Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մարդկային Հաւաքական Գիտակցութիւնը Արթնցուց » Յայտարարեց Սամիր Ժահժահ

Ապրիլ 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-22-15_MaarabԿազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ կը կրէր «Իրաւունքը իրաւունք է, նոյնիսկ եթէ 100 տարի անցնի» խորագիրը:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նորայր եպս. Աշըգեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով բազմութիւն մը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ երեսփոխան Շանթ Չինչինեան, որ յայտնեց, թէ հայութիւնը պիտի չմոռնայ իր դատը, մնայուն կերպով պիտի յիշէ եւ պիտի պահանջէ իր իրաւունքները:

Ան աւելցուց, որ հայութիւնը եւ Լիբանանեան ուժերը գաղափարաբանական իմաստով նոյնն են` ազատութիւնները պաշտպանելու մէջ, ընդգծելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի նոյնիսկ յաջորդ հարիւրամեակին ընթացքին, որովհետեւ հայ նորանոր սերունդներ իրենց հոգեւոր հեղինակութիւններուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն առաջնորդութեամբ պիտի շարունակեն այդ պայքարը:

Ապա դաշնակահար Կի Մանուկեան նուագեց «Հայորդիք» երգը եւ հակիրճ խօսքով մը շեշտեց, որ ինք որքան հայ է, նոյնքան ալ լիբանանցի է:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ լիբանանահայ հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեան, որ մէջբերեց Պարոյր Սեւակի խօսքը` ըսելով. «Քիչ ենք, բայց մեզ հայ են ասում…կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

Ն. Տէր Յարութիւնեան անդրադարձաւ հայուն խաղաղասէր, շէնցնող եւ բարգաւաճեցնող մարդու նկարագիրին` հաստատելով, որ Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութիւնը ոչ մէկ շահ պիտի կարենայ ապահովել անոր, այլ պարզապէս ամօթի դաշոյն պիտի խրէ պատմութեան սրտին ու մարդկութեան յիշողութեան:

Ապա ան պատմեց Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ մօր  տեսած արհաւիրքները եւ անոր ծնողքին սպանութեան ականատես ըլլալը` առանց շշուկ մը իսկ հանելու: Ան անդրադարձաւ իբրեւ պատանի իր մեծ մօր ուղղած հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կրցած է լուռ մնալ  եւ ստացած պատասխանին. «Աստուած ուժ կու տայ»:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ խօսքով. «Քանի մը օրէ ի վեր հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս կրցած ենք 100 տարի գոյատեւել, եւ կը ստանամ մեծ մօրս պատասխանը. «Աստուած ուժ կու տայ»»:

Տէր Յարութիւնեանի արտասանած խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատրաստուած վաւերագրական ցնցիչ ժապաւէն մը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ռիշար Գույումճեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ իրաւունքին տէր կանգնելու հայուն նկարագիրը` շեշտելով, որ նոյնիսկ 1000 տարի ետք այդ իրաւունքը կը մնայ ու կը պահպանուի:

Գույումճեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրելով թուրքերը չկրցան ճզմել հայերուն հաւատքը, ջնջել անոնց յիշողութիւնը եւ ազատ ապրելու կամքը:

«Թէեւ ես հօրս նման Երզնկա կամ մօրս նման Էրզրում չեմ ծնած, սակայն հայութիւնը եւ հայութեան ոգին մէջս ծնած է», ըսաւ ան:

Ապա խօսք առաւ զանազան ֆիլմաշարերու բեմագրութիւններու հեղինակ Քլոտիա Մարշալեան, որ շեշտեց, թէ ինք հպարտ կը զգայ հայու զաւակ ըլլալով: «Ճիշդ է, որ հայերը դար մը առաջ գաղթական հասան Լիբանան, սակայն անոնք օր մը մուրացկանի վիճակով չյայտնուեցան», ըսաւ ան:

Մարշալեան յայտնեց, որ ինք ուրախ կը զգայ, որ լիբանանցիները զարթնած են եւ սկսած յիշել իրենց պատմութիւնը, որ ուղղակիօրէն կապուած է Օսմանեան կայսրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեհրապին, որ զօրակցած է հայութեան:

