Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան. «Ցեղասպանութեան Ժխտումը Կրնայ Ազգային Ատելութեան Նոր Ալիք Բարձրացնել»

Ապրիլ 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Երեւանի մէջ երէկ սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ շուրջ 5 տասնեակ երկիրներէ եկած աւելի քան 600 պատուիրակներու: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իր բացման խօսքին մէջ նշած է, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ ազգային ատելութեան նոր ալիք բարձրացնել: Սերժ Սարգսեան անուղղակի դիմելով  Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ըսած է. «Ժխտողականութիւնը ցեղասպան միջավայրի սերմանման եւ բուն այդ սպանդի իրականացման հետ նոյն եռանկիւնի գագաթներէն է: Ցեղասպանութեան ժխտումը նաեւ ազգային ատելութեան նոր ալիքի բարձրացման տարրեր կը պարունակէ, յաճախ կ՛ուղեկցուի անհանդուրժողականութեամբ եւ իրականացուած ցեղասպանութիւններու արդարացումով: Իսկ միջազգային ուժեղացող ճնշման պարագային,  ժխտողականութիւնը ձեռք կը բերէ աւելի փափուկ, բայց նոյնքան վտանգաւոր երանգներ կամ կը տարրալուծուի պատմութեան վերաշարադրման արշաւներուն մէջ»:

Միաժամանակ Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ  միջազգային հանրութեան հետեւողականութիւնն ու վճռականութիւնը բաւարար չէ եղած  ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան բացառման գործին մէջ. «Դէպի հաշտութիւն տանող ուղին ժխտողական կեցուածքը չէ, այլ գիտակցուած յիշողութիւնը»:

Եակլանտ. «Ասիկա Միայն Հայերու Կորուստը Չէր,
Աշխարհի Կորուստն Էր»

4-22-15_YaglandԵւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային հաւաքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ հարիւր հազարաւոր հայեր դաժանաբար սպաննուեցան: «Ասիկա միայն հայերուն կորուստը չէր, աշխարհի կորուստն էր»:

«Միջազգային ընտանիքը տակաւին շատ կ՛ուշանայ, քաղաքականութիւնը կը խանգարէ կարեկցանքին: Հիմա 2015 թուականն է, եւ բոլոր պետութիւնները պատասխանատուութիւն ունին մարդոց իրաւունքներու խախտումներուն դէմ պայքարին մէջ», ըսաւ ան եւ յղում կատարեց ՄԱԿ-ի հայեցակարգին, ըստ որուն, նախ եւ առաջ կարեւոր է, որ պետութիւնները կանխարգիլեն մարդկութեան դէմ ողբերգութիւնները, իսկ միջազգային ընտանիքը պէտք է սատարէ, եւ եթէ պետութինները չեն փափաքիր կամ չեն կրնար, ապա պէտք է միջամտեն:

Ան նկատեց, որ պաշտպանելու քաղաքականութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր եղած է. լաւ կիրարկուած է Քենիոյ մէջ, անյաջող կերպով կիրարկուած է Լիպիոյ մէջ: Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ դէպքերուն եւ անհաւատալի նկատեց, որ այս ամէնը կը կրկնուին 21-րդ դարուն:

«Բոլորս ունինք պաշտպանելու պարտաւորութիւն: Հայաստանը մեզի կ՛օգնէ: Եւրոպական խորհուրդը շատ կարեւոր կը նկատէ ձեր դերը, յատկապէս` ցեղապաշտութեան դէմ պայքարին մէջ: Հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ նոյնը, ինչ որ մնացեալ մարդիկ կ՛ուզեն», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Եւրոպական խորհուրդը պատրաստակամ է սատարելու երկխօսութեան:

«Հայաստան յոյս ներշնչող պետութիւն է, ձեր տառապանքը կրցած էք վերածել ուժի, բան մը, որ այս շաբաթ ամբողջ աշխարհը կրնայ տեսնել», ըսաւ ան եւ եզրափակելով խօսքը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ըսաւ. «Պարոն նախագահ, ձեզի հետ եմ»:

Սարգսեան – Եակլանտ Հանդիպում

10992_bՀամաժողովի ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ: Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ ձեռնարկուած Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու հոլովոյթին:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ այդ կապակցութեամբ կայացող ձեռնարկներուն,

ինչպէս նաեւ միջազգային այժմէական  խնդիրներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, շրջանի մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի  հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին: Եակլանտ ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ  ամբողջութեամբ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն, համանախագահներուն գործունէութեան եւ խաղաղութեան հասնելու համար կարեւոր կը նկատէ հակամարտող կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Եթէ Ցեղասպանութեան Հարցը Հայերուն Եւ Թուրքերուն Միջեւ Մնար, Աւելի Դիւրին Պիտի Լուծուէր» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

ԿՈՉ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?