Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բաց Ճակատամարտի Մէջ Ենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

May 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-17-15_seyid_nasrallaՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրենք կը գտնուին բաց ճակատամարտի մէջ:

Ան նշեց, որ ամբողջ շրջանը այսօր կը գտնուի նոր նաքպայի (աղէտի) մը դիմաց` նշելով, որ նոր նաքպան Միացեալ Նահանգներուն կողմէ օգտագործուած հաւատադրժողական ծրագիրն է, որուն նպատակն է բզկտել եւ տկարացնել այս շրջանը:

Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց անցեալէն դասեր քաղելու:

Քալամունի ճակատամարտին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Քալամունի մէջ ճակատամարտը քանի մը օրէ ի վեր սկսած է` շեշտելով, որ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային կից գտնուող այդ հսկայ տարածքը գրեթէ ազատագրուած է Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ սուրիական բանակին կողմէ, սակայն ճակատամարտը բաց է եւ տակաւին կը շարունակուի:

Ան նշեց, որ Քալամունի ճակատամարտին ընթացքին կարելի եղած է 300 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ազատագրել եւ Սուրիոյ Ասսալ Ուարտի բարձունքները միացնել լիբանանեան Պրիթելի, Պաալպեքի, Նահլէի եւ Եունինի բարձունքներուն:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ այս յաղթանակով կարելի եղած է ապահովութիւնը վերահաստատել Քալամունի եւ լիբանանեան կարգ մը գիւղաքաղաքներու մէջ, սակայն «այնքան ատեն որ լիբանանեան որոշ բարձունքներու վրայ զինեալ ահաբեկիչներ կը գտնուին, չենք կրնար ամբողջական անվտանգութեան մասին խօսիլ», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Քալամունի ճակատամարտին սկսած օրէն ի վեր Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ սուրիական բանակին շարքերէն նահատակուած են 13 հոգի, իսկ անոնց զօրակցող ժողովրդային խմբաւորումներէն` 7-ը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք բնաւ չեն փափաքիր լիբանանեան բանակը այս ճակատամարտին միջամուխ դարձնել, որովհետեւ նախանձախնդիր են իւրաքանչիւր զինուորի եւ սպայի արեան:

«Սակայն պէտք է յստակացնել մէկ բան. արդեօք լիբանանեան բանակն ու անոր կեդրոնները, ինչպէս նաեւ Արսալի բնակիչները հարուածող կողմերը ոճրագործ – ահաբեկիչնե՞ր են, թէ՞ յեղափոխականներ», հարց տուաւ ան:

Ան հաստատեց, որ Պեքաայի բնակիչները իրաւունք ունին անվտանգութեան եւ առանց ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն ապահով կեանքի մը:

Նախագահական ընտրութեան առումով սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ նախագահական աթոռին թափուր մնալը` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լուրջ առաջարկներ կը ներկայացնէ եւ պէտք է նկատի ունենալ այդ լուծումները:

Սէյիտ Նասրալլա հերքեց իր առողջութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը` հաստատելով, որ ինք առողջ է եւ ոչ մէկ դեղահատ կը գործածէ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ իր ճառերուն ընթացքին նարինջի հիւթ կը խմէ եւ կը յանձնարարէ բոլորին օգտուիլ այդ հիւթին ընձեռած սնունդէն:

Նախորդը

Մինչ Հըզպալլա Եւ Սուրիական Բանակը Կը Շարունակեն Քալամունի Ճակատամարտը, Լիբանանեան Բանակը Կը Ռմբակոծէ Արսալի Բարձունքները

Յաջորդը

Թուրքերը Վանի Գտածոները Պահանջելու Յանդգնութիւնը Ունեցան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.