ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան չի կարծեր, որ Անգարա պիտի խզէ յարաբերութիւնները Վատիկանի հետ:
«Որոշ բաներ պիտի փորձեն յառաջիկայ օրերուն` սաստելու համար հաւանական այլ` ըստ իրենց, մեղաւորներուն: Բայց ասիկա իսկապէս մեծ արձագանգի արժանացած է Թուրքիոյ մէջ: Արտաքին գործոց նախարարէն ու վարչապետէն բացի հարցին անդրադարձած է նաեւ խորհրդարանի նախագահը, իրենց կրօնական հարցերու նախարարի պատասխանատուն, կրօնական հարցերու այդ կառոյցի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հարցերով նախարարը: Չեմ գիտեր այդպիսի մարդիկ իրենց ըսելէն ետք կը կարդա՞ն արդեօք` ինչ ըսին, այսինքն` կարծէք, երբ որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուի, պէտք է անընդհատ ըսուի, որ աշխարհի մէջ այսքան միլիոն զոհեր խլեց Համաշխարհային Ա. պատերազմը, որուն մաս կազմեց նաեւ Օսմանեան կայսրութեան թուրք կամ, իրենց ըսելով, մահմետական ժողովուրդը», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Մանոյեան:
Ֆրանչիսկոս պապի պատարագի աւարտէն անմիջապէս ետք, Անգարայի մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Վատիկանի դեսպան Անթոնիօ Լիուցիպելոն եւ բողոք յայտնած: Վատիկանի դեսպանին նախատելէն ետք Անգարա խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչած է Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպան Մեհմեթ Փաչաճըն: Դիւանագիտութեան աշխարհին մէջ ատիկա կը նկատուի շատ լուրջ նախազգուշացում, որուն կրնայ յաջորդել կապերու սառեցումը կամ խզումը:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէնին, Անգարայի այսպիսի մօտեցումները հակառակ հակազդեցութիւնը պիտի ստեղծեն յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, որուն հետ Անգարա բազմաթիւ խնդիրներ ունի:
«Թուրքիոյ ղեկավարները հիմա այսպէս կը վերաբերին, որովհետեւ այն, ինչ որ կատարուեցաւ այս վերջին օրերուն, ատիկա այն ցունամին էր, որուն մասին իրենք քանի մը տարի առաջ ակնարկեցին եւ մտահոգուած էին, եւ, կը կարծեմ, ասիկա հետզհետէ աւելի պիտի մեծնայ` 22-24 ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք այդ նախաձեռնութիւններով, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ արդէն տեղի ունեցող ձեռնարկներու իբրեւ արդիւնք», ըսաւ Մանոյեան:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պաշտօնական ներկայութիւն պիտի ունենայ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, իսկ պատուիրակութեան կազմը պիտի նշանակէ անձամբ երկրի նախագահ Պարաք Օպաման:
Կ՛ենթադրուի, որ Օպամայի` Հայաստան գալու մասին այլեւս խօսք չի կրնար ըլլալ: Հարցումին, թէ ասիկա կը տեղաւորուի՞ ակնկալիքներու ծիրին մէջ, Մանոյեան պատասխանեց. «Այո՛, յատկապէս հաշուի առնելով, որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ միջոցառում` 7-9 մայիսին, որուն պիտի մասնակցին դարձեալ երկու վեհափառները: Վստահ չեմ, որ մեր նախագահը պիտի մասնակցի, բայց Օպաման այդտեղ եւս մասնակցելու կարելիութիւն ունի: Պարզ էր, որ Միացեալ Նահանգներ բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ պիտի մասնակցէր, ի տարբերութիւն` Կալիփոլի չուղարկելու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն, բայց այլ երկիրներ ալ կան, որ հակառակը կ՛ընեն, օրինակ, Բրիտանիա բարձրաստիճան պատուիրակութիւն կ՛ուղարկէ այնտեղ, ոչ այնքան բարձր պատուիրակութիւն այստեղ: Ասիկա իրականութեան մէջ այն իրավիճակն է, որ քանի կը մօտենայ 24 ապրիլը, արդէն պետութիւնները պիտի հաշուարկեն, որ ասիկա վերջին առիթն է, այսպէս ըսած, որ այսպէս խորհրդանշական տարուան մը կամ տարելիցի առիթով իրենք յստակ խօսք կա՛մ ունին ըսելու, կա՛մ արդէն առիթը կը փախցնեն», ընդգծեց Մանոյեան:


