Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Պարտուած Է «Ճշմարտութեան Ճակատամարտ»-Ին Մէջ» Շեշտեց Ճենկիզ Աքթար

Ապրիլ 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-21-15_Cengiz AktarԹուրք քաղաքագէտ եւ գիրքերու հեղինակ Ճենկիզ Աքթար, որ 2008-ին փոթորիկ մը ստեղծած էր Թուրքիոյ մէջ` երեք այլ թուրք մտաւորականներու հետ ստորագրելով «Ներում կը հայցեմ» խորագիրը կրող նամակ մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղած էր թուրք քաղաքացիներուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան առումով Թուրքիա պարտուած է «ճշմարտութեան ճակատամարտ»-ին մէջ:

Միւս կողմէ, ան դրուատած է այս գծով թրքական քաղաքացիական ընկերութեան մէջ արձանագրուած դանդաղ զարգացումը` նկատի ունենալով, որ տարիներ առաջ այդ հարցը արգիլուած նիւթերէն եղած է:

«Թուրքիա ձախողած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու իմաստով, որովհետեւ այլեւս ոչ ոք կը հաւատայ պատմութիւնը ժխտելու այս նախնական փորձին», ըսած է ան` հաստատելով, որ պատմական ճշմարտութիւնը այնքան մեծ է ու հսկայ, որ անկարելի է զայն պահել:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ անցեալ տարուան ընթացքին յայտնուած ցաւակցութեան, Աքթար ըսած է. «Այդ քայլը տակաւին բաւական հեռու է 1915-ին գործուած Մեծ Եղեռնին պարտադրած ծանր բեռէն»:

Աքթար ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ կարիքը կը զգացուի այնպիսի ղեկավարի մը, որ համոզուած է եւ կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին ուղղակի եւ անկեղծ լուծումը:

«Այս մէկը բաւական դժուար է: Այս տարուան ընթացքին, Թուրքիոյ կառավարութեան միակ նպատակն է նուազագոյն վնասներով դուրս գալ», նշած է ան:

Աքթար յայտնած է, որ Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ բացթողումներ կան: «Թուրքերը չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պատահած է, իսկ ոմանց համար «հայ» բառը վարկաբեկիչ է: Իսկ եթէ հայոց մասին գիտելիքներ ըլլան, ապա անոնք անճիշդ եւ ամօթալի տեղեկութիւններ կ՛ըլլան, ինչպէս` պետութեան դէմ հայերուն յեղափոխութիւնը, Ռուսիոյ հետ անոնց գործակցութիւնը, այն վարկածը, թէ հայերը թուրքեր ջարդած են: «Այս բոլոր անհիմն պատճառաբանութիւնները երկարատեւ չեն կրնար ըլլալ», շեշտած է Ճենկիզ Աքթար` աւելցնելով, որ թուրքերուն մեծ մասը մտահոգ է նաեւ այն իրականութեամբ, որ հայերը կը պահանջեն 1915-ին իրենց կորսնցուցած հողերն ու կալուածները:

Աքթար յայտնած է, որ ինք թրքական քաղաքացիական ընկերութենէն կ՛ակնկալէ յաւելեալ խորհրդաժողովներ, հրատարակութիւններ եւ քարոզչութիւն, որոնց նպատակն է անոնց յիշողութիւնը արթնցնել: «Վերջերս Թուրքիոյ մէջ կատարուած վիճակագրութեան մը արդիւնքները ցոյց տուին, թէ թուրքերուն 9 առ հարիւրը կը զօրակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին: Հինգ տարի առաջ ասիկա անշուշտ անկարելի էր: Ես վստահ եմ սակայն, որ այս իմաստով զարգացումը` հակառակ իր դանդաղութեան, պիտի ըլլայ», եզրափակած է Աքթար:

 

 

 

Նախորդը

Աֆրամ Պատրիարքը Մեկնեցաւ Հայաստան

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ. «Թուրքիան Պէտք Է Ներում Հայցէ Հայոց Ցեղասպանութեան Համար» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?