Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով` Լիբանանի նամակաբաշխման «Լիպան Փոսթ» ընկերութիւնը, հրապարակած եւ շրջանառութեան տակ դրած է յիշատակի բացիկ մը (քարթ փոսթալ), որուն վրայ պատկերուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի Անմար կրակը: Անոր վրայ փակցուած է նաեւ անցեալ տարի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան հրապարակած` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած Պիքֆայայի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի նկարով պաշտօնական դրոշմաթուղթը:
Սոյն յիշատակի բացիկին տպաքանակը միայն 1999 օրինակ է:
Իւրաքանչիւր օրինակի սակը 8000 լիբ. ոսկի է եւ կարելի է ստանալ «Լիպան Փոսթ»-ի կեդրոններէն:


