Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս` Երիտասարդ Բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» Գիրքին

Մայիս 19, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8738Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` երկուշաբթի, 18 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի բանաստեղծ Հատի Մրատի «Արման Ահիաա» («Ապրող հայեր») խորագրեալ գիրքին շնորհահանդէսը:

Նուրհան Մորսիլ
Նուրհան Մորսիլ
 Հապիպ Եունես
Հապիպ Եունես

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Նուրհան Մորսիլ  ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Մորսիլ իր ողջոյնի խօսքին մէջ խոր դրուատիքով ներկայացուց գիրքին հեղինակը` երիտասարդ բանաստեղծ, բժշկական ուսանող Հատի Մրատը: Ան մերթ ընթ մերթ ներկայացուց օրուան խօսք առնող հիւրերը` ծանօթացման անհրաժեշտ տեղեկութիւններու վերյիշումով:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ լիբանանցի ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ Հապիպ Եունես: Ան յայտնեց, որ հայերու ապրած հարիւրամեայ արհաւիրքը իր բոլոր դառնութիւններով  բանաստեղծ Հատի Մրատ ամփոփած է իր գիրքին մէջ: Ան նշեց, որ այդ մէկը կարելի եղած էր, որովհետեւ երիտասարդ բանաստեղծը անձամբ տեսակցած, լսած, սիրած ու բաժնեկցած է վերապրողներու ցաւը: «Այս վկայութիւնը պիտի չլռէ, որովհետեւ անիկա լռութեան սատանայ չէ», ընդգծեց Եունես` «օսմանցի» բառը որակելով իբրեւ տգեղագոյն մակդիր: Ան շնորհաւորեց 22-ամեայ խոստմնալից երիտասարդ բանաստեղծ Հատի Մրատը` զայն «ազնիւ ասպետ» կոչելով:

 Հասան Եաագուպ
Հասան Եաագուպ
Էլի Ֆըրզլի
Էլի Ֆըրզլի

Ապա յաջորդաբար խօսք առին նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եւ գիրքին հեղինակը` Հատի Մրատ: Անոնք բանաստեղծական տողերով ու գիրքէն բաժիններ կարդալով բարձր գնահատեցին երիտասարդ բանաստեղծին այս նախաձեռնութիւնը` տրուած ըլլալով, որ անոր վեցերորդ գիրքը եղող այս հատորը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման: Անոնք իրենց խոր յարգանքն ու հիացումը արտայայտեցին հայութեան գոյատեւելու կամքին, վէրքերու ամոքման ու սրբազան դատի հետապնդման վճռակամութեան գծով: Բանաստեղծ Մրատ իր խորին շնորհակալական խօսքերը յայտնեց ձեռնարկին խօսք առնող հիւրերուն եւ Համազգայինի հրատարակչատան, յանձինս` անոր տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին:

Հատի Մրատ
Հատի Մրատ
Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Իր կարգին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ խոր դրուատիքով անդրադարձաւ երիտասարդ հեղինակի նախաձեռնութեան, որ աննախընթաց եւ իւրայատուկ է: Հաւաթեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն, մեկենասներուն եւ յատկապէս հեղինակին` բանաստեղծ Հատի Մրատին:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ «Ապրող հայեր» («Արման Ահիաա») խորագրեալ ասմունքախառն երգի տեսերիզը:

Աւարտին հեղինակը իր գիրքը մակագրեց ներկաներէն փափաքողներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեծ Ջերմեռանդութեամբ Սկսաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Նուիրուած Շաբաթը

Յաջորդը

Հարիւրամեակը

RelatedPosts

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու  Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային  Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»

Մարտ 29, 2023
Փաթել. «Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Շրջանի Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Եւ Երեւանի Ու  Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստող Ջանքերը»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Զինուորներու Տեղաշարժերուն Նկատմամբ

Մարտ 29, 2023
Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In