Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումները Վատիկանի Բարձրաստիճան Պատասխանատուներուն Հետ

April 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-14-15_vadՎատիկան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան վերջին օրը, երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի բարձրաստիճան հետեւեալ կարտինալներուն հետ:

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած Վատիկանի պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինիի հետ` Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի ներկայութեան: Հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց կարտինալին` Ցեղասպանութեան գծով Ֆրանչիսկոս պապին կատարած յայտարարութեան համար: Այս ուղղութեամբ կարտինալ Փարոլինին կարեւոր դեր կատարած էր` իբրեւ Վատիկանի արտաքին քաղաքականութեան վերին պատասխանատուն: Վեհափառ հայրապետին եւ կարտինալին հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցը: Կարտինալը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն իր անձնական ներկայացուցիչը պիտի ղրկէ Լիբանան, որպէսզի աւելի մօտէն զբաղի յիշեալ հարցով:

Ապա, վեհափառ հայրապետը այցելեց Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց կեդրոնատեղին եւ ընդունուեցաւ անոր նախագահին` կարտինալ Քոխին եւ անոր օգնականներուն կողմէ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ երեւոյթները, իր դրական ու բացասական երեսներով` միաժամանակ ներկաներուն հետ բաժնելով իր անձնական տեսակէտները: Ապա, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն:

Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նոյն բաժանմունքի բոլոր պատասխանատուները: Քննարկումի նիւթ դարձան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Վեհափառ հայրապետին կողքին վերոյիշեալ հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանն ու Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:

 

 

Նախորդը

«Գերմանիա Չ՛ուզեր Խառնուիլ 1915-ի Կոտորածի Եւ Տեղահանութեան Ճանաչման Հարցերուն» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Կառավարութեան Բանբերը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.