Գլխաւոր լուրեր

«Պուսթան» Միջազգային Երաժշտական  Փառատօնի Շրջագիծին Մէջ.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Նուիրուած Ելոյթ

«Պուսթան» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի Շրջագիծին Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ելոյթ

10 մարտին «Պուսթան» միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սերկէյ Սմբատեան, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Երեկոյին բացումը կատարեց փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն, իտալացի խմբավար Ճանլուքա Մարցիանօ, որ ընդգծեց, որ այս տարի ամբողջ հայութիւնն ու յառաջադէմ մարդկութիւնը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ան անդրադարձաւ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ իրականացուած...

Խմբագրական   100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Խմբագրական 100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Արդարացի է ժողովրդային ակնկալութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը իրաւամբ պէտք է նոր բարձրակէտ նուաճէ եւ արտակարգ հնչեղութիւն ապահովէ իր տարողունակութեամբ եւ ձգելիք արձագանգներով: Խնդիրը նշումի տարողութեան, ոչ հայկական` պետական, հասարակական, զանգուածային առաւելագոյն շրջանակներ ներգրաւելու վրայ կը կեդրոնանայ: Եւ այս առումով, պարզ է, որ հայ մարդը կը սպասէ առաւելագոյն կարելին, թէ՛ իբրեւ բարձրորակ, թէ՛ իբրեւ իւրայատուկ եւ թէ՛ իբրեւ արձագանգում ապահովող...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան  Ուժերու Սրբագրական Շարժումի  Պատուիրակութիւններն Ու  Նախարար Ալեն Հաքիմը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Եւ Լիբանանեան Ուժերու Սրբագրական Շարժումի Պատուիրակութիւններն Ու Նախարար Ալեն Հաքիմը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասսատ Հարտան, քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Քանսօ, երեսփոխան Մարուան Ֆարես, Ղասսան Աշքար, Ուաէլ Հասանիէ, Քայսար Օպէյտ, Մաան Համիէ, Քասեմ Սալեհ, Նեժիպ Խնայսեր, Սըմաան Խարրաթ եւ Անթուան Եազպեք: Հանդիպումէն...

Նախագահ Սարգսեան. «Ցեղասպանութիւնները  Միջազգային Հանրութեան  Ոչ Միասնական Դիրքորոշման Հետեւանք Են»

Նախագահ Սարգսեան. «Ցեղասպանութիւնները Միջազգային Հանրութեան Ոչ Միասնական Դիրքորոշման Հետեւանք Են»

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական շեշտադրումը հանդուրժողականութեան եւ միասնականութեան կոչն է միջազգային հանրութեան: Այդ մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` երէկ  ընդունելով գերմանական «Մարշալ» եւ «Ռոպերթ Պոշ» հիմնադրամներու ներկայացուցիչները: «Միասնականութիւնը կարեւոր նկատուած է յատկապէս, երբ ընթացիկ տարուան մէջ կ՛ոգեկոչուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը», ըսած է հանրապետութեան նախագահը: Ըստ անոր, բացայայտ ճշմարտութիւն է այն, որ ցեղասպանութիւնները, իբրեւ  մարդկութեան դէմ...

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ  Քուէյթի Իշխանին Հետ

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Քուէյթի Իշխանին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթի վարչապետ Ժապեր Սապահի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ հասած է  Քուէյթ: Պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք  վարչապետ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուած է Քուէյթի իշխանին նստավայր` «Պայան» պալատ, ուր  տեղի ունեցած է Յովիկ Աբրահամեանի եւ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի հանդիպումը: Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ  Քուէյթի իշխանին փոխանցած է նախագահ Սերժ...

Միջինքի Առիթով.  Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Արեւագալի  Արարողութեան Նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Միջինքի Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Արեւագալի Արարողութեան Նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած երկարամեայ աւանդութեան համաձայն եւ Միջինքի առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ժամերգութեանց երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի եւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները: Ժամերգութեան...

Մամլոյ 101-րդ Լսարան.  Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի  Ստեղծման Ու Զարգացման Ծրագիրը

Մամլոյ 101-րդ Լսարան. Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի Ստեղծման Ու Զարգացման Ծրագիրը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ մամլոյ 101-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան, որ համառօտ ձեւով ներկաներուն ծանօթացուց «Ուիքիփետիա»-ն, ապա յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը հասարակական կազմակերպութիւն է եւ կը միտի իր նախագիծերուն ճամբով տեղեկատուական հասարակութիւն ձեւաւորել` ներգրաւելով...

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Տեսակցած Են  Եւրոպական Միութեան Դեսպաններուն Հետ

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Տեսակցած Են Եւրոպական Միութեան Դեսպաններուն Հետ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ-ի  ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Լիլիթ Գալստեան տեսակցած են  Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Բրիտանիոյ, Պուլկարիոյ, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ եւ Լաթվիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ  Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպաններու  պաշտօնակատարները: Հանդիպման հիւրընկալը` Եւրոպական Միութեան Հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Թրայան Հրիսթէա, ընդգծելով նման ձեւաչափով քաղաքական հանդիպումներու եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը  Եւ Սուրիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Եւ Սուրիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր, Ուալիտ Սֆէյր, Խտըր Ղատպան, տեղակատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայիս եւ դատական հարցերու պատասխանատու Նաշաթ Հասանիէ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հերթական նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 մարտ 2015-ին, «Շաղզոյեան»  կեդրոնին մէջ: Ժողովը քննեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական ընդհանուր վիճակը եւ լիբանանահայ գաղութը յուզող հիմնախնդիրները: Յատուկ օրակարգով, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  առիթով կազմակերպուած աշխատանքները եւ յատկապէս 23-24 ապրիլ 2015-ին տեղի ունենալիք կեդրոնական ձեռնարկները` յանգելով համապատասխան որոշումներու:          

Պէյրութի Մէջ Թրքական Մշակութային Կեդրոնի Տնօրէնը Իբրեւ Բողոք Հեռացաւ Սրահէն. «Հայկական Աշխարհը` Ցեղասպանութենէն  100 Տարի Ետք» Նիւթով Կլոր Սեղան`  «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի Կեդրոնին Մէջ

Պէյրութի Մէջ Թրքական Մշակութային Կեդրոնի Տնօրէնը Իբրեւ Բողոք Հեռացաւ Սրահէն. «Հայկական Աշխարհը` Ցեղասպանութենէն 100 Տարի Ետք» Նիւթով Կլոր Սեղան` «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի Կեդրոնին Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտին, «Քառնըկի Ինտաումընթ ֆոր ինթըռնեշընըլ Փիս»-ի Պէյրութի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» խորագիրով կլոր սեղան մը, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»-ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, զրուցավարն էր «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի կեդրոնի աւագ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտ 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, տեղի ունեցած ՀՄԸՄ - Պիպլոս խաղին ընթացքին պարզուած էր պաստառ մը, որուն վրայ արաբերէնով զետեղուած էր Ցեղասպանութեան հետ առնչուող երկտող մը: Այս պաստառը պատրաստուած էր Լիբանանի երիտասարդական միութեան կողմէ: Ինչպէս գիտենք, ներկայիս պասքեթպոլի խաղերը Լիբանանի երիտասարդութեան մօտ կարեւորագոյն մարզախաղերէն մէկն է եւ մեծ թիւով երիտասարդներ կը հետեւին խաղերուն` ներկայ գտնուելով անոնց...

Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  Զոհ Դարձած Հայ Կիներուն Նուիրուած  Յուշակոթող Մը Բացուած Է

Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Հայ Կիներուն Նուիրուած Յուշակոթող Մը Բացուած Է

Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչ միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ եւ Կիներու միջազգային օրուան առիթով Փարիզի մէջ Երեւանեան պուրակը 8 մարտին համալրուած է հարիւր վարդենիներով` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կիներուն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Կոմիտասի արձանի դրացնութեամբ տեղի ունեցած է յուշակոթողի բացման արարողութիւն` գլխաւորութեամբ Փարիզի...

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Պաշտպանութեան  Նախարարութիւններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ  Հայաստան գտնուող Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան  պատուիրակութիւնը` գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Քիրեճեանի գլխաւորութեամբ: Տեսակցութեան  մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Ժան Մաքարոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական մարզին մէջ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս ընդգծած է բարձր մակարդակի ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին  Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Ներկայացուցիչը Այցելեց Զօր. Քահուաժիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի  Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցին Առիթով

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Զօր. Աուն. «Անցեալի Ոճիրներու Ուրացումը  Թոյլ Տուաւ, Որ Ոճրամիտ  Ուժեր Գործեն Նորանոր Ջարդեր» Ժեմայէլ. «Միջազգային Ընտանիքը  Պարտաւոր Է Ճանչնալ Եւ Դատապարտել  Զանգուածային Բնաջնջման Բոլոր Գործողութիւնները Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդին, երկուշաբթի, 9 մարտ 2015-ին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Զուք Մուսպեհ, Լիբանան) հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակումի երեկոն` Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով: Սոյն...

Ակնարկ.  Մեր Մարդկային Պաշարները  Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

Ակնարկ. Մեր Մարդկային Պաշարները Պատրաստողները (Ուսուցիչներու Տօնին Առիթով)

Այսօր Լիբանանը կը նշէ Ուսուցիչներու օրը: Երախտիքի, շնորհակալութեան, նուիրումի եւ առաքելութեան վերաբերող արժէքներու նշում-արծարծումէն աւելի, մեզի համար Ուսուցիչներու օրը նաեւ հիմնական նշանակութիւն ունի այս ասպարէզին ոչ միայն ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր հասկացողութեան առումով, այլ նաեւ մարդկային պաշարներու պատրաստութեան հրամայականը ընդգծելով: Հայ մարդու կերպարի ստեղծման, հոգեկերտուածքի թէ կազմաւորման առումով ամէնէն հիմնական դերակատարութիւնը ուսուցիչին է, որ գիտելիքով զինելու առաքելութեան առընթեր, պարտականութիւնը ստանձնած է...

«Փոփոխութիւն Չկայ  ՀՅ Դաշնակցութեան  Սկզբունքներուն Մէջ»  Յայտարարեց  Յ. Բագրատունի

«Փոփոխութիւն Չկայ ՀՅ Դաշնակցութեան Սկզբունքներուն Մէջ» Յայտարարեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Աֆքար» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անշեղ կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեան, համերաշխութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան իր սկզբունքներէն: Ան շեշտեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից քաղաքական ուժերը նոյնն են եւ այդպէս ալ էին, են ու կը մնան: Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն գոհ է իր դաշնակիցներէն` աւելցնելով,...

«Հայկական Յեղափոխութիւնը  Պատասխան Էր Ոչնչացման  Քաղաքականութեան»  Յայտարարեց Լեւոն Մկրտչեան

«Հայկական Յեղափոխութիւնը Պատասխան Էր Ոչնչացման Քաղաքականութեան» Յայտարարեց Լեւոն Մկրտչեան

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 7 մարտին կազմակերպած էր «Պահանջատիրութեան գործընթացը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով երիտասարդական սեմինարը: Սեմինարին ընթացքին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան: «Մեր յեղափոխութիւնը ստիպուած պատասխան էր իրականացուող ցեղասպանութեան, այսինքն` մենք բոլորովին այլ վիճակի մէջ էինք, քան իրենց հայրենիքը ազատագրող միւս ժողովուրդները, նոյնիսկ Պալքաններու  ժողովուրդները, որովհետեւ անոնք հալածանքներու տակ էին, իտալացիները մէկ...

Page 782 of 795 1 … 781 782 783 … 795

Արխիւներ