Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Ալեն Աունի, Նաամթալլա Ապի Նասըրի եւ Սելիմ Սալհապի, երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն յանձնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջարկները` նախագահական ընտրութեան առումով:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ողջունելի է իրենց համար եւ քննարկումի արժանի:
Առաջարկներու քննարկումէն ետք, Քանաան յայտնեց, որ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը լուրջ է եւ քննարկումի արժանի:
Քանաան աւելցուց, որ երկիրը արտակարգ պայմաններ կը դիմագրաւէ, հետեւաբար կարիքը կայ արտակարգ լուծումներու, «իսկ զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը կը միտի ամրապնդել երկրին սահմանադրութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը», շեշտեց ան:
Քանաան աւելցուց, որ զօր. Աունի ներկայացուցած երեք առաջարկներն ալ սահմանադրութեան փոփոխութիւն չեն ենթադրեր:
Մեհրապի Մէջ
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն միացաւ նաեւ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն, այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ժահժահի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին զօր. Աունի նախաձեռնութիւնը լրջօրէն քննարկուած է:
Քանաան աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ շեշտած է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պատրաստ է քննարկելու նման նախաձեռնութիւններ:
Քանաան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ երկուքին միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը յայտարարուի:
Ժեմայէլի Մօտ
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ դրական մթնոլորտի մը մէջ քննարկած են զօր. Աունի առաջարկները եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մասին իրենց տեսակէտը յայտնած:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի քրիստոնեայ ջիղը մարմնաւորող քրիստոնեայ մը ստանձնէ այս հանգրուանին դժուար պատասխանատուութիւնները: