Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցեցաւ Քուէարկութեան Իրաւունք Ունեցողներուն 70,6 Առ Հարիւրը

Մայիս 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_pagoԵրէկ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան  խորհրդարանական ընտրութիւններ: Քուէատուփերը բացուած  են 11 ընտրատարածքներու 279 ընտրատեղամասերու մէջ: Ինչպէս նաեւ, Երեւանի մէջ եւս գործեց ընտրատեղամաս մը` Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ: Ընտրութեան իրաւունք ունէին 101.653 քաղաքացիներ:

Արցախի Ազգային ժողովի 33 աթոռներէն 22-ը համամասնական ընտրակարգով ընտրուածներուն համար է, որուն կը մասնակցին 7 կուսակցութիւններու 164 թեկնածուներ, իսկ 11 մեծամասնական ընտրակարգով աթոռներուն համար առաջադրուած են 42 թեկնածուներ:

5-05-15_end-16-րդ գումարման Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ այս տարուան յունուար 1-էն գործողութեան մէջ մտած Արցախի Հանրապետութեան նոր ընտրական օրէնսգիրքին հիման վրայ:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցին ՀՅԴ-ն, «Շարժում-88»-ը, «Խաղաղութիւն եւ զարգացում», Լեռնային Ղարաբաղի համայնավար, Արցախի Ժողովրդավարական, «Ազգային վերածնունդ» եւ «Ազատ  հայրենիք»  կուսակցութիւնները: Ընտրացուցակներուն մէջ ընդգրկուած է 101.653 ընտրող: Նշենք, որ դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ հասած են օտարերկրեայ 101 դէտ, ինչպէս նաեւ` արտասահմանեան շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ` լուսաբանելու խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Նախագահ Սահակեան Կատարեց Իր Ընտրութիւնը

Ստեփանակերտի թիւ երեք ընտրատարածքի 3-րդ ընտրատեղամասին մէջ երէկ իր ընտրութիւնը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան  նախագահ Բակօ Սահակեան, որ ընտրատեղամաս այցելած էր իր կնոջ հետ:

«Արցախփրես»-ի հաղորդումով, ընտրութիւնը կատարելէ ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նախագահ Սահակեան ըսած է, որ այն հանգամանքը, որ  Արցախի Հանրապետութեան  ընտրութիւնները միջազգային ճանաչում չեն ստանար, չի նշանակեր, որ Արցախի մէջ յուսահատ են:

«Այս տարիներուն ընթացքին բազմիցս ցուցաբերած ենք հաստատակամութիւն, վճռականութիւն եւ կամքի ուժ, եւ այդ մէկը մեզի  օգնած է յաղթահարելու դժուարութիւնները: Այս խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց էութեամբ առանձնայատուկ են, քանի որ նպատակ կը հետապնդեն նպաստելու յաջողութիւններու  արձանագրման: Ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պիտի ունենանք աւելի արհեստավարժ խորհրդարան, եւ արհեստավարժ պատգամաւորները  իրենց օրէնսդիր գործունէութեամբ աւելի արդիւնաւէտ կերպով պիտի նպաստեն երկրի զարգացման», ըսած է Բակօ Սահակեան` աւելցնելով, որ Արցախի Հանրապետութեան  իշխանութիւնները ընտրութիւններու իրականացման մօտեցած են այն սկզբունքով, որ պահպանուին քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ սահմանուած բոլոր կանոնները:

«Բայց եթէ անոնք չեն ճանչնար ընտրութիւններու արդիւնքը, այդ մէկը չի նշանակեր, որ մենք այդ ընտրութիւնները կարեւոր չենք նկատեր: Անոնք նախ եւ առաջ անհրաժեշտ են մեր երկրին, մեր քաղաքացիներուն», եզրափակած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:

Պունտեսթակի Անդամը Տպաւորուած Է Արցախի Մէջ
Ժողովրդավարութեան Մակարդակով

5-05-15_VaynerԳերմանիոյ Պունտեսթակի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Ալպերթ Վայլեր երկրորդ անգամ ըլլալով այցելած էր Արցախի Հանրապետութիւն: Ան ըսած է, որ երկու այցելութեան ընթացքին ալ տպաւորուած է ժողովրդավարական այն մօտեցումով, որ գոյութիւն ունի հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Վայլեր Ստեփանակերտ է Արցախի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն հետեւելու համար. «Շատ լաւ է, որ կ՛ընթանան նման ընտրութիւններ, սակայն պէտք է փաստեմ, որ միայն ժողովրդավարական ընտրութիւններով պայմանաւորուած չէ Արցախի միջազգային ճանաչումը: Ատիկա պայմանաւորուած է այլ պետութիւններու հետ համագործակցութեամբ: Արցախի Հանրապետութիւնը չի կրնար մինակը հասնիլ միջազգային ճանաչման: Պէտք է բազմաթիւ բանակցութիւններ ընթանան այլ երկիրներու եւ յատկապէս դրացի երկիրներու հետ: Ատիկա, վստահաբար, դժուար հարց է, սակայն շատ անհրաժեշտ», ըսած է Վայլեր` աւելցնելով, որ իր վերջին այցելութենէն ետք շատ բան փոխուած է Արցախի մէջ. նոր շինութիւններ կան եւ կը զգացուի, որ երկիրը կ՛երթայ զարգացման ճանապարհով:

