Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտաժողով Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին Մէջ

May 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-18-19_kidaԱրեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հոլովոյթը. նոր սերունդի ակնկալիքներն ու ընելիքները» խորագիրով գիտաժողովը, որուն կը մասնակցէին տասներկու երիտասարդներ` Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր համալսարաններէն եւ գիտակրթական կեդրոններէն: Մասնակիցները ընտրուած էին նախապէս ուղարկուած զեկուցումներու միջոցով:

Գիտաժողովը կազմակերպած էին «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամը եւ «Լազարեան հիմնարկ» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի թրքերէն բաժանմունքի պատասխանատու, Մելինէ Անումեան նշեց, որ գիտաժողովը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին:

Մասնակից ուսանողներու զեկուցումները կը վերաբերէին Ցեղասպանութեան բուն հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ հետագայ սերունդներուն` վերապրողներուն եւ պահանջատիրութեան հարցին: Քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն, իրաւական գնահատականներուն եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչուող հարցեր:

Մելինէ Անումեան նշեց, որ զեկուցումները պիտի տեղադրուին կեդրոնի պաշտօնական կայքին վրայ (Akunq.net), իսկ լաւագոյնները պիտի թարգմանուին թրքերէնի:

Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան նիւթին նկատմամբ հետաքրքրութեան` Անումեան նշեց. «Հայոց ցեղասպանութեան առաւելապէս կ՛անդրադառնան պատմաբանները եւ թրքագէտները: Ցանկալի պիտի ըլլար, որ այլ մարզերու մասնագէտներ նոյնպէս իրենց նեղ մասնագիտական դիտանկիւնով քննարկէին այս հարցը»:

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող Գոռ Եդիգարեան տուաւ «Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ հրապարակային հրահրում (համեմատական վերլուծութիւն)» նիւթով զեկուցում մը: Ան նիւթը ուսումնասիրած է շուրջ տասը ամիս` ընթերցելով արտասահմանեան եւ թուրք հեղինակներու գիրքեր, ուր կը խօսուի արձանագրուած հրահրումներու մասին:

«Հետազօտութեանս նպատակն էր ցոյց տալ, որ մինչեւ 1948 թուականը` ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութիւն յանցագործութեան կանխման եւ պատժման հռչակագիր»-ի ընդունումը, ցեղասպանութեան ուղղակի եւ հրապարակային հրահրումը նոյնպէս եղած է պատժելի, կարգաւորուած է` համաձայն սովորութային միջազգային իրաւունքի»:

Գիտաժողովէն ետք Գոռ Եդիգարեան որոշեց ընդլայնել իր զեկուցումը. «Մտադիր եմ լրացնել զեկուցումս թրքական թերթերու օրինակներով, պէտք է փնտռեմ եւ գտնեմ զանոնք»:

Թրքագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի ուսանող Սոնա Սուքիասեան կարեւոր նկատեց նման գիտաժողովներու կայացումը: «Փորձառութեան եւ գիտելիքի փոխանակման, հետաքրքրական քննարկումներու կարելիութիւն կը ստեղծուի: Յատկապէս հետաքրքրական էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան դերին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ու Ողջակիզումի համեմատական վերլուծութեան անդրադարձող զեկուցումները», ըսաւ Սուքիասեան:

«Հայերու վաստակը Օսմանեան կայսրութեան ճարտարապետութեան, արհեստագործութեան, գրատպութեան, թատրոնի եւ տնտեսական մարզերուն մէջ». ասիկա Սերիոժա Գրիգորեանի զեկուցման նիւթն է: Ան նիւթին ուսումնասիրութիւնը սկսած է` ոսկերչութեան նկատմամբ հետաքրքրութենէ դրդուած:

«Կը զբաղիմ ոսկերչութեամբ: Հետաքրքրական էր Թուրքիոյ մէջ ոսկերչութեան մարզը: Նկատելով, որ Թուրքիոյ մէջ հայերը, բացի ոսկերչութենէն, նաեւ այլ մարզերու մէջ մեծ դեր ունեցած են, որոշեցի ուսումնասիրել: Ինծի համար կը բացայայտէր Տիգրան Չուխաճեանի հօր վաստակը: Ան եղած է ոսկերիչ-ժամագործ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հիմք դրած է երաժշտական ժամացոյցներու»: Գրիգորեան կը վստահեցնէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ չէ եղած այնպիսի մարզ մը, ուր հայերը իրենց ներդրումը ունեցած չըլլան:

 

 

Նախորդը

Ոչ Իշխանական Խմբակցութիւնները Կը Նախաձեռնեն Լսումներ` Ելեկտրականութեան Սակի Հարցով

Յաջորդը

Ֆրանսայի Տրոմի Շրջանի Եւ Արցախի Միջեւ Համագործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրում

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.