Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը  Քրտական Խաղաղութիւն Եւ  Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան  Երիտասարդականի Խորհրդաժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Քրտական Խաղաղութիւն Եւ Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան Երիտասարդականի Խորհրդաժողովին

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ գրասենեակին կազմակերպումով` ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը 13-էն 15 մարտին մասնակցեցաւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան  երիտասարդականի կազմակերպած խորհրդաժողովին` Տիգրանակերտի մէջ: Պատուիրակութեան անդամներն էին Տօնիկ Տօնապետեան եւ Ցոլեր Աղճեան` Լիբանանէն: Անիկա կը կոչուէր «Միջին Արեւելքի ժողովրդավար երիտասարդութեան Ա. խորհրդաժողով» եւ անոր նշանաբանն էր` «Երիտասարդութիւնը իր ուժը պիտի ստեղծէ եւ Միջին Արեւելքը պիտի ազատագրէ»: Խորհրդաժողովին կը...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական  Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՄԱՀԱԵՄ-ի  Կեդրոնատեղին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնատեղին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան երէկ կէսօրին այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին: Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութեան ընթացքին, վերապատուելի Գարակէօզեան շնորհաւորեց Կեդրոնական կոմիտէն` ընդգծելով կուսակցութեան պատմական դերակատարութիւնը` հայ կեանքին մէջ, իբրեւ քաղաքական կայունութեան, համայնքներու համակեցութեան եւ ազգային համերաշխութեան ջատագով քաղաքական ուժ: Երեսփոխան...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի  Հիմնադրութեան 90-Ամեակի  Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ  ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը, Էշրեֆիէի «Ժամհուր» վարժարանի սրահին մէջ: Ռուպինա Խայաթ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց  Պէյրութ մասնաճիւղի խմբապետ` Ռուպինա Խայաթ, որ բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի 90 տարիներուն...

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց.  Միջդպրոցական Գծագրական  Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Միջդպրոցական Գծագրական Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպումը միջդպրոցական գծագրական մրցանքի, որ յաճախ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցականներուն մէջ, կը խրախուսէ զանոնք եւ ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւելեալ մասնագիտացում: Այս տարի այս մրցումը իր շուրջ համախմբեց 19 հայկական դպրոցներէ 49 աշակերտներ, որոնք այս մրցումին ճամբով նոր փորձառութիւն ապրելու եւ իրենց ձիրքերը դրսեւորելու ու հանրութեան ներկայացնելու ուրոյն...

Խմբագրական.  100-Ամեակ. Արցախ (Դ.)

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Արցախ (Դ.)

Ընդհանուր դիտարկումը կը յուշէ, որ Արցախը Խորհրդային Միութեան օրերուն հասկնալիօրէն ցեղասպանութեան հարցի արծարծման շատ տեղ ու առիթ չունէր: Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան մէջ յայտնուած ինքնավար մարզը  նման համարձակութեամբ հանդէս գալու վտանգի հետեւանքներուն կշռաչափումով այդ ուղղութեամբ քայլեր առնելէ կը խուսափէր: Անկէ ետք արդէն Արցախի ազատամարտն էր եւ ըստ էութեան ինքնորոշման իրաւունքը հայութիւնը կը փրկէր երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Պաքուն փաստած էր...

Աւելի Քան 15 Երկիրներու Դիւանագիտական  Ներկայացուցիչներու Ներկայութեան.  «Ազգովին Պիտի Շարունակենք Պայքարը`  Յանուն Արդարութեան Հաստատման  Եւ Մեր Իրաւունքներու Վերատիրացման»  Ըսաւ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Աւելի Քան 15 Երկիրներու Դիւանագիտական Ներկայացուցիչներու Ներկայութեան. «Ազգովին Պիտի Շարունակենք Պայքարը` Յանուն Արդարութեան Հաստատման Եւ Մեր Իրաւունքներու Վերատիրացման» Ըսաւ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, ուրբաթ, 13 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հաւաք-ընդունելութիւն:  Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տրամադրած նկարները` միջազգային մամուլի արձագանգներէ եւ սքանտինաւեան արխիւներէն։ Ներկայ...

Հրանուշ Յակոբեան Պըրրիին Առաջարկեց  Բարձրաստիճան Պատուիրակութեամբ Մը  Լիբանանը Ներկայացնել Հայոց  Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումին

Հրանուշ Յակոբեան Պըրրիին Առաջարկեց Բարձրաստիճան Պատուիրակութեամբ Մը Լիբանանը Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչումին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի: Հանդիպումէն ետք Հ. Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ինք կը գտնուի տարածութեամբ փոքր երկիր Լիբանանի մէջ, ուր սակայն տասնեակ հազարաւոր հայեր կ՛ապրին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի, որուն նախագահութեան օրով` 1997-ին եւ 2000-ին,...

Հայ Սկաուտի Օր` Նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Հայ Սկաուտի Օր` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Ազգային պատկանելիութեամբ հպարտանալու առիթ մը եղաւ հայ սկաուտի օրը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին կազմակերպութեամբ: Սրահի մուտքին հպարտ ու աշխուժ կանգնած էր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ կը դիմաւորէր օրուան պաշտօնական հիւրերը: Խանդավառ մթնոլորտ մը կը խայտար...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Այցելութիւնները Եւ Հանդիպումները

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները Եւ Հանդիպումները

Այնճարի Մէջ Կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, Այնճար այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի,  Երեւանի Ժամանակակից արուեստի պատկերասրահի տնօրէն Նունէ Աւետիսեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներու: Նախարարը ընկերակցող պատուիրակութեան հետ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի,  քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ»...

Խմբագրական   100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Սփիւռք (Գ.)

Սփիւռքեան զանազան միջավայրերու մէջ 100-ամեակին հետ կապուած աշխատանքներն ու մանաւանդ քաղաքական ձեռքբերումները գլխաւոր երկու գործօն ունին: Նախ անշուշտ տեղւոյն համայնքներու կազմակերպուածութեան եւ քաղաքական աշխուժութեան փաստը. վերջին շրջանին հայկական գործօնին կը ներառուի նաեւ պետականութեան մասնակցութիւնը կամ աւելի ճիշդ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւններ եւ Հայ դատի յանձնախումբեր համատեղ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը: Եւ երկրորդ` տուեալ պետութեան եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը: Երկու յատկանշական...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական  Կոմիտէի Ընդունելութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ընդունելութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Պաաս կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըրի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այցելութիւնը առիթ մըն էր քննարկելու լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտելու նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ...

Հայաստան Եւ Լիբանան Զինուորական  Համագործակցութեան  Համաձայնագիր Ստորագրեցին

Հայաստան Եւ Լիբանան Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրեցին

Լիբանանեան բանակի պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնապէս աւարտեց Հայաստան կատարած իր աշխատանքային այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի, բանակի ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ Էնրիքօ Ապրիամովի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան այլ պաշտօնեաներու հետ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան տարբեր ստորաբաժանումները, ուսումնական հաստատութիւններ եւ ռազմաարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան զինուորական կրթութեան, վարժանքներու, խաղաղապահութեան եւ ռազմաարդիւնաբերական մարզերուն...

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Այցելութիւնները`  Հոգեւոր Պետերուն Եւ Ազգային- Մշակութային Կառոյցներուն  Այցելութիւն` Անթիլիասի Մայրավանք

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները` Հոգեւոր Պետերուն Եւ Ազգային- Մշակութային Կառոյցներուն Այցելութիւն` Անթիլիասի Մայրավանք

Ուրբաթ, 13 մարտ 2015-ի առաւoտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հետ առնչուած ծրագիրներուն: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց նախարար Յակոբեանի նուիրեալ աշխատանքը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրացման գծով: Ազգային Առաջնորդարանին...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու  Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

Հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ին , երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սայֆի Վիլեճ»-ի «Կալէօրի քոնեսանս տեզ ար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի կազմակերպած`  արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակներու եւ գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի hովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան գործակցութեամբ: Ցուցահանդէսին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ...

Խմբագրական   100-Ամեակ. Երեւան (Ա.)

Խմբագրական. 100-Ամեակ. Անգարա (Բ.)

Բոլոր նախադրալները կը համոզեն, որ Անգարան անհանգստութիւն կ՛ապրի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի բարձրացուցած ալիքին դիմաց: Այստեղ խնդիրը ոչ անպայման հայկական կողմի աշխուժութեան կը կապուի, այլ այն հանգամանքին, որ երրորդ կողմը Ցեղասպանութեան հարցը իբրեւ խաղաթուղթ օգտագործած է եւ կը սպառնայ համեմատաբար աւելի սուր դրուածքով օգտագործել յոբելենական այս շրջանակներուն մէջ: Անգարայի որդեգրած մարտավարութիւնը քանի մը տարբեր ուղղուածութիւններ ունի: Անգարան բազմերես մօտեցում որդեգրած է...

ՀՕՄի Նոր Նախաձեռնութիւնը՝ «Ամուր Սահման՝ Հզօր Հայրենիք»

ՀՕՄի Նոր Նախաձեռնութիւնը՝ «Ամուր Սահման՝ Հզօր Հայրենիք»

Հայաստանի սահմանապահ եւ սահմանամերձ գիւղերը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեն մեր երկրի համար, սակայն այսօր այդ գիւղերն ունեն բազմաթիւ խնդիրներ. ցայսօր էլ գնդակոծւում են Հայաստանի, մասնաւորապէս Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերը, շատ ցածր է ծնելիութիւնը, գիւղերը դատարկւում են երիտասարդներից, անմխիթար են կրթական, մշակութային օջախների վիճակը, գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիք գտնւում է սոցիալապէս ծանր վիճակում: Ելնելով այս ամէնից՝ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, լաւատեղեակ լինելով...

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական  Միութեան Անդամ Երկիրներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու  Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական Խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանը երէկ որդեգրեց մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ 2013-ի իր տարեկան զեկուցումը: Փաստաթուղթին որոշ պարբերութիւնները կը վերաբերին Հայաստանին, մասնաւորաբար այն հատուածը, որով «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի` ճանչնալու ցեղասպանութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն կը խրախուսէ նպաստել ցեղասպանութեան ճանաչման»: «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը այս առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը` ողջունելով Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Վիգէն Աւագեան, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպումին, արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութի ազգային կեանքին հետ առնչուած հիմնական օրակարգեր: Կեդրոնական կոմիտէն վեհափառ հայրապետին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով, 7-8 մարտ 2015-ին, Պոսթընի «Հայրենիք» շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միջշրջանային Գ. ժողովը` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու կազմերուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Ժողովին մասնակիցները կու գային Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Պոսթընէն, Թորոնթոյէն եւ Մոնրէալէն: Եռակողմանի ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին երեք...

Համազգայինի «Լիւսի  Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Անատոլի Գրիգորեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Անատոլի Գրիգորեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, բացումը կատարուեցաւ հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանի ցուցահանդէսին: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ազգային եւ պատկան մարմիններու ու...

Page 781 of 795 1 … 780 781 782 … 795

Արխիւներ