Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Տրուած Հարցազրոյցին Մէջ. «Թուրքիա Պէտք Է Հաշտուի Սեփական Անցեալին Հետ» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

May 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

11312879_10153427634862873_7878003479182605409_oՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականին հետ զրուցած է Սիսի կաթողիկոսարանը վերադարձնելու նպատակով Թուրքիոյ դէմ ներկայացուցած դիմումին մասին: «Արմէնփրես»-ին համաձայն, ան յայտնած է, որ դատական դիմում ներկայացնելու մասին որոշում կայացուցած է 30 իրաւաբանի, որոնց շարքին եւ Թուրքիայէն մասնագէտներու հետ խորհրդակցելէ ետք:

Ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ մեծ է եկեղեցւոյ դերը` Արամ Ա. կաթողիկոս նշած է. «Կը կարծեմ, որ հարիւր տարի անց արդէն շատոնց ժամանակն է, որ մենք շեշտը դնենք փոխհատուցման վրայ»: «Ասիկա առաջին իրաւական քայլն է: Ասոր պիտի յաջորդեն մեր պահանջները` վերադարձնելու բոլոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան հողերը եւ, ի վերջոյ, անհատական սեփականութիւնները: Մենք պէտք է առաջ երթանք քայլ առ քայլ», ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Ան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը տակաւին որեւէ պատասխան չէ տուած իրենց ներկայացուցած դիմումին, եւ թերեւս դատաւորները զայն պարզապէս անտեսած են: Այսուհադերձ թրքական Քոզանի (Սիս) քաղաքապետ Մուսա Էօզթուրքը հայկական կողմին ներկայացուցած դիմումին անմիջապէս արձագանգած էր` նշելով. «Նոյնիսկ փոքր հողակտոր մը պիտի չտրուի որեւէ մէկուն»:

Արամ Ա. կաթողիկոս, որ երբեք չէ այցելած Սիսի կաթողիկոսարանի տարածք, նշած է, որ մտավախութիւն ունի, թէ թրքական իշխանութիւնները իրենց գործողութիւններով վերացուցած են այդտեղէն հայկական ինքնութեան հետքը:

«Ներողամտութիւնը կու գայ, երբ կայ խոստովանանք, զղջում, մեղքի ընդունում: Հաշտեցումը մեր համամարդկային արժէքներուն եւ հաւատքին մէկ մասն է, բայց նախ եւ առաջ Թուրքիան պէտք է հաշտուի սեփական անցեալին հետ», ըսած է Արամ Ա. կաթողիկոս:

Եկեղեցւոյ յառաջատար փաստաբան Փայամ Ախաւանը, որ եւս տուեալ գործին մէջ ներգրաւուած իրաւաբաններէն է, ամերիկեան պարբերականին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ թրքական դատարանին կողմէ մերժում ստանալու պարագային դիմումը պիտի տեղափոխուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: «Մենք սեփականութեան պահանջ ներկայացուցած ենք: Մենք չենք խնդրեր, որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր պահանջը շատ գործնական է», նշած է ան:

Նախորդը

Հայաստան Կը Մասնակցի ԱՊՀ-ի Եւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Հանդիպումներուն

Յաջորդը

Լիփփի Ա. Սէ. Միլանի Մարզի՞չ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.