Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուէր, հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շարքերուն մաս կազմող հայ խաղաղապահ ուժերուն այցելելու եւ Լիբանանի պետական շրջանակներուն հետ աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու նպատակով, կիրակի, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին լիբանանահայ նահատակներու յիշատակին:
Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ նախարարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ապա, շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն նուագակցութեամբ նախարար Սէյրան Օհանեան ծաղկեպսակ զետեղեց յուշարձանին առջեւ:
Անկէ ետք պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ի պատիւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում` լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած այս հանդիպումին ընթացքին Ազգային իշխանութեան խօսքը փոխանցեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ. «Այսօր յիշատակելի օր մըն է, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ի խնդիր անոր ի գործ դրած ջանքերուն»:
Ապա Աւագեան աւելցուց, թէ` «որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, կը հաւատանք, որ հայոց բանակը կը հանդիսանայ պաշտպանն ու երաշխիքը մեր պետականութեան, իսկ պետականութիւնը կը մնայ գլխաւոր ապաւէնը մեր գոյատեւման»:
Իր խօսքի աւարտին Վիգէն Աւագեան հաստատեց. «Եթէ պատմական ճակատագիրի բերումով մենք ու մեր զաւակները հայոց բանակին մէջ չենք, հայոց բանակը սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրին մտածումներուն եւ աղօթքներուն մէջ է: Բոլորս կը ցանկանք, որ պաշտպանութեան նախարարութեան առաջնորդութեամբ, ան մնայ ամուր, որպէսզի հայրենիքը մնայ հզօր, մինչեւ մեր ազգային բոլոր տենչերուն իրականացումը եւ պատմական իրաւունքներուն վերականգնումը»:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին սկիզբը ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն համար` հաստատելով, որ Հայաստանի կողքին Լիբանանը լիբանանահայութեան համար դարձած է երկրորդ հայրենիքը, մանաւանդ որ Լիբանանի իշխանութիւնները Հայոց եղեռնէն մազապուրծ եղած հայերը գրկաբաց ընդունած են` ապահովելով անոնց աշխատելու եւ զարգանալու բոլոր պայմանները: Ան նշեց, որ այսօր լիբանանահայութիւնը իր դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը ունի լիբանանեան բոլոր մարզերուն մէջ, ունի իր ներկայացուցիչները խորհրդարանին մէջ: Պաշտպանութեան նախարարը հաստատեց, որ սփիւռքի մէջ լիբանանահայութիւնը հանդիսացած է եւ կը հանդիսանայ օրինակելի եւ տիպար գաղութ մը:
Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմամշակութային յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւններ, սակայն զինուորական մարզը, որ նուազ պատմութիւն ունի, վերջերս միայն միացեալ աշխատանքներով զարգացում ապրեցաւ` խաղաղապահութեան ոլորտին մէջ հայ զինուորներու ներգրաւումով: Ան մէջբերեց Հայաստանի նախագահին այն խօսքը, որուն համաձայն, մենք ոչ թէ անվտանգութեան սպասարկողներն ենք, այլ մասնակից ենք եւ ներդրում կ՛ունենանք անվտանգութեան ապահովման խնդիրներուն եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան գործին:
Նախարարը հաստատեց, որ Հայաստանը ունի 23 տարեկան հզօր բանակ, որ զինք շրջապատող երկիրներուն բանակներէն աւելի մրցունակ ու մարտունակ է. իր խնդիրները կը լուծէ Հայաստանի տարածքին մէջ եւ ձեռք բերած զինուորական գիտութեան հենքին շնորհիւ յաջողած է կարգաւորել ու ապահովել ռազմական անվտանգութիւնը երկրին ու ժողովուրդին:
Պաշտպանութեան նախարարը ըսաւ, որ կազմաւորուած հայոց բանակը այսօր կ՛ապահովէ պետութեան ազատ զարգացումը, առօրեայ գործունէութիւնը, Հայաստանի պաշտպանութեան որակական յառաջընթացը: Ան կ՛ապահովէ սպառազինութիւնը եւ անվտանգութիւնը Արցախի, սահմանամերձ շրջաններու մէջ եւ կեանքի գնով կ՛ապահովէ խաղաղութիւնը: Այս բոլորին կողքին նախարարը հաստատեց, որ բանակը մարդակերտումի կռուան է, ուր զինուորը կը կազմաւորուի իբրեւ ծառան իր հայրենիքին ու ազգին, եւ նոյնիսկ բանակէն դուրս կ՛առաջնորդուի այս սկզբունքով` հաստատելով, որ հայրենի սահմանները պաշտպանած ատեն զոհուած զինուորը կորուստ չէ, այլ հերոս մը շահելու հպարտութիւն է:
Ըստ նախարարին, հայկական բանակի կազմաւորման ու հզօրացման ընթացքին կարեւորագոյն հանգամանքը միասնակամութիւնը եղած է վտանգի պահուն: Նորագոյն պատմութեան վերջին ժամանակահատուածը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն, կառավարութեան եւ ժողովուրդին աջակցութեամբ ստեղծած ենք պետութիւն, բանակ, որոնք կ՛ապահովեն անվտանգութիւնը հայրենիքին եւ հաստատուն քայլերով կ՛արձանագրեն յառաջընթաց:
Նախարարը նաեւ դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը դիւրին չէ եղած, լի եղած է պայքարով եւ ինքնապաշտպանութեամբ, զորս կատարած է հայութիւնը յաջողութեամբ` իր ինքնութեան պահպանման ի խնդիր: Հայ ժողովուրդի զաւակները երբեւիցէ չեն ափսոսացած իրենց կեանքերը տալու, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիքի ապագան ապահովել: «Ազգեր չեն կրնար առանց զոհողութեան, առանց կեանքի կորուստի փրկել իրենց արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:
Նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին, որ ճանչցած եւ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պատգամը կը կայանայ ամէն հայու սրտին մէջ, իր ապրած պատմութեան մէջ, որ լսած ու զգացած է: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պէտք է լաւագոյն առիթը հանդիսանան հայ ժողովուրդի վերածնունդին, ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է պատմութեան մէջ նոր էջ բանալ եւ դէպի ապագայ ընթանալ անցեալէն դասեր քաղելով:
Պաշտպանութեան նախարարը վստահեցուց, որ եթէ ուզենք, որ մեր ապագան անվտանգ ըլլայ, պէտք է ուղղորդուինք բանակ-ժողովուրդ հասկացողութեամբ: Մեր բանակին թիւը պէտք է ըլլայ այնքան, որքան որ է մեր` հայութեան թիւը, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, չմոռնալով նաեւ ծպտեալ հայերը, որոնք կը ճանչնան իրենց ինքնութիւնը, ապա ան կարեւոր նկատեց իւրաքանչիւր հայու նուիրուածութիւնը եւ տաք շունչով ծառայութիւնը իր հայրենիքին` ըսելով, որ ամէն հայ իր գործին զինուորը պէտք է ըլլայ: Իւրաքանչիւր ղեկավար, ինչ ասպարէզի մէջ որ ըլլայ, իր գործին հրամանատարը պէտք է ըլլայ եւ հաւատաւոր զինուորը իր հայրենիքին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին հայ ժողովուրդը պէտք է օգտագործէ իր բոլոր կարելիութիւնները, նիւթական եւ արհեստագիտական բոլոր միջոցները` ազդեցութիւն ունենալու իր շրջապատին մէջ, իր ապրած երկրին մէջ, նոյն ատեն պաշտպանելու եւ հասու դարձնելու հայ երիտասարդութիւնը յատկապէս, որ ժայռի նման ամրանայ: Ան մեծ ուրախութեամբ դիտել տուաւ, որ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան առումով լիբանանահայութիւնը ունի գործնական դրսեւորումներ եւ յիշատակելի նախաձեռնութիւններ:
Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հզօր բանակով կը նպատակադրէ իր սահմաններու ընդլայնումը շրջանին մէջ: Արցախի ազատագրումը արդէն յաղթանակ է այս առումով, որուն շնորհիւ կը շարունակենք ազդեցութիւն եւ դերակատարութիւն ունենալ շրջանին մէջ: Իսկ մեծ ու հզօր Հայաստան ունենալը իւրաքանչիւր հայու երազն է, որ օր մը նաեւ իրականութիւն պիտի դառնայ, դիտել տուաւ պաշտպանութեան նախարարը:
Ան աւարտեց խօսքը ըսելով, որ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը օրօրոցային վրէժի մէջ պէտք է տեսնել:
Հանդիպումի աւարտին պաշտպանութեան նախարարը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
«Լիբանանի Մէջ Հայ Խաղաղապահներու Թիւը
Աւելցնելու Հաւանականութիւն Կայ»
Լիբանանի մէջ գտնուող պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելեց ՄԱԿ-ի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան կեդրոնատեղի եւ հանդիպում ունեցաւ առաքելութեան մասնակցող ուժերու հրամանատար, Իտալիոյ զինուած ուժերու գնդապետ-զօրավար Լուչիանօ Փորթոլանոյի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդեն պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան կազմին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութեան, միջազգային առաքելութիւններուն Հայաստանի ընդգրկուածութեան, Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահներու թուակազմի հաւանական յաւելման հետ կապուած եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան կեդրոնատեղիէն պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շամա զինաւան, հանդիպեցաւ հայ խաղաղապահներուն, ծանօթացաւ ծառայութեան պայմաններուն եւ հայ խաղաղապահներուն կողմէ իրականացուող առաջադրանքներուն: Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքեւ հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծառայութեան համար: