառաջընթաց արձանագրեցինք: Շուտով պիտի հեռաձայնեմ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարներուն ու առնչակից կողմերուն»:

«Այսօր իրապէս մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք», շեշտեց ան:

«Փութինի հետ դարձեալ ժողով պիտի գումարեմ, հաւանաբար շուտով», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Չափազանց արդիւնաւէտ ժողով մըն էր, եւ շարք մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ»:

Ժողովէն ետք Թրամփ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Զելենսքիին խրատս գործարք կնքելն է: Ռուսիան շատ հզօր երկիր է: Համաձայնութիւն գոյացնելու շատ մօտ ենք, եւ Ուքրանիան պէտք է անոր համաձայնի, կամ թերեւս զայն պիտի մերժէ, եւ պիտի կազմակերպենք Փութինի հետ անոր ժողովը, որուն թերեւս  ես ալ մասնակցիմ»:

«Խնդիրը այն չէ, որ ես կ՛ուզեմ այնտեղ ըլլալ, այլ կ՛ուզեմ վստահ ըլլալ, թէ համաձայնութեան պիտի հասնին: Եւ մենք ատոր համար լաւ կարելիութիւն ունինք», նշեց Թրամփ:

«Համաձայանութիւն չկայ, որպէսզի համաձայնութիւն գոյացնեն, սակայն մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք: Կը կարծեմ, որ այսօր չափազանց լաւ ժողով գումարեցինք, եւ կը կարծեմ, որ բազմաթիւ կէտերու շուրջ բանակցութիւն տեղի ունեցաւ: Կան մէկ կամ երկու կարեւոր կէտեր, որոնց շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնել, եւ կարելի է ատիկա իրագործել: Կը կարծեմ, որ այսօրուան ժողովը չափազանց լաւ ընթացաւ, եւ թերեւս լաւ արդիւնքի կը հասնինք», նշեց Թրամփ:

«Բանակցեցանք կէտերու շուրջ, որոնք կը ներառեն ՕԹԱՆ-ը, ապահովութեան դասաւորումները եւ հողերու փոխանակումը (Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ, «Ա.»)», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` նշելով. «Փութինի հետ բանակցութիւնները լաւ էին, եւ ներկայիս պէտք չկայ պատժամիջոցներու հաստատման մասին մտածելու»:

«Վլատիմիրը ինծի ըսաւ, թէ ոչ մէկը տեսած եմ, որ քեզի պէս այս արագ աշխատանքը կը տանի», ըսաւ Թրամփ:

Քրեմլին յայտարարեց. «Փութինի եւ Թրամփի միջեւ բանակցութիւնները չափազանց դրական էին եւ կարգաւորման կարելիութեան որոնման հոլովոյթին մէջ միասնաբար վստահութեամբ յառաջ ընթանալու ճամբան կը հարթեն»:

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարեց, որ Փութին-Թրամփ հանդիպումի ընթացքին Փութին-Թրամփ-Զելենսքի հանդիպումի հարցը չէ արծարծուած: Ան նաեւ նշեց, թէ տակաւին չի գիտեր, թէ Փութինի եւ Թրամփի յաջորդ հանդիպումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ:

Նախորդը

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Թրամփ-Զելենսքի Հանդիպում

Յաջորդը

Ակնարկ. Հարաւային Կովկասէն Ուքրանիա` Անցնելով Ալասքայէն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?