Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգին Մէջ Շրջանային Կառավարման

May 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-19-15_minasyan-600x226Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ կատարուած յայտարարութիւններուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ տեղական ինքնակառավարման համակարգին, մասնաւորապէս` համայնքներու մեծացման մասին: Պատգամաւորը նշեց, որ ՀՅԴ-ն կողմ է երկրին մէջ տեղական ուժեղ ինքնակառավարման համակարգի ձեւաւորման, որ պէտք է արտայայտուի շրջանային կառավարման եղանակով, որ կը նշանակէ ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկել սահմանադրական կարգաւորումները տեղական ինքնակառավարման համակարգին ուղղութեամբ:

«Շրջանային կառավարումը կու տայ եւ կրնայ ապահովել համայնքներու ամբողջական եւ լիարժէք բարգաւաճում, աւելի՛ն` շրջանային կառավարումը կարելիութիւն կու տայ նահանգներու մէջ ապահովելու բազմակողմանի զարգացում: Այն գաղափարը, որ յառաջ կը մղէ կառավարութիւնը` մեծացում անուան տակ, մեր կողմէ ոչ միայն մերժելի է, այլ նաեւ շրջանային  տարբերակն է մերժելի», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` մատնանշելով հանրաքուէի արդիւնքները, երբ, բացառութեամբ Սիւնիքի, մնացեալ շրջաններուն մէջ դէմ քուէարկած են:

Ըստ Մինասեանի, կառավարութեան փորձերը` յառաջ մղելու այս գաղափարը, բնակչութեան կողմէ կը հանդիպի դիմադրութեան: «Պէտք է կեանքի կոչել շրջանային օրինակը, որ կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել նաեւ մարզպետական համակարգը: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` միաւորուելու սահմանադրական փոփոխութիւններու  ծիրին մէջ,  տեղական ինքնակառավարման համակարգը վերատեսութեան ենթարկելու` ձեւաւորելով շրջանային կառավարման համակարգ», ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

 

Նախորդը

Լեհաստանի Նոր Դեսպանը Տեսակցեցաւ Վարչապետ Աբրահամեանի Հետ

Յաջորդը

Սահակեան. «Կ՛անհանգստացնէ Պաքուի Այլատեացութիւնը»

RelatedPosts

Քաց. «Իրանի Դէմ Պատերազմը  Պիտի Շարունակուի Անորոշ Ժամանակով»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Պիտի Շարունակուի Անորոշ Ժամանակով»

March 12, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
Թեհրանի Հայկական Թաղամասին Մէջ Բնակելի  Շէնքի Մը Վրայ Հրթիռային Յարձակում
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Հայկական Թաղամասին Մէջ Բնակելի Շէնքի Մը Վրայ Հրթիռային Յարձակում

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.