Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդի Տառապանքը, Որոշ Չափով, Յիսուսի Տանջանքներուն Շարունակութիւնն Էր» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ապրիլ 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
4-10-15_pope
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. եւ Ֆրանչիսկոս պապը

«Վատիկանի ձայնասփիւռ»-ը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը ընդունած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայրապետական սինոտի արքեպիսկոպոսները, որոնք վաղը պապին հետ միասին պատարագ պիտի մատուցեն Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

«Մենք Աստուծոյ ողորմութիւնը կ՛աղերսենք, որպէսզի ան մեզի օգնէ ամոքելու ամէն վէրք սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան ոգիով եւ մօտեցնէ ժողովուրդներուն միջեւ հաշտեցման ու խաղաղութեան շօշափելի գործողութիւնները, որոնք մինչեւ օրս չեն կրնար խելամիտ համաձայնութեան հասնիլ այդ տխուր իրադարձութիւններու գնահատման հարցին մէջ», ըսած է պապը` դիմելով հայ եպիսկոպոսներուն:

«Ես խորապէս մտահոգ եմ իրավիճակին համար այն շրջաններուն, ներառեալ` Հալէպի… որոնք 100 տարի առաջ յուսալի հանգրուան դարձան փոքրաթիւ վերապրածներու համար: Այդ շրջանները վերջերս վտանգաւոր դարձած են այդտեղ բնակող քրիստոնեաներուն համար եւ ոչ միայն հայ», ըսած է պապը:

Ան ըսած է, որ հայ ժողովուրդը, որ ըստ աւանդութեան, առաջինն էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց 301-ին, երկու հազարամեակի պատմութիւն ունի եւ կը պահպանէ հոգեւոր եւ մշակութային փառահեղ ժառանգութիւնը` միաժամանակ ունակ ըլլալով տակաւին յարութիւն առնել բազմաթիւ հալածանքներէ եւ փորձութիւններէ ետք: Ան հայերուն յորդորած է «միշտ հաւատարիմ մնալ Տիրոջ երախտագիտութեան զգացումին` նոյնիսկ ծանրագոյն ժամանակներու մէջ անոր հաւատարիմ մնալու այդ ունակութեան համար: Բացի ատկէ, կարեւոր է սրտի իմաստութիւն հայցել Աստուծմէ. 100-ամեայ վաղեմութեան զոհերու մասին յիշատակը ի յայտ կը բերէ «միսթերիում ինիքուիթաթիս»-ի խաւարը»:

Հռոմի քահանայապետը նաեւ յիշատակած է բոլոր անոնք, որոնք ջանքեր գործադրած են մեղմացնելու հայ ժողովուրդի տառապանքները, նախ եւ առաջ Պենետիկտոս ԺԵ. պապին, որ բանակցած է սուլթան Մեհմետ Ե.-ի հետ` հայերու չարչարանքներուն վերջ տալու համար: Պենետիկտոս ԺԵ.-ը «քրիստոնեայ Արեւելքի մեծ բարեկամը եղած է», յիշեցուցած է պապը:

Վաղը «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետներ»-ու շարքին պիտի դասուի Ս.Գրիգոր Նարեկացին:

Վատիկանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի
Պատարագը Համայն Աշխարհին Պիտի Հեռարձակուի

12 ապրիլին, Հռոմի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պիտի մատուցէ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին պիտի շնորհուի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսը: Համապատարագիչն է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:

Վատիկանի ձայնասփիւռը կը յայտնէ, որ աշխարհի տարբեր կայաններ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակեն Ս. պատարագը, իսկ ձայնասփիւռի հայկական բաժինը Հռոմի սրբազան քահանայապետին լատիներէնով պատարագը պիտի հեռարձակէ հայերէն մեկնաբանութեամբ` www.radiovaticana.va կայքով:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներ:

Նախորդը

Սարգսեան. «Պատասխանատու Ենք Բոլորին Առջեւ, Որոնք Վտանգուած Են Նոյնիսկ Մեր Օրերուն»

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?