Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Տրոմի Շրջանի Եւ Արցախի Միջեւ Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրում

Մայիս 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-19_pagoԱշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Ֆրանսայի հարաւարեւելեան Տրոմի շրջան, ուր Վալանսի մէջ հանդիպեցաւ շրջանային խորհուրդի անդամներուն հետ` խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Լապոնի գլխաւորութեամբ:

Քննարկուեցան Տրոմի շրջանի եւ Արցախի միջեւ կապերու խորացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրուեցան Տրոմի շրջանի եւ Արցախի, Վալանս եւ Ստեփանակերտ քաղաքներուն միջեւ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին շնորհուեցաւ Տրոմի նահանգի պատուոյ քաղաքացիի կոչում եւ յանձնուեցաւ համապատասխան վկայագիր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Տրոմի շրջանի եւ անոր կեդրոնը հանդիսացող Վալանսի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը` նշելով, որ ատիկա նոր որակ կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շօշափելի ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոնց ամրապնդման վրայ:

Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշքեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:

 

 

 

Նախորդը

Գիտաժողով Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Մնայուն Յանձնախումբի Նախագահը Հասաւ Գերմանիա

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?