«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Լիբանանի կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 14 ապրիլին հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-լիբանանեան համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներն ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Կողմերը կարեւոր նկատած են երկու երկիրներու զինուած ուժերուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ, այս տարուան մարտին ստորագրուած երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրի ամբողջական իրականացումը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը: Այս պարունակին մէջ նախարար Օհանեան Լիբանանի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն տալու Հայաստան:
Նոյն օրը նախարար Սէյրան Օհանեան տեսակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: