Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մէ՛Կ Է Մեր Երթը. Աննահա՛նջ Է Մեր Պայքարը» ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ապրիլեան Ձեռնարկը` Ղասսան Ռահպանիի Մասնակցութեամբ

Ապրիլ 14, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-13-15_lem-1ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկը, Ամանոսի «Թեհլիրեան» ակումբին մօտ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը  Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով բացումը կատարեց ոգեկոչման երեկոյին:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը հայերէն լեզուով արտասանեց Պետիկ Իզմիրեան: Ան ակնարկեց պատմական իրողութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով հայու դիմադրողական ոգին եւ  անոր հաւաքական ուժը, որ եղած է հայու նկարագիրին ամէնէն ուժեղ սիւնը: Իզմիրեան նաեւ փոխանցեց Լիզպոնի տղոցմէ Վաչէ Տաղլեանին պատգամը` զայն կապելով ԼԵՄ-ական երիտասարդի  առօրեային: «Մենք` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, կը պահանջենք ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդար դատի հատուցում», շեշտեց ան: Իզմիրեան փակեց խօսքը երդուելով, որ դաշնակցական երիտասարդը պիտի շարունակէ իր երթը, մինչեւ որ իրականացնէ իր երազը` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումը:

Սիպէլ Աւետիսեան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին անունով արաբերէնով փոխանցեց բացման խօսքը: Ան նախ եւ առաջ շեշտեց, որ թուրքերը Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդներն են, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն իրենց ոճրագործութիւնը` նշելով, որ Լիբանանն ալ իր բաժինը ունէր օսմանեան ոճրագործութենէն: «Հայոց ցեղասպանութիւնը գոյապաշտպանութեան դատ չէ միայն, այլ նաեւ մարդկային դատ է», ըսաւ Աւետիսեան:

Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ ժապաւէնի  ցուցադրութիւն, որ պատրաստուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին երիտասարդներուն կողմէ: Ժապաւէնին ընդմէջէն ցուցադրուեցաւ հայ ժողովուրդին վճռական ապրելու ոգիին պատմութիւնն ու լիբանանահայերուն վկայութիւնները:

Սինթիա Աննայեան ֆրանսերէնով ասմունքեց Շարլ Ազնաւուրի «Իլ սոն թոմպէ» երգին բառերը, իսկ Սեւակ Արոյեան իւրայատուկ ոճով Գէորգ Էմինէն ասմունքեց «Մենք» կտորը:

Համբիկ Պիլալեան
Համբիկ Պիլալեան

Օրուան բանախօս Համբիկ Պիլալեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ 2015 թուականը տարբեր հնչեղութիւն ունի, ա՛յլ իմաստ կը փոխանցէ, որովհետեւ սովորական տարեթիւ մը չէ անիկա, ոչ ալ օրացուցային առօրեայ ժամանակ ցոյց տուող սոսկական թիւ, այլ` դարաւոր ազգի մը` այս պարագային` Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակն է:

Պիլալեան երախտագիտութիւն յայտնեց արաբ թէ այլ բարեհոգի ժողովուրդներու, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն օգնեցին եւ թիկունք  կանգնեցան թուրքի եաթաղանէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն: «Սիրելինե՛ր, մարդկային միտքն ու խիղճը մինչեւ օրս տակաւին չեն կրցած հասկնալ եւ ընդունիլ թուրք մարդասպաններու եւ քիւրտ աւազակներու կողմէ կատարուած սպանդներուն ահաւորութիւնը: Մինչեւ հիմա քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կը փորձէ նուազագոյն չափով ըմբռնել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ թուրքին  գործադրած մարդասպանութիւնը ազգի մը հանդէպ, բանական մարդու երեւակայութենէն վեր է ու անըմբռնելի», շեշտեց ան:

Ան փակեց իր պատգամը յատուկ կոչ ուղղելով հայ երիտասարդութեան, որ պարտք նկատէ պայքարելու բոլոր ճակատներուն վրայ` թուրքին էութիւնը բացայայտելու եւ հայոց իրաւունքներու հատուցման ժամանակը մօտեցնելու, ինչ որ կ՛իրականանայ միայն պայքարի ու հաւատքի ոգիով, նահատակներու կտակին տէր կանգնելով:

4-13-15_lem-3Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ղասսան Ռահպանին փոխանցելու համար իր սրտին խօսքը: Ան նախ եւ առաջ շնորհաւորեց եւ գնահատեց Հայոց ցեղասպանութեան գծով Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս քահանայապետի յայտարարութիւնը: Ան հայութեան գոյութիւնը Լիբանանի մէջ կարեւոր նկատելէ ետք, երգեց հայութեան նուիրած իր երգը:

4-13-15_lem-4Ոգեկոչման երեկոն փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» երգով եւ մոմավառութեամբ, երբ 900-էն 1000 ներկաներ, ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէյի սկաուտներուն, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան մասնաճիւղին ընկերակցութեամբ  ուղղուեցան դէպի Ամանոսի «Լիբանանի անկախութեան» հրապարակ եւ մոմեր զետեղեցին յուշարձանին առջեւ:

 

 

Նախորդը

ԱՖՀԻԼ-ի Մարզանքի Երրորդ Կեդրոնին Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը` Ֆանարի Մէջ

Յաջորդը

Ռմբակոծումներ Սուլէյմանիէ Թաղամասին Վրայ. «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնը` Վնասուած

RelatedPosts

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ  ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան  Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

Մարտ 22, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023
Դէպի Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչում` Այլ Ընտրանք Չկայ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Շրջափակումը Դէմ Է Մարդկային Արժանապատուութեան Ու Միջազգային Օրէնքին»

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In