Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանական, քաղաքական եւ վարչական գիտութիւններու երկրորդ բաժանմունքին, երէկ` երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած կլոր սեղան մը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Լիբանանեան եւ համալսարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Ռընէ Խուրի ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Խուրի յայտնեց, որ 100 տարի անցած է հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն եւ հայեր տակաւին չեն մոռցած իրենց զոհերը, մինչ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ: Խուրի ընդգծեց, որ ժամանակի թաւալումը չ՛արգելակեր պահանջատիրութեան շարունակումը` պահանջելով արդար եզրայանգում, որ արդէն հարիւր տարիով ուշացած է: Ապա ան թուեց յայտագիրի գլխաւոր բաժինները` ներկայացնելով օրուան բանախօսները:
Առաջին բանախօսն էր` համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց դասախօսներէն դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ իր խօսքի սկզբնաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ յատուկ ներկայացուցիչ ղրկած է սոյն ձեռնարկին` յանձինս Նորայր եպս. Աշըգեանի: Նմանապէս Պայրագտարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինին, յատկապէս համալսարանի նախագահին եւ Բ. բաժանմունքի տնօրէնութեան: Ապա ան արաբերէնով հանգամանօրէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը` Համաշխարհային Ա. պատերազմի իրողութեանց լոյսին տակ: Դոկտ. Պայրագտարեան մէջբերումներ կատարելով լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր վկայութիւններու դիտանկիւնէն: Անդրադառնալով հայոց իրավիճակին` նախաեղեռնեան շրջանին, ան նշեց այդ ուղղութեամբ բարեկարգումներու գծով ներկայացուած դիմումներն ու պահանջները: Փաստագրեալ հիմնաւորումներով եւ վկայութիւններով դոկտ. Պայրագտարեան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած ու ծրագրուած էր: Ան այս առիթով ողջունեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին վերջին կեցուածքը ցեղասպանութեան ճանաչման գծով` նշելով, որ ժամանակն է, որ մեծ պետութիւնները, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Բրիտանիա հրապարակեն իրենց արխիւները, ուր մանրամասն նոթագրուած են հայոց առնչուող ահաւոր դէպքերը, հայ բնակչութեան թուաքանակը` բաղդատական մը կատարելով այս մասին հայկական, օտար եւ թրքական աղբիւրներու միջեւ, ըստ որոնց, միջին հաշուով աւելի քան երկու միլիոն հայ կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ` նախքան ցեղասպանութիւնը:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր լիբանանեան համալսարանի քաղաքական եւ վարչական գիտութեանց բաժանմունքներու ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Քամիլ Հապիպ, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան` օրինական դիտանկիւնէն: Ան իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով հայազգի բանաստեղծ Խորէն Նարպէյի բանաստեղծութենէն հատուած մը: Դոկտ. Հապիպ ներկայացնելէ ետք ցեղասպանութեան օրինական փաստարկումները, իբրեւ դատապարտելի ոճիր պահանջեց այս հայցին գծով դիմում կատարել Հռոմի միջազգային ոճրադատ ատեանին եւ համապատասխան վճիռներով հատուցել հայոց իրաւունքները: Ան նշեց, թէ ինչպիսի՜ խեղաթիւրուած ձեւով կը ներկայացուի եւ կ՛ուսուցանուի հայկական հարցը թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ, թէ` հայերը դաւաճանած էին օսմանեան հայրենիքին ու պատերազմի ընթացքին Ռուսիոյ կողքին կողմնորոշուած: Դոկտ. Հապիպ այս առիթով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պատժել ցեղասպանութեան ոճիրին յանցագործները եւ այս հարցը ենթակայ չէ ժամանակի թաւալումով արժեզրկուելու կարգավիճակին: «Հայոց նկատմամբ թրքական ոճիրները անպատիժ պէտք չէ մնան», ընդգծեց ան: Դոկտ. Հապիպ Հռոմի միջազգային ոճրադատ ատեանի 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ յօդուածներուն տրամադրութեանց վրայ հիմնելով փաստարկեց Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած ոճիրի էութիւնը` պահանջելով համապատասխան վճիռ տնօրինել: Թուելէ ետք թրքական ոճիրները, որոնք Հռոմի միջազգային ոճրադատ ատեանին հիմամբ փաստարկեալ յանցագործութիւն կը նկատուին, դոկտ. Հապիպ անհրաժեշտ նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցը նշեալ ատեան յղել:
Դոկտ. Հապիպ ողջունեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հայանպաստ կեցուածքը` նշելով, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ այսօր ալ նոյն թուրքին կողմէ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի տարբեր պիտակներու տակ:
Իր կարգին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի տնօրէնութեան` իր այս նախաձեռնութեան համար: Բագրատունի այս առիթով յայտնեց, որ ինք հպարտ է, որ եղած է այս համալսարանի նախկին ուսանող, աւելի քան տասնամեակ մը առաջ: Ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական հեռանկարները: «Կ՛ապրինք փոփոխութիւններու եւ մեծ անկիւնադարձերու հանգրուան մը, կ՛ապրինք ի հեճուկս փոքր ժողովուրդներու մեծ պետութիւններու միջեւ կնքուող քաղաքական համաձայնութիւններու եւ գանձերու բաժանման շրջան մը», ըսաւ Բագրատունի եւ աւելցուց. «Ահա այս հակասութեանց, կեղծ կարգախօսներուն, իրաւազրկումի, իրաւունքներու ուրացման, ոճիրներու այս օրերուն, աշխարհի չորս ծագերուն հայը կու գայ յիշեցնելու, թէ իր դատը տակաւին կենդանի է, որովհետեւ անոր ետին կայ պահանջատէր հայ ժողովուրդը»: Առանց մանրամասնելու ցեղասպանութեան արհաւիրքի վայրագ պատկերները, երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց հետեւեալը.
