Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՉ

Ապրիլ 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_KaylarshavՀայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած
հայորդիներու զաւակներ,
Մէկուկէս միլիոն նահատակներու
կտակին հարազատ ժառանգորդներ,

Ազգային բարձր գիտակցութեամբ հրաւիրուած ենք ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` պահանջատիրական քայլարշաւով մը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ի կէսօրին:

Արդարեւ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կատարուելիք յիշատակի արարողութենէն ետք, պահանջատէր լիբանանահայութիւնը, ազգային իր կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ յարանուանական պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, վճռակամ շարքերով պիտի քալէ Անթիլիասէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ, ուր տեղի պիտի ունենայ քաղաքական հաւաք` ներկայութեամբ լիբանանցի քաղաքական-պետական դէմքերու:

Պահանջատիրական այս քայլարշաւը եւ անոր յաջորդելիք քաղաքական հաւաքը պիտի վերանորոգեն մեր ուխտը` շարունակելու մեր արդար իրաւունքներուն վերատիրացման պայքարը, հաւաքական կամքով եւ հաւաքական հզօրանքի կերտումով:

24 ապրիլին, մեր ժողովուրդը պիտի յիշէ եւ աշխարհին յիշեցնէ 100 տարիներ առաջ թուրքին կատարած անմարդկային Ցեղասպանութիւնը եւ հայ հողին ու հայկական դարաւոր հարստութիւններուն բռնագրաւումը:

Հայութիւնը պիտի պահանջէ՛ քաղաքական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիան, որ կը շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի մարդկային ու ազգային իրաւունքները:

Հայութիւնը պիտի պահանջէ՛ արդար հատուցում Ցեղասպանութեամբ իրմէ խլուած ազգային-եկեղեցապատկան բոլոր հարստութիւններուն:

Հայութիւնը պիտի պահանջէ՛ հայապատկան իր բոլոր հողերը եւ անոնց վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իր արդար իրաւունքին նուիրագործումը:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ
ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

 

Ուշադրութի՛ւն. Յատուկ փոխադրակառքեր տրամադրուած են մեր ժողովուրդի զաւակները առաւօտեան ժամը 9.30-էն սկսեալ Անթիլիասի մայրավանք փոխադրելու համար:

Քայլարշաւէն ու հաւաքէն ետք, փոխադրակառքերը ժողովուրդը կը վերադարձնեն իրենց շրջանները:

Փոխադրակառքերու կեդրոններն են`

– «Ազատամարտ» ակումբ, Էշրեֆիէ:
– Հայաշէնի ժողովրդային տուն:
– Թէքէեան կեդրոն, Ժըմմէյզէ:
– «Տիգրան Ծամհուր» ակումբ, Մար Մըխայէլ:
– Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դիմաց, Հաճըն:
– «Տխրունի» ակումբ, Խալիլ Պատաուի:
– ՀՄՄ-ի Պէյրութի ակումբ:
– Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դիմաց, Խալիլ Պատաուի:
– ՀՄՄ-ի Թոմարզայի ակումբ, Սին էլ Ֆիլ:
– «Արին» կեդրոն, Պուրճ Համուտ:
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց, Նորաշէն, Պուրճ Համուտ:
– Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին դիմաց, Պուրճ Համուտ:
– Ազգային ծերանոցին դիմաց, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ:
– Պօղոս Արիս շրջանի կամուրջին տակ, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ:
– ԼՕԽ-ի խաղավայրին դիմաց, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ:
– «Թեհլիրեան» ակումբ, Ամանոս:
– Մար Եուսեֆ ակումբ:
– «Մասիս» ակումբ, Թրատ:
– Ֆանարի ժողովրդային տուներ:
– Ռաուտայի ժողովրդային տուներ:
– ՀՄՄ-ի Ռաուտայի ակումբ:
– «Գ. Նժդեհ» ակումբ, Զալքա:
– Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դիմաց, Զալքա:
– «Անի» ակումբ, Նահըր Մոթ:
– «Սիմիթեան» շէնքեր, Անթիլիաս:
– «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, Մըզհեր:
– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի կառատուն եւ «Հայ փոյնթ» Տըպպայէ:
– Էլիսար, Wooden Bakery-ի դիմաց:
– Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դիմաց, Ժունիէ:
– Ժիպէյլի հայ կեդրոն:
– Թրիփոլիի ակումբ:
– «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, Այնճար:

 

Նախորդը

Սարգսեան. «Ցեղասպանութեան Ժխտումը Կրնայ Ազգային Ատելութեան Նոր Ալիք Բարձրացնել»

Յաջորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?