Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ապրիլ 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-10-15_pakradouni_baladՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սատա Պալատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, լիբանանահայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի կառավարութեան եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին 24 ապրիլը վերածելու ազգային սգատօնի եւ պաշտօնական արձակուրդի օրուան, որպէսզի հայութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները կարենան ոգեկոչել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն Լիբանանի ամէնէն հին կուսակցութիւնն է` նշելով, որ անիկա Լիբանանի մէջ կը գործէ 1904-էն ի վեր:

Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն կը գործէ ի խնդիր Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ կան տարբեր տեսակէտներ եւ մօտեցումներ, որոնք երկփեղկում չեն նկատուիր, այլ կեցուածքներու բազմազանութիւն: «ՀՅԴ-ի շահերուն նկատմամբ յանձնառու կը մնան ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր անդամները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաղաքական դաշնակիցներու առումով ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ, իսկ երկխօսութիւնը, ուրիշին հանդէպ բացուելու եւ ձեռք երկարելու քաղաքականութիւնն ու չափաւորականութիւնը պիտի մնան ՀՅԴ-ի կարգախօսները, որոնք որդեգրուած են 1975-էն ի վեր:

Պատասխանելով Հնչակեան կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ներքին հարցերու մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ էական հարցեր չկան լիբանանահայութեան ապագային եւ անոր ապահովութեան շուրջ:

Իրանի հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւններուն մասին կատարուած անդրադարձին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Իրանի հետ յարաբերութիւնները միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են` նկատի ունենալով, որ Իրանի հայոց թեմերը ուղղակիօրէն կապուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Ան նշեց, որ Իրանի մէջ կ՛ապրի իրանահայ փոքրամասնութիւն մը որ կատարեալ ազատութիւններ կը վայելէ` ուսման եւ կրօնի մարզերուն մէջ, «իրանեան իշխանութիւնները կը յարգեն հայկական հոգեւոր խորհուրդները: Իրանահայութիւնը երկրին խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է երկու երեսփոխանով, իսկ քաղաքական առումով Թեհրան կը զօրակցի Հայ դատին եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործած թուրքերը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին եւ սուրիահայութիւնը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու քայլերուն` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի համար առաջին օրէն իսկ յստակ էր, որ Սուրիոյ պատերազմը մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պատերազմ չէ, այլ` սուրիական հողին վրայ այլոց պատերազմը: «Սուրիոյ հետ մեր կապը խոր է, օսմանեան ջարդերուն իբրեւ հետեւանք սուրիական հողերը շաղախուած են հայոց թափած արիւնով, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք, Սուրիան եղած է հայութիւնը գրկող առաջին երկիրը: Հետեւաբար մենք կը մերժենք Սուրիոյ պատերազմը եւ կը զօրակցինք քաղաքական որեւէ լուծումի` սուրիական բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ», ըսաւ ան:

Սուրիահայութիւնը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հաւատադրժողական շարժումներուն ստեղծումէն ի վեր սուրիահայութիւնը բազմիցս թիրախ դարձած է Քեսապի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի քանդումով, Տէր Զօրի եւ Մարկատէի եկեղեցիներուն քանդումով, ինչպէս նաեւ Շատատէի մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան հետքերը անհետացնելու քայլերով: «Մենք համոզուած ենք, որ այս բոլոր յարձակումներուն ետին կը կանգնին թուրքերը, որոնք տարուած են շրջանին տիրելու եւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու երազով», աւելցուց ան:

Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական, տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը կատարեալ հասկացողութեամբ կը մօտենայ այդ յարաբերութիւններուն, որոնք միջպետական են, սակայն հարցը հետեւեալն է. «Կրնա՞յ ըլլալ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը նեցուկ չկանգնի 150 հազար հաշուող լիբանանահայութեան, որուն նախահայրերը սպաննուած են ոճրագործ թուրքին կողմէ: Մենք Լիբանանի կառավարութենէն չենք պահանջեր Թուրքիոյ դէմ ժխտական քայլեր որդեգրել, պարզապէս կ՛ուզենք, որ ան մեր ցաւը բաժնէ: Իբրեւ երկիրը բաղկացնող եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, մենք Լիբանանի կառավարութենէն կը պահանջենք, որ 24 ապրիլը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ազգային սգատօն յայտարարէ եւ պաշտօնական արձակուրդ շնորհէ: Մենք մեր լիբանանցի գործակիցներէն կը պահանջենք 24 ապրիլը նկատել դպրոցներու, համալսարաններու, գործարաններու, դրամատուներու եւ տնտեսական խորհուրդներու արձակուրդի օր եւ շինիչ ու գործօն կեցուածքներով ներդրում ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին մէջ եւ չբաւարարուին միայն մեզ գովաբանելով: Մենք կը յարգենք Լիբանանի բոլոր նահատակները, դուք ալ յարգեցէ՛ք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, որոնք զոհ գացին մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Մէկ Հարուածով Երկու Ահաբեկիչ Որսացին

Յաջորդը

Աշխարհի Տարածքին Երկիրներ, Նահանգներ Եւ Քաղաքային Խորհուրդներ Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հոլանտայի Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու Տունը Որոշում Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?