Առաջին. Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած կանխամտածուած ոճիրը ցեղասպանութիւ՛ն է, բծախնդրօրէն ծրագրուած` մարդկութեան դէմ ոճիր է, ամրագրուած անհերքելի փաստարկումներով, գործադրուած պետական եւ կուսակցական որոշումով:
Երկրորդ. Արդի Թուրքիան իր վրայ կը կրէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պատասխանատուութիւնը, ներում հայցելու, հայոց իրաւունքներն ու հողային կորուստները հատուցելու պատասխանատուութիւնը: Իշխանութիւնը շարունակականութիւն է` օսմանցի սուլթանէն մինչեւ «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւն, մինչեւ Աթաթուրք ու իրերայաջորդ կառավարութիւններ` հասնելով այսօրուան թուրք ղեկավարներուն` Էրտողանին ու Տաւութօղլուին: Թուրքիա չի կրնար յաւակնիլ, թէ ինք սեփականատէրն է հայոց գրաւեալ հողերուն, որովհետեւ միջազգային օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն, ան որ իրաւատէրի հանգամանքով արդարութիւն կը հայցէ, պէտք է մաքուր եւ անբիծ ձեռքեր ունենայ, իսկ Թուրքիոյ ձեռքերը անբիծ չեն:
Երրորդ. Արդի Թուրքիան կը կրէ ամբողջական պատասխանատուութիւն` 1878-ի Պերլինի վեհաժողովի, 1920-ի Սեւրի դաշնագիրին եւ 1923-ի Լոզանի դաշնագիրի տրամադրութեանց հիման վրայ, որովհետեւ Թուրքիա բռնագրաւեց հայոց հողերը` զանոնք «պաշտպանելու» պատրուակով: Թուրքիա պատասխանատու է Ազգերու լիկայի որոշումներուն հիմամբ եւ ոճրագործները անպատիժ ձգելու յանցանքով: Թուրքիա պատասխանատու է` տակաւին ոտնակոխելով միջազգային օրէնքը, Թուրքիոյ Ազգային ուխտին մէջ, պատերազմական վիճակի շարունակութեամբ եւ 1990-էն ի վեր Հայաստանի դէմ անոր կիրարկած շրջափակումով:
Չորրորդ. Ցեղասպանութեան եւ անկէ ետք երկարող շրջանին Թուրքիոյ դաշնակից պետութիւնները եւս պատասխանատու են, յատկապէս որ անոնք կը շարունակեն իրենց յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ, հակառակ հոն կիրարկուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն: Թուրքիա պատասխանատու է` զէնքի ուժով հայութիւնը բռնագաղթի մղելուն համար:
«Իսկ Լիբանանի գծով, հպարտ ենք , որ 2000 թուականին Լիբանան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», ընդգծեց Բագրատունի` դիտել տալով, որ այլեւս փաղաքշական խօսքերէ եւ դրուատիքէ աւելի զօրակցական կեցուածքներ կ՛ուզենք` ողջունելով Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին վերջին յայտարարութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Երեսփոխան Բագրատունի այս առիթով մէջբերեց Աթաթուրքի եւ թուրք բժիշկի մը վկայութիւնները, ուր բացայայտօրէն կը պարզուի թուրքերու վայրագութիւնն ու գործած ցեղասպանութիւնը: Բագրատունի ողջունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումը` Ապրիլ 24-ին Լիբանանի պետական թէ սեփական վարժարանները փակելու գծով` հարց տալով, թէ մեր յիշողութիւնը խթանելու համար արդեօք չ՛արժե՞ր Ապրիլ 24-ի օրը «ազգային սուգի օր» հռչակել:
Աւարտին, Լիբանանի պետական երաժշտանոցի ուսանող, Անթիլիասի մայրավանքի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամ եւ համալսարանի ուսանող, սոփրանօ Սինթիա Արաբկիրեան մեներգեց «Կիլիկիա» երգը: