
Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններու` երէկ հրապարակուած ոչ պաշտօնական, նախնական արդիւնքներուն համաձայն, 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 33 աթոռները (22 համամասնական եւ 11 մեծամասնական) կը բաշխուին հետեւեալ համեմատութեամբ.
1.- Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն` 15 աթոռ (11 համամասնական եւ 4 մեծամասնական). 47 առ հարիւր
2.- ՀՅԴ` 7 աթոռ (4 համամասնական եւ 3 մեծամասնական). 19 առ հարիւր
3.- Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն` 6 աթոռ (4 համամասնական եւ 2 մեծամասնական). 19 առ հարիւր
4.- «Շարժում-88» կուսակցութիւն` 2 աթոռ (1 համամասնական եւ 1 մեծամասնական). 6,5 առ հարիւր
5.- Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւն` (1 համամասնական աթոռ). 5 առ հարիւր: Կուսակցութիւններէն մէկը պիտի ստանայ մէկ աթոռը` կորսուած ձայներու վերաբաշխման շնորհիւ: Այս 32 աթոռներուն կը գումարուի 1 անկախ պատգամաւորի աթոռ:
Մեծամասնական ընտրակարգով ՀՅԴ 3 ընտրուած պատգամաւորներն են` Դաւիթ Իշխանեան, Վահրամ Բալայեան եւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը
Երէկ տեղի ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած է 3 մայիս 2015-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի ընտրութեան արդիւնքը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն հաստատած է.
1.- Արցախի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւնը պէտք է նկատել յառաջընթաց մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու արմատաւորման եւ պետականութեան կայացման գործին մէջ : Ատոր վառ ապացոյցը ընտրութեան մասնակցած 7 կուսակցութիւններէն 5-ին նուազագոյն շեմի յաղթահարումն է:
2.- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ շուրջ 13.000 այն քաղաքացիներուն, որոնք վստահելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, քուէարկեցին «Խաղաղութիւն, արդարութիւն, աշխատանք» կարգախօսին ի նպաստ:
3.- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն համոզուած է, որ երկրի կառավարման քաղաքական պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ մեծամասնութեան քուէն ստացած քաղաքական ուժը:
4.- Ընտրութեան արդիւնքներէն մեկնելով` Կեդրոնական կոմիտէն կը փաստէ, որ ՀՅԴ-ն Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան կողմէ համամասնական ընտրակարգով շուրջ 20 առ հարիւրի քուէն ստանալով եւ ունենալով 3 մեծամասնական կարգով ընտրուած պատգամաւորներ, աւելի մեծ կազմով պիտի ներկայանայ Արցախի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ, փաստօրէն դառնալով Արցախի Հանրապետութեան մէջ գործող 2-րդ քաղաքական ուժը:
Դաւիթ Իշխանեան. «Մեր Ակնկալութիւնները Աւելին Էին»
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութեան մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Արցախի խորհրդարանական ընտրութեան մասին, երէկ նշեց, որ ընտրութիւնը անցած է բնականոն, արտառոց ընտրախախտումներ չեն եղած: Ըստ անոր, դրական է այն, որ նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ, այս ընտրութեան ժամանակ լուծուած է ընտրութեան կայացման թափանցիկութեան խնդիրը, ընտրութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութեան վերականգնման խնդիրը: «Մեր յանձնախումբին անդամները եւ կարգ մը դէտեր կարգ մը երեւոյթներ արձանագրած են եւ արձանագրութիւններուն մէջ գրած են յատուկ կարծիք: Չեմ կարծեր, որ այդ երեւոյթները ընտրութեան վրայ էական ազդեցութիւն կրնան ունենալ, անոնք տեղական մակարդակի խնդիրներ եղած են` անվաւեր քուէաթուղթերու հաշուառման մասով, թեքնիք բնոյթի», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ արդարացան Դաշնակցութեան ակնկալութիւնները, ան ըսաւ. «Մեծամասնական ընտրակարգով մեր ակնկալութիւնները գրեթէ բաւարարուած են, եթէ ոչ 100 առ հարիւրով, գոնէ` 80: Իսկ համամասնական ընտրակարգով, անկեղծ խօսինք, արդիւնքը գոհացուցիչ չէ, մեր ակնկալութիւնները աւելին էին, քարոզարշաւի ընթացքին ընտրողներուն հետ հանդիպումներու ժամանակ կ՛ակնկալէինք աւելին: Առայժմ այն, ինչ որ հիմա մենք ունինք, մեզ չի բաւարարեր, մեր ակնկալած արդիւնքին մենք չկրցանք հասնիլ»:
Դաւիթ Իշխանեան նաեւ նշեց, որ նախորդ ընտրութիւններուն համեմատ, այս անգամ աւելի մեծ մասնակցութիւն կար ընտրութեան, եւ նկատելի էին քաղաքական կուսակցութիւններու ե՛ւ աշխուժութիւնը, ե՛ւ անոնց դերակատարութեան աճը հանրութեան շրջանակին մէջ: «Քուէարկողներու լայն մասնակցութիւնը արդէն իսկ կը վկայէ, որ քաղաքական կուսակցութիւնները աստիճանաբար կը դառնան դերակատար` իրենց շուրջը համախմբելով որոշ ընտրազանգուած: Ընտրապայքարի ընթացքին Դաշնակցութիւնը շեշտը դրած է ծրագիրներու վրայ, երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վրայ», յայտնեց ան: