18 մայիս թուակիր յայտարարութեամբ մը, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց մասնակցող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրապայքարին` միաժամանակ կոչ ուղղելով Եւրոպայի տարածքին բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ նշեալ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկեն:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ այս որոշումը տրուած է` նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ շարք մը հարցերու մէջ երկու կողմերուն պաշտպանած արժէքներն ու մօտեցումները իրարու կը համապատասխանեն եւ Հայ դատի յանձնախումբը քրտամէտ կուսակցութիւնը կը նկատէ յառաջադէմ ուժ մը Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, որ կը փորձէ երկրին իրաւազրկուած ժողովուրդներուն իրաւունքները պաշտպանել:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները երաշխաւորեն ազատ եւ արդար ընտրապայքարներու եւ ընտրութեանց կայացումը` յաջողութիւն մաղթելով քրտամէտ կուսակցութեան: