Բացառիկը կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, անմոռուկ ծաղիկի բացատրութիւն, արաբական վկայութեան փաստաթուղթեր, Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի գրութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով արաբերէնով վերջերս հրատարակուած գիրքերու գրախօսականներ եւ յօդուածներ:
– Յակոբ Բագրատունի, «Միասնաբար Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանաչում, ներողութիւն, հատուցում եւ բռնագրաւուած հողերու վերադարձ… Բոլորս Լիբանանեան պետութենէն կը պահանջենք Ապրիլ 24-ը յատարարել ցեղասպանութեան դէմ ազգային զօրակցութեան օր»:
– Ժաք Աուսի, «Նոր օսմանցիներուն քաղաքականութեան հիմնարար արմատները»:
– Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ, «Հայկական հարցը արաբական յիշողութեան մէջ (1878-1923) …Անկեղծ հայելի, հաւասարակշռուած հայեացք»:
– Մոհամետ Մանտուր, «Հայերուն մասին փաստաթուղթերու ոչնչացումը` Գահիրէի Գիտական համալիրին հրկիզման պատճառ»:
– Ապտուլ Ուահապ Խազաալ եւ Իաս Խըտըր, «100 տարի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք (մշակութային հաղորդակցութիւն եւ մարդկային պահանջ)»:
– Իսամ Քամել, «Հայերու ջարդին մասին եգիպտացի թղթակիցի խոստովանութիւնը»:
– Մոհամետ Նուրէտտին, «Բարոյական արժէքներու նահատակները»:
– Ռիֆաաթ Սայիտ, «Ինչո՞ւ Էրտողանը կը մերժէ ճանչնալ Հայերու ցեղասպանութիւնը»:
– Հասան Մ. Իուսեֆ, «Հայոց ցեղասպանութիւնը` վաղեմութիւն չունեցող ոճիր»:
– Ալաէտտին Զահեր, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը` պատմութեան ընթացքին Էրտողանը եւ իր նախահայրերը հալածող ամօթ»
– Թարեք Մասարուա, «Հիւսէյն պին Ալին, հայերը եւ ազգային պետութիւնը»:
– Մասուտ Աքօ, «Հայերու ցեղասպանութեան 100-ամեակին` տակաւին Թուրքիան կը մերժէ ճանչնալ»:
– Լեւոն Զաքի, «Սուրիան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիին վրայ»:
– Սաատ Սաալում, «Հայերու ցեղասպանութեան 100-ամեակ` զոհերու համաշխարհային դաշինքի սկիզբ»:
– Խորշիտ Տալլի, «Հայոց ցեղասպանութիւնը… բաց վէրքը եւ պատասխանատուութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը»:
– Ամին Պին Սուուտ, «Հայաստանը, արաբները եւ նոր օսմանցիները»:
– Եասար Խասաունէ, «Փիւնիկը»:
– Խալետ Հրուպ, «Հայերու ցեղասպանութիւնը… Թամարի սէրէն մինչեւ Թուրքիա… եւ այլոց ցաւերը»:
– Արա Աշճեան, «Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ֆէյսպուք»-ի մէջ քննարկում»:
– Լեւոն Զաքի, «Հալէպահայերը… նոր օտարացում եւ գոյատեւելու հաստատակամութիւն»: