Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Հռոմի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իտալիոյ Նախագահին Եւ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ. «Մենք Լիբանանցիներուն Պարտք Ունինք Վերադարձնելիք»

April 10, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10430_bԻտալիա պաշտօնական այցելութեան  ծիրին մէջ  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  այցելած է Վիթթորիանօ թանգարանային համալիր, ծաղկեպսակ զետեղած Անծանօթ  զինուորի յուշարձանին, ապա տեսակցած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ:

«Իտալիոյ նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է առ այն, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն ետք Հայաստան կը շարունակէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու  զարգացման միտուած քայլերը եւ աւելցուցած, որ այդ անդամակցութիւնը նաեւ նոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստան – Իտալիա յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Երկու երկիրներուն նախագահները միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ Հայաստանի եւ  Իտալիոյ փոխադարձ գործակցութեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցերու շուրջ:

Ըստ Հայաստանի նախագահին, ներկայ այցելութիւնը բարեկամ Իտալիա հայ ժողովուրդին  համար կարեւորագոյն պահուն, երբ Հայաստանի իշխանութիւններն ու համայն հայութիւնը կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, լաւագոյնս կը փաստէ մեր երկրին կողմէ Իտալիոյ  հետ երկկողմանի կապերուն տրուող կարեւորութիւնը:

Նախագահները քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթը», մասնաւորապէս նշուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատու ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Իտալիոյ Պաշտպանութեան
Նախարարին Հետ

Պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  տեսակցած է նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթիի հետ: Անոնք կարեւոր նկատած են այն փաստը, որ զինուորական մարզին մէջ հայ-իտալական համագործակցութիւնը չի սահմանափակուիր երկկողմանի ձեւաչափով եւ կ՛ընդգրկէ նաեւ խաղաղապահութեան մարզը:

«Հայ-իտալական զինուորական գործակցութեան օրակարգին մէջ կարեւոր նկատելով նաեւ կրթութեան մարզը` Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Իտալիոյ կողմէ տարիներ շարունակ հայ զինուորներուն կրթաթոշակներ յատկացնելու հանգամանքը, որուն շնորհիւ հայ սպաները բարձր որակի կրթութիւն կը ստանան Իտալիոյ մէջ: Նախագահը իբրեւ համագործակցութեան յաջող օրինակ նշած է Իտալիոյ զինուորական կաճառի շրջանաւարտ Արտաշէս Դանիելեանը, որ Լիբանանի մէջ հայաստանեան խաղաղապահ ուժերու հրամանատարն է», մասնաւորապէս ըսուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատու ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են  Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:

«Հանդիպումէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթիի հետ մասնակցած է պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կազմակերպուած տեսախորհրդաժողովին, որ կայացած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ միացեալ  խաղաղապահ գործողութիւն իրականացնող հայ եւ իտալացի զինուորներուն հետ»:

Նշենք նաեւ, թէ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Լիբանանի մէջ գտնուող հայ խաղաղապահներուն` յայտնելով, որ «մենք պարտք ունինք լիբանանցիներուն վերադարձնելու, թէեւ երբեք չենք կրնար փոխհատուցել այն, ինչ որ անոնք Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար ըրին: Անոնք ոչ միայն կարելիութիւններ տուին մեր հայրենակիցներուն ապրելու Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ կարելիութիւններ` պահպանելու իրենց ինքնութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը»:

 

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Մեկնեցաւ Վատիկան

Յաջորդը

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լացիօ Ռոմա – Եուվենթուս Աւարտական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.