Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Մաքսային Միութեան Կառոյցներու Ղեկավարները
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու մաքսային ծառայութիւններու միացեալ խորհուրդի 14-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով Երեւան հասած մաքսային կառոյցներու ղեկավարները: Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան, Ռուսիոյ մաքսային ծառայութեան ղեկավար Անտրէյ Պելիանինով, Պիելոռուսիոյ մաքսային պետական խորհուրդի նախագահ Եուրի Սենքօ, Ղազախստանի պետական եկամուտներու խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Կոսման Ամրին, Եւրասիական տնտեսական միութեան մաքսային համագործակցութեան անձնակազմի ...




















