Չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի առաջնորդութեամբ Պէյրութի շրջանը ներկայացնող շուրջ 50 լիբանանցի երեւելի դէմքերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պատուիրակութեան ներկայութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները: Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակները:
Նախարար Ֆարաոն անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը պէտք չէ լուռ մնայ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն արդար հատուցման նկատմամբ: Ան նաեւ գնահատեց Լիբանանի հայութեան բերած դրական մասնակցութեան լիբանանեան հայրենիքի ծաղկման համար:
Հանդիպումի աւարտին, նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Նահատակաց յուշարձան-մատուռ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին: