Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու Կեդրոնական Պեքաայի քաղաքապետութեանց միութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Այնճարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամակի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Շթորայի «Փարք օթել»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի գիրքին շնորհահանդէս-մակագրումը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի, երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթերի, Կեդրոնական Պեքաայի քաղաքապետութեանց միութեան նախագահ դոկտ. Տրղամ Թումայի, հոգեւոր հայրերու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ ոչ հայ հոծ բազմութեան:
Պեքաայի Շթորա քաղաքի «Փարք օթել»-ին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով կատարեց դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան, որ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը: «Հաւաքուած ենք հոս, ոգեկոչելու յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնք բազմաթիւ են», ըսաւ դոկտ. Փիլաւճեան եւ աւելցուց. «Այսօր հոս ենք ոգեկոչելու 121-րդ տարելիցը սուլթան Ապտիւլ Համիտի կազմակերպած ջարդերուն, որոնց զոհ գացին աւելի քան երեք հարիւր հազար հայեր:
Հոս ենք ոգեկոչելու 106-ամեակը Ատանայի ջարդերուն, որոնք կազմակերպուած էին Երիտասարդ թուրքերուն կողմէ», շեշտեց ան: Համաշխարհային Ա. պատերազմին Թալէաթ – Էնվեր Ճեմալ եռեակը, սիոնականութեան զօրակցութիւնը վայելելով, հրահրեց եւ կազմակերպեց Հայոց ցեղասպանութիւնը: Փիլաւճեան պատմական ակնարկով թուեց թուրքերու կազմակերպած Ցեղասպանութեան երեք փուլերը, երբ հայ մտաւորականներու, արուեստագէտներու, կրթական մշակներու ընտրանին ձերբակալուեցաւ, աքսորուեցաւ, տեղահանուեցաւ եւ դէպի ստոյգ մահ ղրկուեցաւ: Երկրորդ փուլով` օսմանեան բանակին մէջ օրին ծառայող հայ զինուորները ապազինուեցան եւ հրկիզուեցան, իսկ երրորդ փուլով` հայ ժողովուրդի զաւակները բռնի տեղահանուեցան եւ մահուան առաջնորդուեցան: «Ոմանք կարծեցին, որ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու թուրքը փոխուած է, սակայն 1988-ի Սումկայիթի սարսափները եկան վերահաստատելու անոնց բարբարոսութիւնները: Դոկտ. Փիլաւճեան թուեց ազրպէյճանցիներու եւ թուրքերու գործած նորագոյն ոճիրները` 2004-ին սպայ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահարումէն` ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ մինչեւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր` Հրանդ Տինքի սպանութիւնը: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող զինեալներ հրկիզեցին Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին 21 սեպտեմբեր 2014-ին եւ փճացուցին անոր արխիւները: Իսկ 23 փետրուար 2015-ին, Թուրքիա մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրեց եւ այրել տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող Եգիպտոսի արխիւները: «Ցեղասպանութիւնը կը ձգտէր արմատախիլ ընել եւ բնաջնջել հայերն ու այլ ժողովուրդներ, ինչպէս` քիւրտերը, ասորիները եւ ուրիշներ, եւ այս` իրագործելու համար իր թուրանական ծրագիրի երազը: «Սակայն հայութիւնը յաջողեցաւ վերականգնիլ եւ գոյատեւել», ընդգծեց դոկտ. Փիլաւճեան: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս ձեռնարկի կազմակերպման:
Արաբերէնով խօսք առաւ դոկտ. Նորա Արիսեան, որ ամփոփ ակնարկով ներկայացուց դեսպան Արշակ Փոլատեանի աշխատասիրած «Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ գիրքը: Արաբերէնով ներկայացուցած իր գրախօսականին մէջ դոկտ. Արիսեան թուեց 215 էջերէ բաղկացած գիրքին բովանդակութեան գլխաւոր խորագիրները` ընդգծելով անոր ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայկական թէ արաբական դիտանկիւնէն: «Այս աշխատասիրութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ փաստագրեալ հիմնաւորումներով կը վկայէ տուեալ շրջանի հայերուն պատմութիւնը` զայն արծարծելով համաշխարհային հարթակներու վրայ», շեշտեց Արիսեան` նշելով, որ անիկա կը հարստացնէ արաբական գրադարանը` հայկական հարցին առնչուող աղբիւրներու ծիրին մէջ:
«Այս աշխատութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա ականատեսի հիմնաւորեալ վկայութիւններ կը ներկայացնէ, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի երեք անձնաւորութիւններու անունով, որոնք են` սուրիացի Ֆայեզ Ղոսէյն, օսմանցի պաշտօնատար Նայիմ Պէկ եւ հայր Իսհաք Սրիանի», շեշտեց ան: Ապա Արիսեան ամփոփ եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Դամասկոսի Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը` ընդգծելով, որ այս գիրքը փաստագրեալ անաչառ վկայութիւն է:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Կեդրոնական Պեքաայի քաղաքապետութեանց միութեան նախագահ դոկտ. Տրղամ Թումա, որ բարձր գնահատեց հայերու, յատկապէս Այնճարի հայութեան մատուցած նպաստը, Այնճարի զարգացման եւ բարգաւաճման մէջ: Ան խոր շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին` նշելով, որ ինք ջերմօրէն հպարտ է նման առիթի մը հրաւիրուելուն համար: Ան հայերէնով ըսաւ. «Ես եւս կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»:
Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ նաեւ գիրքին հեղինակը դոկտ. Արշակ Փոլատեան: Ան արաբերէնով ողջունեց ներկաները` նշելով, որ այս ձեռնարկին մեծ թիւով ոչ հայ ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը ինքնին ապացոյց է հայ-արաբ բարեկամութեան:
Ան թուեց Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, 1915-ին գործուած սարսափները` ընդգծելով, որ անիկա «ամօթի խարան» մըն է Թուրքիոյ ճակտին:
Ապա հանդիսավար դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:
Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ամէն տարի, ա՛յս օրը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ էր յանցանքը իր հօր, որ որբացաւ: «Ես նահատակի թոռնիկ եմ, դուք ալ թոռներն էք անօթութեան եւ սովի հետեւանքով զոհուած լիբանանցիներու», ըսաւ Բագրատունի` մէջբերելով Թուրքիոյ օրուան պաշտպանութեան նախարարին այն խօսքը, թէ` «հայերը բնաջնջեցինք սուրով, իսկ լիբանանցիները` սովամահութեամբ:
Բագրատունի մէջբերեց թուրք բժիշկ Ռաշիտ Ժըհայի այն խօսքը, թէ` «թէեւ բժիշկ եմ, սակայն այս չի նշանակեր` անտեսել ազգայնականութիւնս: Հայերը պարզապէս միջատներ են, եւ իբրեւ բժիշկ պարտականութիւնս է սպաննել միջատները»: Բագրատունի մէջբերեց նաեւ նոյնինքն Աթաթուրքի խօսքերը Հայոց ցեղասպանութեան սարսափներուն մասին եւ հարց տուաւ Պաղեստինի, Իրաքի թէ այլուր ջարդուող ժողովուրդներու, մանուկներու սարսափելի կացութեան տուն տուող պատճառներուն մասին:
Ապա, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով ողջունեց ներկաները` իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնելով դեսպան Փոլատեանին: Ան նաեւ հայերէնով ողջունեց ներկաները` յիշեցնելով յունուար 2015-ին Երեւանի մէջ գումարուած համասփիւռքեան ներկայացուցիչներու հանդիպումը եւ այս առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը: Ապա ան նաեւ արաբերէնով շնորհաւորեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի այս իրագործումը:
Թուելով հայութեան պատսպարման ու փրկութեան նպաստած անձնաւորութիւններուն անունները` դեսպան Քոչարեան ընդգծեց, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ Թուրքիա ճանչնայ եւ ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան վերահաստատեց միջհայկական միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական զօրակցութիւնը` լիբանանահայերուն եւ սուրիահայերուն:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ կարճատեւ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ արաբերէնով կը բացատրէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկի իմաստը:
Նմանապէս` ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Աշոտ Ճենտերեճեանի, դաշնակի, թաւջութակի եւ ջութակի վրայ ելոյթ ունեցաւ, նուագելով Կոմիտասի եւ այլ հանրածանօթ ոչ հայ երաժիշտներու գործերէն: Համոյթին կը մասնակցէին` Հրակ Տեմիրճեան, Մարինէ Հալաճեան, Նարէ Աշգարեան, Խաժակ Խաչատուրեան, Նարօտ Սուրճեան, Դալար Մանճեան, Նարօտ Խտըրլարեան, Ժան-Փոլ Գասարճեան, Հենրի Իշխանեան եւ Արմէն Ճենտերեճեան:
Նշենք, որ սրահի մուտքին զետեղուած էին գիրքին մէջ յիշուած նկարները` արուեստագէտ Նանօր Հաճեանի գեղարուեստի գործերէն:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին դեսպան Փոլատեան մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ` փափաքողներուն: