Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Ս. Պատարագ Վատիկանի Մէջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Անգարա Տուն Կանչեց Վատիկանի Մէջ Իր Դեսպանը «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յիշելը Պարտադիր Է. Յանցանքը Ծածկել Կը Նշանակէ Թոյլ Տալ, Որ Վէրքը Արիւնահոսի» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ապրիլ 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-12-15_Rome12 ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական Ս. պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներ:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագին ընթացքին Ս. Գրիգոր Նարեկացիին պաշտօնապէս շնորհուեցաւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ»-ի տիտղոսը: Պատարագեց Ֆրանչիսկոս պապը: Համապատարագիչն էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:

4-12-15_Rome2Ֆրանչիսկոս պապը իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Սիրելի՛ հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, տարբեր առիթներով սահմանած եմ, որ կ՛ապրինք պատերազմի ժամանակաշրջանի մէջ, որովհետեւ ականատես ենք աւերներու խենթութեան, որ ցաւօք այսօր կը շարունակուի: Մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելիութեան համար դաժանօրէն կը սպաննուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, ողջ-ողջ կը հրկիզուին, կամ բռնի կերպով կը տեղահանուին: Այսօր եւս, ցաւօք սրտի, տակաւին կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է»:

Սրբազան քահանայապետը նշեց, որ մարդկութիւնը անցեալ դարուն երեք մեծագոյն ողբերգութիւններ ապրած է, «առաջինը համընդհանուր ձեւով կը սահմանուի իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնաց ձեր հայ ազգը, ինչպէս նաեւ յոյներն ու ասորիները, զոհ գացին նաեւ կիներ, ծերեր, նոյնիսկ երեխաներ: Միւս երկուքին պատասխանատուները նացիականութիւնն ու ստալինականութիւնն են:

«Կը թուի, թէ մարդկութիւնը չի դադրիր անմեղ արիւն հոսեցնելէ, կը թուի, թէ մարդկային ընտանիքը կը մերժէ սորվիլ անցեալի իր սխալներէն, եւ այսօր եւս տակաւին կան ոմանք, որ ջանք կը թափեն ջնջելու իրենց նմանները, մեղսակցութեամբ անոնց, որոնք անտարբեր ըլլալով չեն գործեր: Տակաւին չենք սորված, որ պատերազմը խենթութիւն է:

«Սիրելի՛ հայ հաւատացեալներ, այսօր խոցուած սրտով կը յիշենք այդ անսահման խենթ ողբերգութեան 100-ամեակը. յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը տակաւին բաց կը պահէ վէրքը: Յանցանքը ծածկել, կը նշանակէ արտօնել, որ վէրքը արիւնահոսի», ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը:

Ան ողջունեց եւ ներկայ գտնուելուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահին: Ան նաեւ ողջունեց իր եղբայր պատրիարք եպիսկոպոսները` Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքը այն համոզումով, որ չարիքը չի գար բարի Աստուծմէ, այլ արդիւնք է մարդկային դաժանութեան: «Դաժանութիւնը երբեք պէտք չէ արդարացուի Աստուծոյ անունով: Մեր աչքերը յառենք բարձրեալին, որ յաղթած է չարիքին ու մահուան», իր խօսքը եզրափակեց Հռոմի եպիսկոպոսապետը:

Նախագահ Սարգսեան ողջունեց պապին խօսքը` նշելով, որ անիկա միջազգային ընտանիքին ուժեղ պատգամ մը կը յղէ:

Գարեգին Բ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը
Կը Նպաստէ Արդար Աշխարհի Կերտման»

Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչումը` իբրեւ արդարութեան իրագործման եւ իրաւունքներու հաստատման ազդեցիկ օրինակ, կը նպաստէ ապահով ու արդար աշխարհի կերտման: Այդ մասին յայտարարած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին:

«Այս իմաստով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը հրաւէր է աշխարհին անտարբեր չգտնուելու մարդկային տառապանքի ու նորօրեայ նահատակութիւններու հանդէպ եւ գործադրելու յաւելեալ ջանքեր` դադրեցնելու եւ կանխելու համար մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրները: Այս է այն պտուղը, որ պիտի աճի նահատակութեան արմատէն», ըսած է Գարեգին Բ. վեհափառը:

«Նարեկացի ծնած մեր ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան համար իր պատմութեան ընթացքին բազում արհաւիրքներ տեսած է, փորձութիւններու դէմ դրած է: Մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր ժողովուրդին հանդէպ իրագործուեցաւ ցեղասպանութեան ահռելի ոճիրը: Կանխամտածուած ծրագիրով, աննկարագրելի դաժանութեամբ սպաննուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր: Հինաւուրց մեր ժողովուրդը արմատախիլ եղաւ իր նուիրական բնօրրանէն` պատմական հայրենիքէն եւ տարագիր սփռուեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ:

«Ժամանակին մարդկութիւնը չկրցաւ կանխել Հայոց ցեղասպանութիւնը, վերացնել անոր հետեւանքները եւ ականատեսը եղաւ Ողջակիզումի, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Տարֆուրի եւ այլ ցեղասպանութիւններու: Այսօր ալ տագնապներու, պատերազմներու, ահաբեկչութիւններու պատճառով մարդիկ ու ազգեր նեղութեան ու կարօտութեան մէջ են, հալածանքի կ՛ենթարկուին ու իրենց կեանքով կը վճարեն հաւատքի համար», ընդգծած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչում Ու Հատուցում»
Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

4-12-15_Rome3Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին խօսք առնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է` անջնջելի կերպով արձանագրուած 20-րդ դարու պատմութեան տարերգութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Հետեւաբար, որեւէ փորձ` զայն ջնջելու կամ ուրանալու ձգտող, պիտի ձախողի: «Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը ծրագրուած ու կազմակերպուած ցեղասպանութիւն մը գործադրեց հայ ժողովուրդին դէմ: Ո՛չ միայն մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, այլ նաեւ հազարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր, ազգապատկան կալուածներ, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը, կողոպտուեցան, քանդուեցան կամ բռնագրաւուեցան: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ միջազգային օրէնքին համաձայն: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը իրարու հետ սերտօրէն շաղախուած են միջազգային օրէնքին համաձայն: Մենք Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում կը պահանջենք, այլ խօսքով` արդարութիւն: Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է. արդարութեան բռնաբարումը մեղք է Աստուծոյ նկատմամբ»: Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս պապին պատարագին սկիզբը կատարած յայտարարութեան, թէ «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է», վեհափառը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ յիշեցուց, որ Պենետիկտոս 15-րդ պապը 1915-ին ջարդերու ժամանակ նամակ յղած էր սուլթանին հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ջարդերը դադրեցնելու: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատանքով յիշեց Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն հայ ժողովուրդին արդար դատին նկատմամբ: Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին առաջին բաժինին մէջ հայերէնով արտայայտուեցաւ` յիշելով նահատակներու դերը եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ, նաեւ անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Նարեկացիին` իբրեւ մեծ աստուածաբան: Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը արտայայտուեցաւ անգլերէնով: Երբ վեհափառ հայրապետը Ցեղասպանութեան մասին կը խօսէր յաճախակի կերպով իր խօսքը ծափողջոյններով ընդմիջուեցաւ:

 

Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Երախտագիտութիւն Կը Յայտնէ

4-12-15_Rome4Պատարագի աւարտին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր արտասանած իտալերէն խօսքին մէջ յանուն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանչիսկոս պապին երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակելուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատարագին նախագահելուն համար:

Այս առիթով ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ լիբանանահայ գեղանկարիչ Րաֆֆի Ետալեան սրբազան քահանայապետին նուիրեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբապատկերը:

Յայտնենք, որ հայածէս պատարագին սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի եւ Հայաստանէն յատուկ եկած «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը:

 

Թուրքիոյ Հակազդեցութիւնը

Թուրքիա անմիջապէս Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց եւ Վատիկանի մէջ իր դեսպանը` Մեհմեթ Փաչաճըն խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեց:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Պապին յայտարարութիւնը անընդունելի է Թուրքիոյ համար: Կրօնը պէտք չէ անհիմն յայտարարութիւններու հիմք ծառայէ: Ատիկա կը յանգեցնէ թշնամանքի եւ ատելութեան»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պապին խօսքերը «մեծ յուսախաբութիւն եւ տխրութիւն» պատճառած են, ինչպէս նաեւ Վատիկանի եւ Անգարայի միջեւ «վստահութեան խնդիր» յառաջացուցած: Նախարարութիւնը պապը մեղադրեց «կրած ցաւերուն միջեւ խտրականութիւն դնելու, ընտրողական մօտեցումով Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն զոհուած թուրք եւ իսլամ ժողովուրդներու կրած ցաւերը անտեսելով` միայն քրիստոնեաներուն եւ, մասնաւորաբար, հայերուն ցաւերը յառաջ քշելու մէջ»: Հաղորդագրութեան մէջ Վատիկանը կը մեղադրուի նաեւ «մատուցուած պատարագին ժամանակ պատմութիւնը քաղաքական գործիք դարձնելուն» մէջ:

«Ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացողութիւն մըն է: Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը իր խօսքին մէջ Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի` միջազգային դատարաններուն կողմէ իբրեւ «ցեղասպանութիւն» բնորոշուած ցաւալի դէպքերը որակած է իբրեւ «զանգուածային կոտորած», իսկ դատական որեւէ որոշում չունեցող 1915-ի դէպքերը` ցեղասպանութիւն: Այս հակասութիւնը արդարութեան եւ բարոյականութեան հասկացութիւններով մեկնաբանելը անկարելի է», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կարծր կերպով արձագանգած է պապին յայտարարութեան: Ան յայտարարած է, որ այդ յայտարարութիւնը վայել չէ պապին: «Հոգեւոր առաջնորդներէն կ՛ակնկալենք, որ խաղաղութեան կոչ ուղղեն: Հռոմի պապին յայտարարութիւնները Եւրոպայի մէջ տարածուած ցեղապաշտութիւնը կ՛աւելցնեն: Պապին յայտարարութիւնը միակողմանի եւ անհիմն է», ըսած է ան:

Տաւութօղլու դարձեալ պնդած է, որ եթէ արտաքին գործօնները չըլլային, 1915-ի «ցաւերը» տեղի պիտի չունենային: Ան յայտարարած է, որ մարդկութեան մէկ մասին ցաւերը հաշուի առնելն ու միւսները անտեսելը պապին վայել չէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ֆրանչիսկոս պապին խօսքերը անընդունելի են, որովհետեւ «հեռու են պատմական ու իրաւական իրականութենէն»` աւելցնելով. «Կրօնական իշխանութիւնները անհիմն պնդումներու հիմամբ զայրոյթ եւ ատելութիւն հրահրելու տեղերը չեն»:

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Կը մերժեմ պապական վերաբերմունքը, որ պէտք է ձգտի ապագայ սերունդներուն խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ժառանգ մը ձգել, սակայն փոխարէնը կը փորձէ պատմութենէն թշնամանք բխեցնել»: «Թուրքիոյ պատմութեան մէջ չկայ ժամանակաշրջան մը, որմէ անիկա ամօթ պէտք է զգայ: Կեղծուած փաստաթուղթերու վրայ հիմնուած ինքնութիւն կերտելու ջանքերը պիտի ձախողին», կը գրէ ան:

Պոզքըր նաեւ յայտնեց, որ պապին «տարաբախտ» յայտարարութիւնը նաեւ կ՛արդարացնէ հայերուն կողմէ թուրք դիւանագէտներու ահաբեկումները: «Ֆրանչիսկոս պապին` պատմութիւնը կեղծող յայտարարութիւնները Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին համար անվաւեր ու անօգուտ են», աւելցուց ան:

 

Թրքական Մամուլի Արձագանգը

Tert.am կը հաղորդէ, որ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կողքի խորագիրն է. «1915-ի ճգնաժամը` Հռոմի պապին հետ»: Օրաթերթը կը գրէ. «Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կիրակի օր տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին 1915-ի դէպքերը «ցեղասպանութիւն» կոչած է, ինչ որ մղած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Վատիկանի դեսպանին կանչելու եւ ըսելու, որ իրենք հիասթափուած են: Տաւութօղլուն ալ ըսած է, որ պապին չի վայելեր ցաւերու միակողմանի մօտեցումը»:

«Հապերթուրք» «Ցեղապաշտութեան մրցանակ» վերնագրուած նիւթին մէջ օգտագործած է Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ պապին յայտարարութիւնը «Եւրոպայի մէջ աճող ցեղապաշտութեան շնորհուած մրցանակ է»:

«Միլլիյէթ» «Ցեղասպանութիւն ըսած պապին կարծր արձագանգ» վերնագիրով նիւթին մէջ կը նշէ, որ Վատիկանի դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, իսկ Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` Թուրքիա:

«Աքշամ» «Պապը ինքնիրեն կը հակասէ» վերնագիրով նիւթին մէջ կը մէջբերէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած է, որ պապի կիրակի օրուան յայտարարութիւնը կը հակասէ Պոլիս այցելութեան ընթացքին անոր յղած խաղաղութեան պատգամին:

«Պիրկիւն»-ի «Ֆրանչիսկոս պապին հետ Ցեղասպանութեան ճգնաժամը» վերնագիրով նիւթին մէջ տեղ գտած են Չաւուշօղլուի խօսքերը:

«Ճումհուրիյէթ»-ի «Վատիկանը ըսաւ «ցեղասպանութիւն», Անգարայի մէջ սկսաւ իրարանցում» խորագիրով առաջին էջին վրայ հրապարակուած լուրին մէջ կը նշուի, որ Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերուն դէմ տեղի ունեցած է»:

«Միլլի կազեթէ» առաջին էջին վրայ կը գրէ. «Ամբողջ աշխարհին առջեւ Հռոմի պապը Թուրքիան ցեղասպանութեան հարցին մէջ զրպարտած է»:

«Սապահ»-ի «Թուրքիան զայրացած է պապին դէմ» վերնագիրով նիւթին մէջ տեղ գտած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որ նախարարութիւնը կը խոստանայ անպայման պատասխանել պապին:

«Սթար»-ը «Պա՛պ, դուն գործի՛դ նայէ» վերնագիրով նիւթին մէջ կը նշէ, որ Անգարան կարծր արձագանգ տուած է պապին:

«Զաման»-ը «Անգարային կարծր արձագանգը Հռոմի պապին խօսքերուն» վերնագիրով նիւթին մէջ կը մէջբերէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնն ու դեսպանը տուն կանչելու մասին տեղեկութիւնը:

 

Միջազգային Լրատուամիջոցներ

Tert.am կը հաղորդէ, որ «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը գրէ. «Ֆրանչիսկոս պապը հայերու ջարդերուն 100-ամեակին տեղի ունեցածները կոչած է 20-րդ դարասկիզբի առաջին ցեղասպանութիւն: Ատիկա անկասկած Թուրքիան զայրացնող պայթիւնավտանգ յայտարարութիւն է»:

«Տը Կարտիըն» օրաթերթ. «Ֆրանչիսկոս պապը «Հայոց ցեղասպանութիւն» ըսած է: Այդ յայտարարութիւնը Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն կրնայ վնաս հասցնել»:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ». «Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերուն սպանութիւնները «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» կոչելէ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Վատիկանի դեսպանը: «Յատկապէս անցեալ տարի Հռոմի պապին` Թուրքիա կատարած բարեկամական այցելութենէն ետք այս յայտարարութիւնը անակնկալ եղած է Թուրքիոյ համար»:

«Պի.Պի.Սի.». «Ֆրանչիսկոս պապը Օսմանեան տարածքին հայերուն սպանութիւնները իբրեւ «ցեղասպանութիւն» բնութագրած է, ինչ որ քննադատութեան արժանացած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պապին յայտարարութիւնը իրականութենէն շատ հեռու է»:

«Սի.Էն.Էն.». «Հռոմի պապը օգտագործած է «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը: Պապին կողմէ այս յայտարարութիւնը վշտացուցած է Թուրքիան»:

«Ինտիփենտընթ» օրաթերթ. «Պապը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին թուրքերուն կողմէ հայերու սպանութիւններու դէպքերը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» կոչած է: Թրքական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ թուրք ղեկավարները պապին այսօրուան պատարագին ընթացքին այդ ելոյթը կանխարգիլել փորձած են»:

«Սքայ Նիուզ». «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն հայերուն սպանութիւնները Հռոմի պապին կողմէ «20-րդ դարասկիզբի առաջին ցեղասպանութիւն» որակուեցան, ինչ որ, սակայն, Թուրքիոյ մէջ զայրոյթի պատճառ դարձաւ»:

«Հաֆինկթըն փոսթ». «Օսմանեան կայսրութեան տարածքին թուրքերուն կողմէ սպաննուած հայերուն համար «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն» ձեւակերպումէն ետք Թուրքիա Վատիկանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ վստահութիւնը կորսնցուցած է եւ հիասթափութիւն յայտնած: Կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին ունեցած ելոյթով` Հռոմի պապը դիւանագիտական ճգնաժամի սկիզբը տուաւ»:

«Ժազիրա». «Պապին կողմէ «Հայոց ցեղասպանութեան» մասին յայտարարութենէն ետք` Վատիկանի դեսպանը բացատրութիւն տալու համար կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն»:

 

 

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան Պարգեւատրեց Շահան Գանտահարեանը

Յաջորդը

Համբարեան. «Թուրքիան Կը Թերագնահատէ Մեր Համաշխարհային Շարժման Ուժը»

RelatedPosts

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ  ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան  Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

Մարտ 22, 2023
Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք  Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը`  «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը  Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է»  Կ՛ըսէ Շիֆ
Հայկական

Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Բացառելու Վերաբերեալ Պոնոյի Յայտարարութիւնը

Մարտ 22, 2023
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով.   ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին  Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութիւններու
Գաղութային

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ Բողոքագիրներ Յանձնեցին Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In