Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եկեղեցին Կը Պայծառանայ Մեր Ժողովուրդին Մասնակցութեամբ Եւ Մեր Ժողովուրդը Կը Հզօրանայ Իր Հաւատքի Վկայութեամբ» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-20-15_Aram-IԵրեքշաբթի, 19 մայիս 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աշխատանքային լեցուն օր մը ունեցաւ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան Նիւ Եորքի շրջանին յատկացուած վերջին օրուան ընթացքին:

Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցին: Աւանդական հացի եւ աղի օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ թափօրով առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան ու կատարեց «Կանոնական» աղօթք:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի հայոց առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը իր պատգամը փոխանցելու ժողովուրդին: Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելէ եւ գնահատելէ ետք առաջնորդ սրբազանը, առաջնորդական փոխանորդը, ծխատէր քահանան, հոգաբարձութիւնը եւ ժողովուրդը, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հիմնական առաքելութեան` ծառայութեան, ըսելով. «Մենք բոլորս, ինչ հանգամանք ալ ունենանք մեր եկեղեցւոյ մէջ, մեր կեանքին դիմաց մէկ ճամբայ ունինք, որ ծառայութիւնն է: Ծառայութիւն Աստուծոյ, ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ, ծառայութիւն մեր ժողովուրդին: Մեր պատիւը, մեր փառքը եւ մեր հարստութիւնը ծառայութիւնն է, Քրիստոսի խօսքին համաձայն, թէ չեկայ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու (Մտ 20:28): Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր կեանքի ընթացքին ծառայեց հիւանդին, անկարին, աղքատին եւ երկրաւոր կեանքի աւարտին պատուիրեց աշակերտներուն երթալու եւ շարունակելու իր սկսած ծառայական աշխատանքն ու տարածելու հաւատքը, յոյսը, սէրը եւ աւետարանական արժէքները: Ա՛յս է նաեւ մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեր բոլոր հոգեւորականներուն առաքելութիւնը»: Շարունակելով պատգամը` վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին, յիշելով սաղմոսերգուին բառերը` «Ուրախացայ, երբ ինծի ըսին. «Երթանք Տիրոջ տունը»» (Սղ 122:1): «Աստուծոյ տունը գալով մենք ուրախ կ՛ըլլանք: Այս եկեղեցին Աստուծոյ տունն է: Եկեղեցւոյ մէջ մենք կը զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ մենք կը զգանք մեր հայրապետներուն, մեր սուրբերուն եւ մեր նահատակներուն ներկայութիւնը, որոնք կեանք կ՛առնեն եկեղեցւոյ մէջ, կը խօսին մեզի հետ եւ ցոյց կու տան մեր կեանքի ճշմարիտ ճամբան: Մենք եկեղեցւոյ ճամբով է, որ կ՛ապրինք Աստուծոյ ներկայութիւնը, հետեւաբար եկեղեցւոյ կեանքին մեր մասնակցութիւնը պայման է: Եկեղեցին կը պայծառանայ մեր ժողովուրդի կեանքին մասնակցութեամբ եւ մեր ժողովուրդը կը հզօրանայ իր հաւատքին վկայութեամբ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ ապա` ընթրիք եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ծխատէր քահանայ հայրը ընթրիքի ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հովուապետական այցելութեան համար եւ խնդրեց, որ վեհափառ հայրապետը խօսի ներկաներուն Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի կալուածի դատին, Սուրիոյ հայութեան եւ դպրեվանքի առաքելութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ եւ լուսաբանեց ներկաները:

Նշենք, որ նոյն օրը Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները Նիւ Եորքի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան հայ եկեղեցին յուզող զանազան հարցերու շուրջ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հայ եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան երկու թեմերու առաջնորդ սրբազանները:

Ապա, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչի կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչին` Զոհրապ Մնացականեանի հետ, որ իր կատարած աշխատանքներուն շուրջ զեկուցում տուաւ: Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց իր աշխատանքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնեց եւ շեշտեց ՄԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ, թէ՛ Ղարաբաղի եւ թէ՛ ազգային պահանջատիրութեան գծով աշխատանքները շարունակելու հրամայականը:

Շարունակելով իր այցելութիւնները` վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Քուինզի (Նիւ Եորք) Հայ տունը, ուր դիմաւորուեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած 103-ամեայ Տիգրան Դաւիթեանի կողմէ: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը` յիշեցնելով, թէ իրենք աստուածահաճոյ առաքելութիւն կը կատարեն: Իսկ խօսքը ուղղելով ծերունիներուն վստահեցուց, որ իրենք հայ եկեղեցւոյ ուշադրութեան առարկան են, եւ եկեղեցին ընկերային ծառայութեան ճամբով կը փորձէ առաւելագոյն հոգածութեամբ ծառայել: Պատսպարեալները միասնաբար երգեցին շարականներ եւ ապա պահպանիչ աղօթքով ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 13

Յաջորդը

Էրտողան Հեռաձայնած Է Խրիմի Թաթարներու Ղեկավարին

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?