Լիբանանեան պատկերասփիւռի հաղորդավարներէն Փոլա Եաագուպեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին չիյնալու իսլամին կողմէ քրիստոնեաները սպաննելու թակարդին մէջ` շեշտելով, որ ոճիրը կրօն չունի:

Ան նշեց, որ իր հայրը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող է եւ Զէյթունէն տարագրուելէ ետք փրկուած է իսլամներու կողմէ:

«Հայ դատը մարդկային իրաւունքի դատ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ օսմանցիները այսօրուան ՏԱՀԵՇ-ի նախահայրերն են:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկի հովանաւոր Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ հայութեան զօրակցելով Մեհրապ ինքնիրեն կը զօրակցի:

Ան հաստատեց, որ 24 ապրիլը թուական մըն է ոգեկոչելու Արեւելքի մէջ ազատութեան համար ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակը եւ ոչ միայն նշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Այս թուականը հիմնական հանգրուան մըն է այն գողգոթային, որմէ անցաւ մարդկութիւնը` չարին, բռնակալին, ստրկացնողին ու բռնարարքներ գործողին ուղիէն, որ կ՛երկարի մինչեւ մերօրեայ ժամանակաշրջանը», ըսաւ ան:

Ժահժահ ընդգծեց, որ Հայ դատը տակաւին չէ լուծուած եւ տակաւին արդարութիւնը չէ իրականացած` աւելցնելով սակայն, որ ճշմարտութիւնը անպայման կը բացայայտուի, իսկ արդարութիւնը կ՛իրականանայ: «Երբ հայերը կը ցեղասպանուէին, լիբանանեան քաղաքներ եւ քրիստոնեաներ կ՛ենթարկուէին հալածանքի եւ սովամահ կը դառնային: 1915-ին, երբ հայ մտաւորականութիւնը կ՛անճիտուէր, լիբանանցի մտաւորականներ կախաղաններ կը բարձրանային Նահատակաց հրապարակին վրայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային հաւաքական գիտակցութիւնը արթնցուց եւ մարդասիրական միջամտութեան սկզբունքը ստեղծեց ՄԱԿ-ի մօտ: Մեր նախահայրերը սպանդի չենթարկուեցան, որպէսզի մենք դիտենք նոր Ճեմալներու եւ Թալէաթներու ջարդերը միջինարեւելեան տարբեր շրջաններուն մէջ: Թոռներուն պատասխանատուութիւնն է կառչած մնալ նախահայրերուն զոհողութիւններուն եւ անշեղ մնալ այդ զոհողութիւնները իրենց նպատակներուն հասցնելու յանձնառութենէն», շեշտեց ան:

Ժահժահ ըսաւ, որ Լիբանանը արհաւիրքներ ապրած ժողովուրդները գրկող երկիրն է, ազատութիւն եւ ապահովութիւն որոնող իւրաքանչիւր անհատի երկիրը «եւ այդպէս ալ կ՛ուզենք պահել զայն»:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հայաստան անունով երկիր մը ճիւաղային եղեռնագործութեան պատճառով կորսնցուց իր զաւակները, մինչդեռ այլ երկիր մը` Լիբանան անունով, շահեցաւ անոնցմէ շատերը: Երանելի է Լիբանանին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Քաջ Վարդանի ժառանգորդներուն ներկայութիւնը անոր հողերուն վրայ»:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը աւարտեցաւ Կի Մանուկեանի հնչեցուցած «Յիս քու ղիմեթըն չիմ գիտի» երգին նուագով:

Ձեռնարկին աւարտին ներկաներէն ոմանք յուշանուէրներ յանձնեցին Սամիր Ժահժահի:

Նշենք, որ Մեհրապի մէջ ցուցադրուեցան նաեւ գեղանկարիչ Հրայրի գործերէն գեղանկարներ:

Նախորդը

22-րդ Անգամ Ըլլալով. Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Յաջորդը

Սահակեան Ընդունեց Սուրիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?