Գլխաւոր լուրեր

Սէյրան Օհանեան Պարգեւատրեց Շահան Գանտահարեանը

Սէյրան Օհանեան Պարգեւատրեց Շահան Գանտահարեանը

Կիրակի 12 ապրիլին Համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Դրաստամատ Կանայեանի անուան մետալով պարգեւատրեց «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը` տեղեկատուական մարզին մէջ նախարարութեան հետ իր ունեցած համագործակցութեան համար:

Լիբանանահայութեան Ներկայացուցիչներուն  Հետ Հանդիպում  «Լիբանանահայ Գաղութը Օրինակելի Է.  Մեր Բանակին Թիւը Պէտք Է Ըլլայ Այնքան,  Որքան Որ Է Մեր` Հայութեան Թիւը»  Հաստատեց Նախարար Սէյրան Օհանեան

Լիբանանահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ Հանդիպում «Լիբանանահայ Գաղութը Օրինակելի Է. Մեր Բանակին Թիւը Պէտք Է Ըլլայ Այնքան, Որքան Որ Է Մեր` Հայութեան Թիւը» Հաստատեց Նախարար Սէյրան Օհանեան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուէր, հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շարքերուն մաս կազմող հայ խաղաղապահ  ուժերուն այցելելու եւ Լիբանանի պետական շրջանակներուն հետ աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու նպատակով, կիրակի, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին լիբանանահայ նահատակներու յիշատակին: Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող Նահատակաց  յուշարձանին առջեւ նախարարն...

«Մէ՛Կ Է Մեր Երթը. Աննահա՛նջ Է Մեր Պայքարը» ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ապրիլեան Ձեռնարկը` Ղասսան  Ռահպանիի Մասնակցութեամբ

«Մէ՛Կ Է Մեր Երթը. Աննահա՛նջ Է Մեր Պայքարը» ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ապրիլեան Ձեռնարկը` Ղասսան Ռահպանիի Մասնակցութեամբ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկը, Ամանոսի «Թեհլիրեան» ակումբին մօտ: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը  Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով բացումը կատարեց ոգեկոչման երեկոյին: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը հայերէն լեզուով արտասանեց Պետիկ Իզմիրեան: Ան ակնարկեց պատմական իրողութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով հայու դիմադրողական ոգին եւ  անոր հաւաքական...

ԱՖՀԻԼ-ի Մարզանքի Երրորդ Կեդրոնին  Պաշտօնական Բացման  Հանդիսութիւնը` Ֆանարի Մէջ

ԱՖՀԻԼ-ի Մարզանքի Երրորդ Կեդրոնին Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը` Ֆանարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի եւ կազմակերպութեամբ ԱՖՀԻԼ-ին, շաբաթ, 11 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի մարզանքի երրորդ կեդրոնին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` Ֆանարի ժողովրդային բնակարաններուն մէջ: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան ներկաները ողջունելէ ետք,  ԱՖՀԻԼ-ի մարզանքի  երրորդ կեդրոնին բացման առիթով փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան խօսեցաւ անցնող տարիներուն ԱՖՀԻԼ-ին կատարած...

Ռմբակոծումներ Սուլայմանիէ Թաղամասին Վրայ.  «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը Վնասուած

Ռմբակոծումներ Սուլայմանիէ Թաղամասին Վրայ. «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը Վնասուած

«Ազդակ» յաջողեցաւ կապ հաստատել Հալէպի իր գործընկերներուն հետ, որոնք հաստատեցին, որ Սուլայմանիէ թաղամասի վերջին  ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք  վնասուած է «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանը։ Մեր վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգի չի սպառնար։

«Հայ Ժողովուրդի Տառապանքը,  Որոշ Չափով, Յիսուսի Տանջանքներուն  Շարունակութիւնն Էր»  Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

«Հայ Ժողովուրդի Տառապանքը, Որոշ Չափով, Յիսուսի Տանջանքներուն Շարունակութիւնն Էր» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. եւ Ֆրանչիսկոս պապը «Վատիկանի ձայնասփիւռ»-ը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը ընդունած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայրապետական սինոտի արքեպիսկոպոսները, որոնք վաղը պապին հետ միասին պատարագ պիտի մատուցեն Ս. Պետրոս տաճարին մէջ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: «Մենք Աստուծոյ ողորմութիւնը կ՛աղերսենք, որպէսզի ան մեզի օգնէ ամոքելու ամէն վէրք սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան ոգիով եւ մօտեցնէ ժողովուրդներուն միջեւ հաշտեցման ու...

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի  Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սատա Պալատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, լիբանանահայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի կառավարութեան եւ վարչապետ Թամմամ Սալամին 24 ապրիլը վերածելու ազգային սգատօնի եւ պաշտօնական արձակուրդի օրուան, որպէսզի հայութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները կարենան ոգեկոչել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն Լիբանանի ամէնէն հին կուսակցութիւնն է`...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Այնճարի . Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Մարմինին  Շնորհահանդէս-Մակագրում` Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի  «Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներ`  Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Խորագրեալ Գիրքին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Այնճարի . Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Մարմինին Շնորհահանդէս-Մակագրում` Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներ` Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ» Խորագրեալ Գիրքին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու Կեդրոնական Պեքաայի քաղաքապետութեանց միութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Այնճարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամակի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Շթորայի «Փարք օթել»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի գիրքին շնորհահանդէս-մակագրումը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ...

ՀՅԴ ԶՈՄ.  «Պոլսոյ Հայերուն Հետ Զրոյց»-ը Լուսարձակները Կեդրոնացուց Պոլսահայ  Համայնքի Դժուարութիւններուն Վրայ

ՀՅԴ ԶՈՄ. «Պոլսոյ Հայերուն Հետ Զրոյց»-ը Լուսարձակները Կեդրոնացուց Պոլսահայ Համայնքի Դժուարութիւններուն Վրայ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան մը` «Զրոյց մը Պոլսոյ հայերուն հետ» խորագիրով: Օրուան զեկուցաբերներն էին` «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան եւ «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան անդամներէն, ընկերաբան Սայաթ Թեքիր: Արեւիկ Փափազեան Արեւիկ Փափազեան ԶՈՄ-ի անունով երկու խօսքով բացաւ ձեռնարկը: Էսթուքեան յայտնեց իր ուրախութիւնը Պէյրութ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով «Լիպան Փոսթ»  Յիշատակի Բացիկ Հրապարակեց

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով «Լիպան Փոսթ» Յիշատակի Բացիկ Հրապարակեց

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով` Լիբանանի նամակաբաշխման «Լիպան Փոսթ» ընկերութիւնը, հրապարակած եւ շրջանառութեան տակ դրած է յիշատակի բացիկ մը (քարթ փոսթալ), որուն վրայ պատկերուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի Անմար կրակը: Անոր վրայ փակցուած է նաեւ անցեալ տարի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան հրապարակած` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած Պիքֆայայի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի նկարով պաշտօնական դրոշմաթուղթը: Սոյն յիշատակի բացիկին տպաքանակը միայն 1999...

Նախագահ Սարգսեան Հռոմի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Իտալիոյ Նախագահին  Եւ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ.  «Մենք Լիբանանցիներուն  Պարտք Ունինք Վերադարձնելիք»

Նախագահ Սարգսեան Հռոմի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իտալիոյ Նախագահին Եւ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ. «Մենք Լիբանանցիներուն Պարտք Ունինք Վերադարձնելիք»

Իտալիա պաշտօնական այցելութեան  ծիրին մէջ  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  այցելած է Վիթթորիանօ թանգարանային համալիր, ծաղկեպսակ զետեղած Անծանօթ  զինուորի յուշարձանին, ապա տեսակցած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ: «Իտալիոյ նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է առ այն, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն ետք Հայաստան կը շարունակէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու  զարգացման միտուած քայլերը եւ աւելցուցած, որ այդ անդամակցութիւնը նաեւ նոր հեռանկարներ կը...

Բագրատունի Ընդունեց Ժըրէյժն Ու  Դեսպան Տ՛Արակոնը

Բագրատունի Ընդունեց Ժըրէյժն Ու Դեսպան Տ՛Արակոնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց փաստաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժըրէյժը` ներկայութեամբ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու սենտիքային հետ կապուած խնդիրներն ու ընդհանրապէս արդարադատութեան մարզի դժուարութիւնները: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Փաստաբաններու սենտիքային մէջ կայացած ձեռնարկին լոյսին տակ, լայնօրէն քննարկուեցաւ այս ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւններու կարելիութիւններն ու այդ ուղղութեամբ Լիբանանի հայութեան ակնկալութիւնները: Նաեւ` Մալթայի...

Եւրոպական Պետութիւններու Դեսպանատուներու Դէմ Կատարուած Ցոյցերու Շարքին`  ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները  Ցոյց Մը Կատարեցին Գերմանիոյ Դեսպանատան Դիմաց

Եւրոպական Պետութիւններու Դեսպանատուներու Դէմ Կատարուած Ցոյցերու Շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները Ցոյց Մը Կատարեցին Գերմանիոյ Դեսպանատան Դիմաց

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց կատարուած ցոյցերէն ետք, երէկ, կէսօրին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան  100 անդամներ քաղաքակիրթ խաղաղ ցոյց մը կատարեցին Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան դիմաց` պահանջելով, որ Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմինը` Պունտեսթակը որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք  մը: Ցուցարարները Պերլինի իշխանութիւններէն պահանջեցին նաեւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ձեռնարկէ...

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին`  Բացում` Արուեստագէտ  Լիւսի Թիւթիւնճեանի  Գործերու Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին` Բացում` Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի Գործերու Ցուցահանդէսին

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, արուեստագէտներու, պաշտօնական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի, նախկին նախարար Ռէյմոն Աուտէի, Հայաստանի Հանրապետութեան...

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սերունդը Պատասխանատու Է Հայ Դատի Պայքարը Եւ Պահանջատիրական Ոգին Փոխանցելու Երկրորդ Հարիւրամեակին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ

«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սերունդը Պատասխանատու Է Հայ Դատի Պայքարը Եւ Պահանջատիրական Ոգին Փոխանցելու Երկրորդ Հարիւրամեակին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ նախաձեռնուած դասախօսութեան մը շրջագիծին մէջ Պէյրութ այցելած եգիպտացի պատմաբան, համալսարանի դասախօս դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ այցելեց «Ազդակ» օրաթերթ, ուր ան ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ Հայ դատի մասին իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն, արաբական աշխարհին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցին, շրջանին մէջ իսլամական խալիֆայութիւնը վերականգնելու թրքական երազին, ինչպէս նաեւ` Հայոց...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ղեկավարը  Տեսակցեցաւ Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ղեկավարը Տեսակցեցաւ Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ

Միջազգային դրամական ֆոնտի հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Մարք Հորթոն երէկ տեսակցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին հետ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան  ներկայացուցիչներուն հետ համակողմանի քննարկումներէն ետք Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայ առաքելութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ  ընդունած է Միջազգային դրամական ֆոնտի հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Մարք Հորթոնի...

Պոլսահայ Թեկնածուն Կը Խոստանայ  «Օտարներու Ձայները» Լսելի Դարձնել

Պոլսահայ Թեկնածուն Կը Խոստանայ «Օտարներու Ձայները» Լսելի Դարձնել

Սելինա Էօզուզուն - Տողան Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին թրքական կուսակցութիւնները յստակացուցած են իրենց թեկնածուներուն ցուցակները: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը խորհրդարանի 550 աթոռներէն 268-ին համար կին թեկնածուներ առաջադրած է: Քիւրտ վեթերան եւ երիտասարդ քաղաքական դէմքերու կողքին ցուցակին վրայ ներառուած են տարատեսակ թեկնածուներ` ընկերվարականներ, բարեպաշտ իսլամներ, ազգային, կրօնական եւ սեռային փոքրամասնութեանց անդամներ: Հայ համայնքէն թեկնածու առաջադրուած են Կարապետ Փայլան...

Մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի Ուխտագնացութիւն-Երթը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի Ուխտագնացութիւն-Երթը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Երեքշաբթի, 7 ապրիլին, Այնճարի Մուսա Լերան յուշարձանին առջեւէն սկիզբ առաւ մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի ուխտագնացութիւն-երթը: Առաւօտեան ժամը 5:00-ին սկիզբ առած ուխտագնացութիւն-երթը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին: Մարզիկ Լեւոն Թաշճեան Այնճարէն սկսած իր ուխտագնացութեամբ անցաւ Զահլէի լեռներով, Թարշիշի վրայով հասաւ Պիքֆայա, ուր կանգ առաւ Պիքֆայայի Մեծ եղեռնի նահատակներու յուշարձանին մօտ: Իր յարգանքի տուրքը մատուցելէ ետք, ան ուղղուեցաւ դէպի Ռապիէ գտնուող թրքական...

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երեսուն տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հայանուն դաւադիրներու ձեռամբ առեւանգուած, ապա խոշտանգուած ու սպաննուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի վաստակը գնահատելու, անոր յիշատակը յարգելու համար կիրակի, 29 մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ: Հայորդիները դիմաւորուեցան Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեաններու տուտուկի նուագով: Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի կնոջ` Սոնայի, որդւոյն` Հրազդանի, դուստրերուն` Սալբիի...

Ակնարկ.  Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

Ակնարկ. Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

Ինքզինք աւելի օսմանցի, քան հայ զգալէ ընդամէնը մէկ օր ետք, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ես ըսած եմ, որ ինքզինքս հայ ըլլալէ աւելի օսմանցի կը զգամ: Ես ազգայնական չեմ, սակայն երբ 1915-ը նիւթ կը դառնայ, ես կ՛օգտագործեմ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է, որովհետեւ  ցեղասպանութիւն եզրը եւ 1915-ին տեղի ունեցածը կը համընկնին իրարու:...

Page 776 of 795 1 … 775 776 777 … 795

Արխիւներ