Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Լուիս Այալան

June 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-10-15_ayala-1Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց Ընկերվար  միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան, որ Հայաստանի մէջ  մասնակցեցաւ ՀՅԴ-ի հիւրընկալած Ընկերվար  միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի ժողովին:

Նախագահ Սարգսեան ողջունեց հիւրը Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ երեւանեան ժողովը յաջող ընթացք ունեցած ըլլայ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց ամբողջ աշխարհի մէջ  ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարներ դաւանող քաղաքական ուժերը միաւորող Ընկերվար  միջազգայնականի գործունէութիւնը, որուն հռչակած քաղաքական արժէքներն են` ազատութիւնը, արդարութիւնը եւ համերաշխութիւնը: Նախագահը ընդգծեց, որ այդ արժէքները հայերուն համար միշտ կարեւոր եղած են:

Ընկերվար  միջազգայնականի ընդհանուր  քարտուղարը գոհունակութեամբ խօսեցաւ ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին: Հակիրճ ներկայացնելով գործունէութիւնը  ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ  աշխատաւորական կուսակցութիւններու համաշխարհային կառոյց Ընկերվար  միջազգայնականի, որ կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն 152 անդամ կուսակցութիւններ եւ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, Լուիս Այալա ընդգծեց, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը Ընկերվար  միջազգայնականի անդամ ՀՅԴ-ի միջոցով տարուէ տարի կ՛ամրապնդուի:

Ան նշեց, որ կառոյցը իր համերաշխութիւնը յայտնած է ՀՅԴ-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման վերաբերեալ կուսակցութեան դիրքորոշումին հարցին մէջ` կարեւոր նկատելով երկրին մէջ բարեփոխումներու խորացումը եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման օրակարգին յառաջ մղումը:

Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, անդրադարձան` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի  հիմնախնդիրի խաղաղ ճամբով լուծման բանակցային հոլովոյթին, առկայ խնդիրներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հոլովոյթին:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի համար ամէնէն կարեւոր հարցերուն մէջ միջազգային տարբեր հարթակներու եւ կառոյցի անդամ կուսակցութիւններու երկիրներուն մէջ Ընկերվար  միջազգայնականի կառուցողական դիրքորոշման համար:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Այցելեց Հայաստան

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Պարտամուրհակներու Ժամը Հնչած Է

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.