Երէկ` 8 յունիսին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի երկօրեայ ժողովը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ հիւրընկալուող յանձնախումբի ժողովին կը մասնակցին շրջանի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, Ղազախստանէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Հունգարիայէն եւ Խըրխըզիստանէն: Ժողովը, Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալայի առաջարկով, սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելով Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակը:
Այալա յայտնեց, որ նաեւ Վահան Յովհաննիսեանի աշխուժ աշխատանքին շնորհիւ աշխուժացաւ աշխատանքը Հայաստանի հետ: Մինչեւ օրակարգային հարցերուն անցնիլը, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Այալա անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: «Յոյսով եմ, որ կը հասնի այդ օրը, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը հաստատուի իրական խաղաղութիւն` Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Ընկերվար միջազգայնականը նաեւ հիանալի հարթակ է, նոր կարելիութիւն, որպէսզի մէկ սեղանի շուրջ իրենց տեսակէտները յայտնեն նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները», ըսաւ Լուիս Այալա:
Շրջանի տագնապներու խաղաղ լուծում, ժողովրդավարութեան ապահովում եւ ամրապնդում, ԱՊՀ, Կովկասեան եւ Սեւծովեան երկիրներուն մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական առաջնահերթութիւններ` այս հարցերը ընդգրկուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիւրընկալած ժողովի օրակարգին վրայ:
«Ընդհանուր առմամբ, պիտի անդրադառնանք ընթացիկ քաղաքականութեան հարցերուն, ընկերվար-ժողովրդավարական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ` անոնց յաղթահարման վերաբերեալ լուծումներուն: Վստահաբար, ամէնէն կարեւոր մասը կը կազմեն նոր աշխարհաքաղաքական` մասնաւորապէս, Ուքրանիոյ դէպքերը: Սակայն անկէ բացի, ԱՊՀ տարածքին մէջ ունինք շատ խնդիրներ, որոնք պիտի քննարկուին, անոնց կարգին` ղարաբաղեան տագնապը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:


