Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Յայտարարեց Մինչեւ Վերջ Պայքարիլ Հայութեան Իրաւունքներու Վերատիրացման Վճռակամութեամբ

Ապրիլ 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1236---CopyՀայոց ցեղասպանութեան կեդրոնական ձեռնարկին` ժողովրդային քայլարշաւին նախօրեակին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Միշել Մըր»-ի անուան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, կազմակերպուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կողմէ:

Ներկայ էին պետական պաշտօնատարներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ` ներկայ եւ նախկին, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայկական երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ լիբանանահայութեան հոծ բազմութիւն:

Մասիս Լեփեճեան
Մասիս Լեփեճեան

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հսկումի երեկոն սկսաւ Մասիս Լեփեճեանի արաբերէն խօսքով. ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր իւրայատուկ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը, որոնք ոչ ոքի կողմէ կրնան ջնջուիլ:

Ժողովուրդ մը կամ փոքրամասնութիւն մը ջնջելու որեւէ փորձ մարդկային իրաւունքներու դէմ ոճիր եւ ցեղասպանութիւն կը նկատուի:

«Այսօր Թուրքիա կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ իբրեւ օրինակելի տիպար, սակայն անիկա կը մնայ մաղթանքի սահմաններուն մէջ, երբ գործնական ոչինչ կայ այդ առումով», ըսաւ ան:

Մ. Լեփեճեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը տակաւին վառ կը մնայ իրենց մտքերուն մէջ` աւելցնելով, որ հայերը ոչ միայն իրենց ցեղասպանութիւնը կը յիշեն, այլեւ լիբանանցիներուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջեն համապատասխան քայլերու դիմել` պատժելու համար ցեղասպանը եւ կանխարգիլելու նորանոր ցեղասպանութիւններ:

Մարիա Չոքաքլեան
Մարիա Չոքաքլեան

Մարիա Չոքաքլեան հայերէնով արտասանած  իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հակառակ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան եւ հայութեան դէմ գործուած անմարդկային ոճիրներուն, հակառակ 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու եւ մեր պապենական հողերու բռնագրաւման, հայ ժողովուրդը կայ ու կը մնայ պահանջատէր եւ իրաւատէր իր բոլոր իրաւունքներուն:

Ապա Չոքաքլեան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը դժուարին պայմաններու մէջ կերտած են սփիւռքը` ստեղծելով  հայապահպանման կռուաններ եւ փոխանցելով նոր սերունդին Հայ դատի հետապնդման ջահը, թէ ինչպէ՛ս պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը թուրքի եաթաղանին պատասխանած է 1918-ին անկախ հայրենիք կերտելով, «Նեմեսիս» գործողութեամբ, թէ ինչպէ՛ս դիմագիծ տուած է սփիւռքին, ծաւալած է Հայ դատի աշխատանքներ, տարած է հակաթուրք պայքար եւ ի պահանջեալ հարկին արիւն թափած է հայ ժողովուրդի արդար դատի կենսագործման ի խնդիր, ապա հաստատեց, որ այսօր ալ նոր սերունդը պատնէշի վրայ է եւ ազգային դաստիարակութեամբ մեծցող երիտասարդութիւնը  կը յիշէ իր պատմութիւնը եւ պահանջատիրական իր երթը կը շարունակէ անխափան, մինչեւ որ պայքարի ջահը իր կարգին փոխանցէ իր յաջորդներուն, որոնք ցեղասպան թուրքէն պիտի պահանջեն հատուցում` հայութենէն խլուած բոլոր հարստութիւններուն եւ ազգային-եկեղեցապատկան բոլոր ինչքերուն: Պիտի պահանջեն արեան գինը 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն եւ վերջապէս Սեւրի դաշնագիրով ճշդուած պապենական հողերը:

