Անցեալ շաբթուան ընթացքին անդրադարձած էինք «Իսամ Ֆարես» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանին, որ կը կրէր «Որպէսզի 1915-ի արհաւիրքները չկրկնուին» խորագիրը:
Այդ մասին կատարուած լրատուութեան մէջ նշուած էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի մասնակցութիւնը եւ անոր ներկայացուցած տեսակէտները, որոնց համաձայն, Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է, եւ անկէ կը պահանջուի ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցում կատարել, ինչպէս նաեւ այն հաստատումը, որ 1915-ին Հայոց դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն է եւ մարդկութեան դէմ ոճիր:
Այս կլոր սեղանէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ բոլոր մասնակիցները` քաղաքական անձնաւորութիւններ, պատմաբաններ, ակադեմականներ եւ լրագրողներ, շեշտած են Օսմանեան կայսրութեան օրով գործուած բոլոր ցեղասպանութիւնները ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի մարդկային արժէքները պահպանուին, եւ պատմութեան ցաւալի էջերէն մէկը փակուի:
Անոնք նշեցին, որ հին ու նոր տագնապներուն պարագային հիմնական հարցը կը մնայ միատեսակ ըլլալու միտքը եւ այլատեացութիւնը` ազգային, ցեղային թէ կրօնական առումով: «Իսկ այդ հարցին միակ լուծումը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ընկերութիւններն ու պետութիւնները կառուցուին բազմազանութեան, ուրիշը ճանչնալու եւ քաղաքացիութեան ու սահմանադրութեան յանձնառու մնալու հիման վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը բաղկացնող բոլոր տարրերուն գոյակցութիւնը ապահովել, ըլլան անոնք մեծամասնութիւններ թէ փոքրամասնութիւններ», ընդգծեցին ներկաները:
Ներկաները հաստատեցին Լիբանանի մէջ բոլոր քաղաքացիներուն մօտ հաւաքական յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Անոնք ընդգծեցին համայնքային տարրին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան օրով ինկած նահատակները իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներէն էին եւ անոնք` անխտիր բոլորը ենթարկուեցան Օսմանեան կայսրութեան եւ արեւմտեան ուժերուն պարտադրած սովին, ինչպէս նաեւ ծովային եւ ցամաքային շրջափակումին:
Կլոր սեղանին մասնակիցները նշեցին նաեւ 20-րդ դարուն սկիզբը հայերուն եւ այլոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնները ճանչնալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է զանազանել ցեղասպանութեան եւ պատերազմական գործողութիւններուն միջեւ: Անոնք շեշտեցին, որ միջազգային չափանիշներով Հայոց դէմ գործուածը ցեղասպանութիւն է, այսինքն` մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր:
«Սաֆիր» օրաթերթի խմբագիրներէն Նասրի Սայեղ այս առումով հաստատեց, որ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իմաստով արձանագրուած մերժումը միջազգային չափանիշներու երկուութիւնն է, որ հիմնուած է քաղաքական շահերու եւ ոչ մարդկային արժէքներու վրայ: Սայեղ յայտնեց, որ կան երկիրներ եւ պետութիւններ, որոնք իրենց շահերէն մեկնելով կը մերժեն ճանչնալ ցեղասպանութիւնները:
Կլոր սեղանին մասնակիցները ներկայացուցին նաեւ պատմական փաստեր` Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ընթացքին հայոց պարզած իրավիճակին մասին:
Պատմաբան Ռաուֆ Սըննօ շեշտեց, որ 19-րդ դարուն` Սուլթան Ապտիւլ Համիտին օրով հայկական ինքնութիւնը եւ հայուն գոյութիւնը արդէն իսկ սկսած էին վտանգ նկատուիլ` աւելցնելով, որ Թուրքիա չի կրնար որեւէ ձեւով արդարացնել հայութեան դէմ գործուած չարիքը:
Իր կարգին, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ եւ ուրիշներ շեշտեցին, որ այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, յատկապէս արհաւիրքներուն կրկնութեամբ եւ անիկա մեծ վտանգ կը սպառնայ ամբողջ շրջանին:
Դոկտ. Ուալիտ Արպիտ հաւաստեց, որ ներկայ Թուրքիան կը կրկնէ Օսմանեան կայսրութեան արարքները եւ նոյն ընթացքով կը շարունակէ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական շարժումներուն զօրակցելու եւ զանոնք ֆինանսաւորելու ընդմէջէն:
«Օրին Օսմանեան կայսրութեան նպատակն էր փոքրամասնութիւնները ցեղասպանութեան ենթարկել, իսկ այսօր Թուրքիա թիրախ կը դարձնէ Արեւելքի փոքրամասնութիւնները` քաջալերելով հաւատադրժողական շարժումները: Եթէ Օսմանեան կայսրութիւնը հայոց եւ ասորիներուն դէմ իր գործած ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան կանչուէր, այսօր նոյն պատկերին կրկնութեան չէինք հանդիպեր», ըսաւ Արպիտ:
Դոկտ. Մոհամետ Սալման իր կարգին շեշտեց, որ ուրիշը եւ բազմազանութիւնը մերժողը ֆաշական մտքի եւ սկզբունքներու տէր անձ կը նկատուի` աւելցնելով, որ արաբական աշխարհը հարուածած բռնատիրական վարչակարգերուն գործած արարքներուն մասին լուռ մնալը մեծ սխալ է, որովհետեւ անիկա եղած է շրջանին մէջ արաբ քաղաքացիին, բազմազանութեան եւ ազատութիւններուն հաշուոյն:
Դոկտ. Սալման կոչ ուղղեց Արեւելքի մէջ պահպանելու քրիստոնեայ եւ իսլամ չափաւորականութիւնը:
1915-ի լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` ներկաները մատնանշեցին մոռացութեան վտանգները, շեշտեցին հաւաքական յիշողութեան պահպանումին եւ համայնքային խտրութիւնը ջնջելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան օրով ինկած նահատակները բոլոր համայնքներէն էին, հետեւաբար պէտք է Լիբանանի բոլոր նահատակները յարգել, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց համայնքային պատկանելիութիւնը:
Ռամզի Սալամէ այս իմաստով շեշտեց, որ Լիբանանը սովի ենթարկուեցաւ ցամաքային եւ ծովային առումով Օսմանեան կայսրութեան պարտադրած շրջափակումին պատճառով:
Այս մասին լրագրող Անթուան Սաատ կարեւոր նկատեց նաեւ լուսարձակի տակ առնել պատմութեան այն էջերը, որոնք կ՛անդրադառնան այն իրականութեան, որ իսլամական շրջանները եւս ենթարկուած են նոյն կացութեան:
Կլոր սեղանէն բխած եզրակացութիւններուն մէջ բոլորը շեշտեցին, որ որեւէ լուծում կամ շրջանի ընկերութիւններուն ապագան պահպանելու երաշխիք հիմնուած է բազմազանութիւնը յարգելու սկզբունքին վրայ: Հետեւաբար արաբական աշխարհին մէջ քաղաքական դրութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ բազմազանութեան, գոյակցութեան, համերաշխութեան եւ ուրիշը ընդունելու սկզբունքներուն վրայ` պահպանելով մարդկային իրաւունքները, ինչպէս նաեւ զանազան շրջանակներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները:
Այս իմաստով Հապիպ Աֆրամ նշեց, որ շրջանին տագնապներուն կախարդական լուծումներ կարելի չէ ապահովել` աւելցնելով, որ հարցը կը կայանայ մտքին մէջ:
Իր կարգին, հանգստեան կոչուած բարձրաստիճան զինուորական Խալետ Համատէ ընդգծեց, որ ազգային միասնականութիւնն ու գոյակցութիւնը կարեւոր է եւ անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ միացեալ պատմութեան եւ միացեալ ապագայ մը կերտելու տեսլականին վրայ` յարգելով օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը:
Համատէ շեշտեց, որ պետութիւնները բաժնելու հետեւանքները կրնան դուրս գալ իբրեւ լուրջ խնդիրներ, ինչպէս է պարագան Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ: