Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն»-ը Իր «Արթնցուցէ՛ք Հոգիները» Երեւանեան Համերգով Թուրքիայէն Պահանջեց Չժխտել Բացայայտը` Պատմութիւնը

Ապրիլ 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11141311_10153148669556480_5000511861402926790_nՆշանաւոր «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրած իր «Արթնցուցէ՛ք հոգիները» անունով (Wake Up The Souls) համաշխարհային համերգաշարը եզրափակեց եւ գագաթնակէտին հասցուց երէկ` 23 ապրիլին` Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր համախմբուած էին շուրջ 50 հազար հանդիսատեսներ:

Սերժ Թանքեան, Ճոն Տոլմայեան, Տարօն Մալաքեան եւ Շաւօ Օպաճեան իւրայատուկ համերգով մը հանդէս եկան համայն հայութեան սիրտը հանդիսացող Երեւանի մէջ:

11081281_10152749387461022_8328990303172099807_n11178499_10152899180286634_868765698_nԱռաւօտեան կանուխ ժամերէն հրապարակէն շուրջ 600 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող փողոցները լեցուցած արուեստասէրները, յատկապէս ռոք երաժշտութեան եւ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի երկրպագուները անմոռանալի եւ պահանջատիրական գիշեր մը անցուցին: Այս համերգը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու հայութեան վերապրումի կամքը, որովհետեւ կը խորհրդանշէր նաեւ կեանքի, վերածնունդի եւ արարելու վճռակամութիւնը, ոչ թէ մահն ու սուգը:

«Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի անդամները ներկայացուցին ո՛չ միայն «Արթնցուցէ՛ք հոգիները» համերգաշարին ցանկը, այլ նաեւ ելոյթը հարստացուցին հայկական երաժշտութեամբ. արդարեւ, հնչեցին «Սարդարապատ», «Ղափամա» եւ «Աման Թելօ» երգերը:

Համերգին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Սերժ Թանքեան ըսաւ, թէ իր մեծ մայրը փրկուած է թուրքի մը կողմէ: Ան հաստատեց, որ թրքական կառավարութիւնը փոխանակ ժխտելու բացայայտ իրականութիւնը` պատմութիւնը, պէտք է հերոսներ անուանէ նմանները: «Իմ մեծ հայրս հինգ տարեկան էր, երբ տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս իր հայրը մահացաւ: Ան կորսնցուց իր տեսողութիւնը քաղցի պատճառով, ապա տարուեցաւ Յունաստանի որբանոց: Այն իրականութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը սխալ բառեր կ՛օգտագործէ, որպէսզի նկարագրէ դէպքերը, սարսափելի է ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ ամերիկացիներուն համար: Մենք` իբրեւ փրկուածներու ժառանգորդներ, պէտք է բոլոր կառավարութիւններուն աչքերուն նայինք հաւասարէ հաւասար սկզբունքով: Անկախութենէն 20 տարի ետք դեռ շատ աշխատանք կայ կատարելիք», ընդգծեց Թանքեան` շեշտելով, որ «Սիսթըմ աֆ է տաուն»¬ին պարտականութիւնն է խօսիլ իրականութիւններուն մասին:

Նշենք, որ այս  համերգին ներկայ գտնուելու համար Հայաստան կը գտնուէին տարբեր երկիրներէ հայեր ու օտարներ, որոնք Սերժ Թանքեանի եւ անոր խումբին շնորհիւ լսած էին Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

2015-ի ապրիլ 10-ին Լոնտոնի հռչակաւոր «Ուեմպլի» մարզադաշտէն ընթացք առած շրջագայութեամբ խումբը այցելեց եւ համերգներ տուաւ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Ռուսիոյ մէջ:

Նախորդը

«Հայ Ժողովրդին Ոչնչացնելու Փորձին Մեր Պատասխանը Պետականութեան Կառուցումն Ու Մեր Վերածնունդն Է»

Յաջորդը

100 Տարի Առաջ Նահատակուած Մէկուկէս Միլիոն Հայերը Սուրբեր Հռչակուեցան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?