Մարիա Չոքաքլեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակով երիտասարդութիւնը պիտի բանայ նոր էջ, աւելի՛ պահանջատիրական, աւելի՛ ուժգին, աւելի՛ ծաւալուն, պիտի ըլլայ պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ` քաղաքական, ակադեմական, դիւանագիտական, ժողովրդային թէ այլ, պիտի ըլլայ արթուն պահակ հայ ժողովուրդի արդար դատին ու պայքարին, ապա աւելցուց. «Մեր պայքարը յոգնութիւն պիտի չճանչնայ, տկարութիւն պիտի չունենայ, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին ` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին: Երիտասարդութիւնը պիտի ըլլայ հոն, ուր հայութիւնը մեզմէ զոհողութիւն պահանջէ»:

Ան յայտնեց, որ այս հսկումը օրինակն է միասնականութեան եւ հաւաքական այն աշխատանքին, որմէ կրնայ սոսկալ թուրքը, եւ նախաճաշակն է համահայկական եւ համալիբանանեան տարողութեամբ տեղի ունենալիք համաժողովրդային մեծ քայլարշաւին, ուր հայութիւնը առանց կուսակցական եւ յարանուանական խտրութեան, պիտի քալէ իր դատին տէր կանգնելու քաղաքական յանձնառութեամբ եւ  աշխարհին յիշեցնելու 100 տարի առաջ թուրքին կատարած անմարդկային Ցեղասպանութիւնը եւ հայ հողին ու հայկական դարաւոր հարստութիւններուն բռնագրաւումը:

Մարիա Չոքաքլեան եզրափակեց խօսքը կոչ ուղղելով համայն աշխարհին եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ եւ նշելով. «Մենք` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդներս, պիտի չզիջինք Հայ դատի հետապնդման գործընթացին մէջ եւ մինչեւ հատուցում չստանանք ու մեր ամբողջ հողերն ու կալուածները չվերադարձնենք, թէկուզ 100 տարի եւս, պիտի յիշենք առանց յուսահատութեան,   միակամ ու  ամուր բռունցք դարձած` մեր նախնիներուն սկսած  պայքարը եւ պահանջատիրութեան երթը պիտի շարունակենք, մինչեւ հասնինք մեր արդար դատի լուծման եւ իրաւունքին: Մեր երթը անսասան է, եւ վախճանը` յաղթանակ»:

3-23-15_2Գեղարուեստական յայտագիրի շրջագիծին մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանցի երգչուհի Փասքալ Սաքըր, որ մեկնաբանեց Շարլ Ազնաւուրի «Իլ սոն թոմպէ» երգը, ընկերկացութեամբ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:

IMG_1434---CopyԱպա «Կռունկ» երգչախումբը մեկնաբանեց փունջ մը երգեր:

Արին Ղազարեան
Արին Ղազարեան

Արին Ղազարեան իր կարգին արտասանեց արաբերէնով խօսք մը, որ սկսաւ իր պատգամը ուղղելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մատնանշեց, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Աթաթուրքի Թուրքիոյ կտակուած երկրին կեղտը կը մաքրուի մեղքին ճանաչումով, ներման հայցումով եւ հատուցումով:

Ա. Ղազարեան շեշտեց, որ Օսմանեան պետութիւնը ամէն տեսակի բռնարարքներով եւ քստմնելի ոճիրներով փորձեց քանդել Հայաստանը եւ բնաջնջել հայութիւնը, «սակայն մեր նախահայրերուն ապրելու կամքը շատ աւելի զօրաւոր էր, քան մահը», ըսաւ ան:

Արին Ղազարեան կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանցիին յիշելու իր պատմական Նահատակաց հրապարակը, որովհետեւ անիկա օսմանցի դահիճներուն քաղաքականութեան փայլուն փաստն է:

Ան ընդգծեց ցեղասպանը պատժելու անհրաժեշտութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն պահանջեց մէկտեղել իրենց ջանքերը` վերադարձնելու համար հայութեան իրաւունքները:

«Կեցցէ՛ք, կեցցէ՛ Լիբանանը, կեցցէ՛ ազատ անկախ Հայաստանը եւ կեցցէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը», եզրափակեց Ա. Ղազարեան:

Րաֆֆի Չիլինկիրեան
Րաֆֆի Չիլինկիրեան

Րաֆֆի Չիլինկիրեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ամօթալի ամեակ մըն է ոճրագործ օսմանեան կառավարութեան համար, որովհետեւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի ուրացուիլ Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններուն կողմէ, որոնք սուտեր հնարելով, քաղաքական խաղերով կը խեղաթիւրեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը: Ապա ան ըսաւ, թէ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ, երբ այս տարի Թուրքիան որոշեց Կալիփոլիի ճակատամարտին 100-ամեակը  յիշատակել 24 ապրիլին, այն օրը, երբ բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ազատազրկուելով ուղարկուած են մահուան:

Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ կեանքեր մահուան դատապարտուեցան` սովի, տեղահանութեան, բռնաբարութեան եւ դաժան սպանութեան իբրեւ հետեւանք: Հայերը յանկարծակիօրէն արմատախիլ եղան իրենց հայրենիքէն ու բնօրրանէն եւ տարագրուեցան սուրիական անապատներ: Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս  մեր հայրերն ու մայրերը պայքարեցան ապրուստի ու գոյատեւման համար` փորձելով վերականգնել իրենց ողջմտութիւնը, արժանապատուութիւնն ու մարդկութիւնը: Հայ գաղթականները տքնաջան աշխատեցան ցոյց տալով իրենց հմտութիւնները եւ տաղանդները` ի շահ զիրենք գրկաբաց ընդունած երկիրներուն:

Րաֆֆի Չիլինկիրեան հաստատեց, որ այսօր հայ ժողովուրդի զաւակները աշխարհի տարածքին կը դասուին շարքին զարգացած ազգերու, որոնք ունին կրթութիւն եւ արձանագրած են յաջողութիւններ, այսօր  հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան կը նայի ոչ միայն վիշտի ու տառապանքի դիտանկիւնէն, այլ անցեալին նայելով կը պահանջէ արդարութիւն:

Ան ըսաւ, թէ հայութիւնը կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթական եւ բարոյական բոլոր վնասներն ու կորուստները: Արեւմտեան քաղաքակիրթ երկիրները, մտահոգուած` իրենց քաղաքական շահերով, լուռ դիտեցին ամբողջական ոչնչացումը հնամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող բարգաւաճ ազգի մը` աւելցնելով, որ բայց եւ այնպէս եղան օտարներ, որոնք ձգեցին իրենց ապահով երկիրները եւ փութացին հայութեան օգնութեան` նոյնիսկ մահանալով հայ ժողովուրդի զաւակներուն  հետ:

Ապա Չիլինկիրեան ըսաւ. «Մենք այդ վեհ ու ազնիւ մարդոց եւ կիներուն կը յայտնենք մեր խորին յարգանքը` փառաբանելով զԱստուած իրենց արժանի գործերուն համար: Անոնք դարձան հայրեր ու մայրեր հայ որբերուն, եւ քոյրեր ու եղբայրներ` հայ ժողովուրդի զաւակներուն»:

Րաֆֆի Չիլինկիրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այս գիշեր հայ ազգի զաւակները աշխարհի տարածքին կը համախմբուին յիշելու մեր ողբերգութիւնը, բայց 100-ամեակը կ՛ենթադրէ նոր հանգրուան, ուր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչման հարթակէն պիտի փոխադրուի իրաւական պահանջատիրութեան դաշտ:

Յաջորդ տարի 101-ամեակն է: Մենք կրկին կը հաւաքուինք յիշեցնելով, որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ մարդկութեան դէմ իր կատարած յանցագործութիւնները: Մենք կը կանգնինք միասնակամ ու կը պահանջենք աշխարհի կազմակերպութիւններէն, միութիւններէն եւ  կառավարութիւններէն, որ կանգնին մեզի հետ` ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման:

Մենք պիտի շարունակենք յիշել եւ պիտի շարունակենք պահանջել»:

IMG_1489---Copy4-23-15-12Ելոյթ ունեցաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեանի, ներկայացնելով հայրենասիրական երգերու շարան մը:

«Նըհնա հաուն մընյիշ» երգով հանդէս եկաւ լիբանանցի երգիչ Ղասսան Ռահպանի:

Արամ Քարատաղլեան
Արամ Քարատաղլեան

Արամ Քարատաղլեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ` անդրադառնալով երէկուան հաւաքին, յայտնեց, որ անիկա ամօթ է մարդկութեան համար, որովհետեւ կը նշանակէ, թէ 100 տարի ետք մարդկութիւնը ձախողած է` 20-րդ դարու սկիզբը գործադրուած ցեղասպանութեան արդարութիւն պարտադրելու իմաստով:

«Մենք ամբողջ աշխարհին մէջ կրցանք պահպանել մեր ինքնութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը: Աշխարհի մէջ ոմանք կը ճանչնան ցեղասպանութիւնը, իսկ ուրիշներ կ՛ուրանան զայն` մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն: Սակայն հայութիւնը տակաւին կը պայքարի իր իրաւունքին համար, կը պայքարի թրքական իշխանութիւններուն կողմէ պատմութիւնը նենգափոխելու աշխատանքին դէմ` հասնելու համար համաշխարհային ճանաչումի եւ վերատիրանալու բոլոր կալուածներուն», յայտնեց Ա. Քարատաղլեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան հայութեան, իսկ թրքական թեզը պաշտպանող կողմերուն ուղղելով իր խօսքը` Ա. Քարատաղլեան կարդաց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կախաղան բարձրացուած լիբանանցի մտաւորականներուն անուանացանկը: «Եթէ դուք կը մոռնաք ձեր նահատակները, մենք չենք մոռնար, որովհետեւ հայրենիքին համար նահատակութիւնը մեր մշակոյթին մաս կը կազմէ», եզրափակեց ան:

Տիգրան Միհրանեան
Տիգրան Միհրանեան

Տիգրան Միհրանեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ  կատարուած ոճիր մըն է, որ չ՛ենթարկուիր  ժամանցելիութեան վարկածին, հետեւաբար, Ապրիլ 24-ը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ, իսկ պահանջատիրութիւնը ամէնօրեայ օրակարգ է, այնքան ատեն որ ցեղասպան Թուրքիան կը շարունակէ ճշմարտութիւնները խեղաթիւրել` ժխտելով այն յստակ իրականութիւնը, որ բանակցութեան կարիք չունի:

Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը արդիւնք է երիտ-թուրքերու ազգայնամոլ եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, որ կը շարունակուի այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ` անոր վարած ժխտողական քաղաքականութեամբ, ապա ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան մեղսակից են բոլոր անոնք, որոնք լռելեայն անտեսեցին ժողովուրդի մը ողջակիզումը` քաջալերելով Իթթիհատի բարբարոսութիւնները:

Տիգրան Միհրանեան հաստատեց, որ հայ պահանջատիրական դատը թեւակոխած  է նոր փուլ,  երբ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, ժողովուրդներու համակեցութեան հաւատացող կուսակցութիւններ եւ քաղաքացիական հասարակութեան պատկանող անհատներ եւ խմբաւորումներ իրենց կառավարութիւնը կը հրաւիրեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ եթէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը չընդունի իր օսմանցի նախնիներուն ոճիրները հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն, եզիտիներուն, քզլպաշներուն նկատմամբ, չի կրնար դասուիլ  համամարդկային արժէքներուն հաւատացող 21-րդ դարու ժամանակակից պետութիւններու շարքին եւ կը շարունակէ մնալ ժողովուրդներու բանտ մը, ուր գերիշխողը թուրք ցեղն է եւ ուրիշներ կա՛մ պիտի ցուլուին, կա՛մ ալ պիտի գաղթեն:

Ան ըսաւ, թէ հայ երիտասարդները պէտք է ձեռք մեկնեն ազատատենչ այն հոսանքներուն, որոնք ի գին զանազան ճնշումներու եւ հալածանքներու` իրենց մարդկային խղճի պարտքը կը կատարեն զօրակցելով հայութեան, ապա աւելցուց. «Մենք երախտապարտ ենք բոլոր այն պետութիւններուն, անհատներուն  եւ խմբաւորումներուն, որոնք կը պայքարին մարդկային ճշմարտութիւն մը յաղթանակի հասցնելու` ի հեճուկս բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն արգելակել արդարութեան յաղթական երթը: Շնորհակալութիւն մայրիներու երկրի ժողովուրդին, որ յառաջատարը դարձաւ արաբական աշխարհին մէջ` ճանչնալով, դատապարտելով եւ Թուրքիայէն պահանջելով, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցէ վնասները:

Տիգրան Միհրանեան եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով, որ արդարը  յաղթած է միշտ, հետեւաբար օր մը անպայման հայ ժողովուրդը պիտի ստանայ իր իրաւունքները, հաստատ կամքով, առանց վարանելու, առանց ընկրկելու, միանուագ քայլերով ու միասնականութեամբ:

IMG_0522Հսկումի երեկոյին ընթացքին հնչեցին նաեւ հայկական ժողովրդական գործիքները: Յակոբ Քելուկեան տուտուկով, Վիգէն Քէշիշեան թաւ շուիով եւ Գէորգ Քէօշկերեան տհոլով, ներկաներուն հրամցուցին հայկական հարազատ նուագներ:

Փոլ Տօնիկեան
Փոլ Տօնիկեան

Խօսք առաւ Փոլ Տօնիկեան: Ան ըսաւ, որ այս գիշեր Պէյրութի մէջ բոլոր լիբանանահայերը համախմբուած են` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն ի խնդիր, իսկ Հայաստանի մէջ մեր նահատակները սրբադասուեցան Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ամենայն հայոց ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց գահակալներ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետներուն կողմէ:

Ան ըսաւ, որ մեր պատմական հայրենիքին մէջ 100 տարիէ ի վեր մեր եկեղեցւոյ զանգերը չեն ղօղանջած, 100 տարիէ ի վեր մեր դպրոցները չեն դասաւանդած հայերէն, սակայն կու գանք  հաստատելու մեր նահատակներուն, որ օր մը Սիսի մէջ պիտի հնչեցնենք հայ եկեղեցւոյ զանգը, Անիի մէջ պիտի սորվեցնենք հայերէն:

Փոլ Տօնիկեան մէջբերելէ ետք Հիթլերի խօսքը, որ արտասանած էր դիմելով իր զինուորներուն, թէ` «այս բոլորէն ետք ո՜վ կը յիշէ հայերը», շեշտեց ըսելով. «Օսմանցիները ձախողած են, կը հաւաստիացնենք, որ մենք կը շարունակենք մեր գոյութիւնն ու բարգաւաճումը, կը շարունակենք յիշել ու յիշեցնել աշխարհին մեր ցաւը, ցեղասպանութեան ցաւը եւ անպայման կը վերականգնենք մեր արդարութիւնը»:

4-23-15-7IMG_3809Ապա կիթառով ելոյթ ունեցաւ Գառնիկ Փանոսեան, որ մեկնաբանեց «Զինուորի երգը»:

Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական  երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ ապրիլեան հսկումին` ներկայացնելով շարք մը հայրենասիրական երգեր:

IMG_3882Ներկայացուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ յօրինուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած միացեալ երգ մը` «Հոգեհանգիստ»-ը, որուն առաջին բաժինը կը պատկանի Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի, իսկ երկրորդ բաժինը` Աշոտ Բագրատունիի:

Միացեալ այս երգին երաժշտութիւնը կը պատկանի Սեդօ Պաղտասարեանի:

Երգին մեկնաբանութիւնը կատարուեցաւ Գառնիկ Սարգիսեանի, Վիգէն Տիշչեքենեանի, Կարօ Կապուտակեանի եւ Պերճ Նաքքաշեանի կողմէ: Գառնիկ Սարգիսեան երգին կատարումին ներկայ չէր, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նախապէս արձանագրուած ձայնով:

Հսկումի երեկոն փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Լիբանանահայութիւնը Հետեւեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Սրբադասման Արարողութեան

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան. «Մեր Ազգի Յիշողութեան Մէջ 1915-ի Վէրքերը Չեն Սպիացել»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?