Պունտեսթակի անդամը շեշտած է, որ 2 մայիսին առանձնազրոյց մը ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եւ քննարկած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: «Նախագահին հետ առանձնազրոյց մը ունեցած եմ եւ տեղեկացուցած, որ 20 մայիսին տեղի պիտի ունենայ հայ-գերմանական համաժողովը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը եւ նաեւ այս ընտրութիւններուն արդիւնքները», ըսած է երեսփոխանը:

Վայլեր շեշտած է, որ կը հետեւի արցախեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ խիստ մտահոգուած է սահմանային դէպքերով: «Կը հետեւիմ, տեղեակ եմ, թէ ի՛նչ կը կատարուի սահմանին վրայ: Աչալրջութեամբ կը հետեւիմ ջախջախուած ուղղաթիռի պատմութեան զարգացումներուն: Բացասական կը գնահատեմ սահմանային դէպքերը եւ կը կարծեմ, որ մենք ինչ որ կերպով պէտք է օգնենք եւ մեր աջակցութիւնը տրամադրենք, որպէսզի սահմանային լարուածութիւնը նուազի», եզրափակած է Վայլեր:

Մոլտովացի Դէտ. «Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդը
Կը Քուէարկէ Իր Երկրի Ապագային Համար»

Այն ինչ որ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի ընտրական օրէնսգիրքով, կը կատարուի:

Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է միջազգային դէտ, Մոլտովայի Գերագոյն խորհուրդի անդամ Եկոր Տիաչենքոն` անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ընթացքին:

«Մենք արդէն այցելած ենք երկու ընտրատեղամաս եւ որեւէ խախտում չենք նկատած: Մարդիկ առաւօտեան ժամերէն եկած են քուէարկութեան: Ընտրողներուն մէջ կայ աշխուժութիւն եւ ցանկութիւն` քուէարկելու Արցախի Հանրապետութեան ապագային համար», յայտարարած է Տիաչենքօ:

«Պէտք Է Ամուր Պահենք Իւրաքանչիւր Քուէ»
Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

5-05-15_tavitԱրցախի Հանրապետութեան մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած ՀՅԴ-ի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան դիտորդական առաքելութիւն իրականացնողներուն եւ ընտրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ամփոփեց շուրջ մէկ ամիս տեւած քարոզարշաւը եւ անոր նախորդող ժամանակաշրջանը: Ան նշեց, որ այդ ընթացքին ընտրողները գիտակցած են, որ Դաշնակցութիւնը յուսալի յենարան է եւ կրնայ ժողովուրդին կողքին ըլլալ, օգնել խնդիրներու լուծման մէջ: «2012 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք մեր կուսակցական կառոյցին շուրջ ստեղծուած դժուարութիւնները ընդամէնը մէկ տարի ետք արդէն յաղթահարուած էին: Մենք աստիճանաբար յաղթահարած ենք այդ խոչընդոտները եւ հիմա արդէն կ՛ըսենք, որ մէկուկէս տարուան մեր նախապատրաստական աշխատանքները անցած են լաւ եւ արդիւնաւէտ: Շատ կարեւոր է նշել, որ մենք մէկ կամ մէկուկէս ամիս առաջ չենք սկսած ընտրութիւններուն պատրաստուիլը», նշեց Իշխանեան` աւելցնելով. «Մենք մեր աշխատանքները նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյին հետ համադրած ենք, տեղական կառոյցներուն հետ ընդհանուր քննարկումներ եղած են, իսկ արդէն բուն քարոզարշաւը այս աշխատանքներուն վերջին գիծն է»: Իշխանեանի բնորոշումով, քարոզարշաւին ընթացքին ՀՅԴ-ն կրցած է ստեղծել այն մթնոլորտը, որ անհրաժեշտ է ցանկալի արդիւնքներ ստանալու համար: «Ժողովուրդին մօտ բաւականին յուսահատ վիճակ էր, որ լրացուցիչ դժուարութիւններ ստեղծած է քարոզարշաւին ընթացքին: Անոնց  վստահութիւնը ինչ որ առումով կորսուած էր: Ես կը կարծեմ` Դաշնակցութիւնը այն լուսաւոր կէտն է, որուն ետեւէն պէտք է երթայ  ժողովուրդը: Քարոզարշաւին ընթացքին մեր քարոզչական խումբերը  պատշաճ ձեւով կրցած են կատարել իրենց առջեւ դրուած պարտականութիւնները եւ, ինչպէս կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեանը, շուտով կու գայ բերքը քաղելու ժամանակը», ընդգծեց Դաւիթ Իշխանեան: Ան նշեց նաեւ, որ 3 մայիսին` քուէարկութեան արդիւնքները յայտարարելէ ետք, կարեւոր է իւրաքանչիւր քուէ ամուր պահել: «Մենք պէտք է ամուր պահենք որեւէ քուէ, որովհետեւ գաղտնի չէ, որ մենք հաւանականութիւնը ունինք ինչ-ինչ տեղեր մեր վաստակածը կորսնցնելու», շեշտեց Իշխանեան:

Բալայեան. «Արցախցիները Դաշնակցութեան Հետ
Մեծ Յոյսեր Կապած Են»

11068003_833067350106555_440156562_o«Այս մէկ ամսուան ընթացքին բաւականին ճշգրիտ ընթացաւ քարոզարշաւը: Արցախահայութիւնը պետական մտածելակերպ ունեցող ժողովուրդ է եւ հաւատացած ենք, որ ժողովուրդը պիտի ընտրէ` մեկնելով կուսակցութեան ծրագիրներէն: Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններու ընթացքին, ապա փոքր խախտումներ եղած են, բայց, ընդհանուր առմամբ, մինչեւ հիմա ընթացքը դրական է», երէկ իր քաղաքացիական պարտքը կատարելէ ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Վահրամ Բալայեան:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ գալիք խորհրդարանին մէջ Դաշնակցութիւնը, ըստ թեկնածուին, ո՞ր տեղը պիտի զբաղեցնէ, Վ. Բալայեան պատասխանած է. «Բնականաբար, մենք այս պահուն կը պայքարինք առաջին տեղին համար: Ասոնք պարզապէս խօսքեր չեն, որովհետեւ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին ժողովուրդին հետ հանդիպումներուն ժամանակ մենք հասկցանք, որ արցախցիները Դաշնակցութեան  հետ մեծ  յոյսեր կապած են, եւ մենք պատրաստ ենք համագործակցելու ժողովուրդին հետ` յանուն ժողովուրդին»:

Ռուստամեան. «Դէտերը Որեւէ Բան Չեն Տեսած,
Որ Կրնայ Միջազգային Չափորոշիչներու
Պակասի Մասին Խօսիլ»

5-05-15_ArmenՀայաաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ հասած է Արցախ տեղական խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու, «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ընտրութիւնները կը նպաստեն, որ միջազգային հանրութիւնը Արցախը ընկալէ իբրեւ կայացած պետութիւն: «Արցախը այսօր կայացած է եւ իր նպատակներուն հասնելու համար ժողովուրդը իսկապէս կը շարունակէ պայքարիլ: Արցախի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովն է արդէն: Ի վերջոյ, այս մէկը կը նպաստէ, որ միջազգային հանրութիւնը հասկնայ պետութիւնը կը կայանայ», ըսաւ Ռուստամեան: Պատգամաւորը նշեց, որ ընտրութիւններուն միջոցով իշխանութիւններու ձեւաւորումը պետականութեան գլխաւոր դերակատարն է: «Արդէն քանիերորդ անգամն է` Արցախը կ՛ապացուցէ, որ կարողութիւնը ունի կատարելու լուրջ ու պատասխանատու քայլեր: Այս անգամ աննախադէպ քանակի դէտեր հասած են Արցախ», ընդգծեց Ռուստամեան: Ան նշեց նաեւ, որ պէտք չէ մոռնալ` Արցախի ժողովուրդը 1991-ին որոշած է իր անկախութիւնը եւ հանրաքուէով ամրագրած է իր սահմանադրութիւնը: «Մենք իսկապէս պէտք է խօսինք կայացած պետութեան մասին», եզրափակեց Ռուստամեան:

Արցախի Մէջ Ընտրութիւններուն Մասնակցած Է
Քաղաքացիներուն 70,6 Տոկոսը

5-05-15_SerpouhieԱրցախի Հանրապետութեան մէջ 6-րդ գումարման խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը բաւական բարձր է:

Արցախի եւ Երեւանի մէջ բացուած ընդհանուր առմամբ 12 ընտրատարածքներուն մէջ իր քաղաքացիական  պարտքը կատարած է 72,039 քաղաքացի կամ ընտրողներուն 70,6 տոկոսը:

‹‹Արցախփրես››-ի հաղորդումով, այս մասին  Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի մամլոյ  կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին յայտնած է  Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ  Սրբուհի Արզումանեան:

 

 

Նախորդը

Թուրք Քաղաքապետը Կ՛ընդդիմանայ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Նախագահական Պալատի Ընդհանուր Տնօրէն Անթուան Շքէյրէն Զօրակցական Գիր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?